Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Լոս Անճելըսէն նախկին պոլսահայ յայտնի բարերար ու համայնքային գործիչը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Սարօ Մարուքեան անդրադարձաւ ամերիկահայ կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքիս վերաբերեալ դիտարկումներուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականը մտահոգութեան պատճառ:
RUMVADER խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց՝ ընդգծելով ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Դարերէ ի վեր ժողովուրդները տգիտութեան զոհեր են. կը լռեն, կը հնազանդին. բայց օր մը կը մռնչեն անոր դէմ, եւ իրենց մարտիրոսութեամբը կը սրբեն անիրաւութիւններու եւ նախապաշարումներու հետքը, թէեւ անկարող ըլլան միահաղոյն արմատախիլ ընելու անիրաւութիւններն ու նախապաշարումները, որոնք շարունակ կը ծլին, եւ թէպէտ ոչ նոյն զօրութեամբ, սակայն բաւական ուժ ունին վերստին թունաւորելու եւ ապականելու ընկերութիւնը»։ Այսպէս կ՚ըսէ Սրբուհի Տիւսաբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ շաբթուայ սիւնակով գրած էի, որ Պոլսոյ մէջ հայերէնի օգտագործումը երբեմն ընկերային վերլուծութեան պատուհաններ կը բանայ դէպի ժամանակակից պոլսահայկական ինքնութիւն ու կեանք։
Բանն այն է, որ Պոլսոյ հայոց կողմէ հայերէնի օգտագործումը գրեթէ միշտ կացութենական է։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այսօր ժամանակները շատ փոխուած են։ 21-րդ դարը՝ գիւտարարութեան ժամանակաշրջանը, սրընթաց գնացքի մը պէս կ՚ընթանայ։ Մարդկութիւնը անդադար զարգացում ու յառաջընթաց կ՚ապրի, որու հետ միասին օր ըստ օրէ աշխարհի բնական պաշարները կաթիլ առ կաթիլ կը սպառին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօր, երբ կը թղթատէի դարձեալ «հին էջ»եր, հանդիպեցայ մեծ հօրս՝ Արտաշէս Գալփաքճեանի 4 նոյեմբեր 1914 թուակիր եւ վերոյիշեալ վերտառութեամբ «հին» բայց մշտանորոգ յօդուածին։
Յօդուածին բնատիպին կցուած է նաեւ Արտաշէս Գալփաքճեանի մէկ նկարը՝ որուն տակ աւելցուած է. «Տնօրէն եւ խմբագիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի, ուր կը գրէ տնտեսական եւ ընկերային յօդուածներ»։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ազգային մեր իրականութեան մէջ մինչեւ կուսակցութիւններու կազմաւորուիլը, ի հարկէ ունէինք դպրոցներ, թերթեր, հրատարակութիւններ, որոցմով ազգը կ՚ուղղուէր: Այդ էր նպատակը. արթնցնել ժողովուրդը իր թմբիրէն՝ կարելիութեան չափով ի հարկէ, մանաւանդ այդ դարաշրջանին գրել գիտնալն իսկ մտաւորական ըլլալ կը նշանակէր:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Արաբ մեծահամբաւ արուեստագէտ Տորէտ Լահհամ (բեմի անունով ճանչցուած որպէս Ղաուար Ալ Թոշէ) ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է երէկ՝ տարածելով տեսերիզ մը, ուր ան դառն երգիծանքով կը ծաղրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ սուրիական Կոլան նահանգը Իսրայէլի պետութեան տարածքային գերիշխանութեան կը պատկանի:
Ան տեսերիզին մէջ Թրամփի արարողութիւնը կապկելով, ամերիկեան աւանդական գլխարկով եւ Թրամփի ձեռագիրը որդեգրելով՝ կը ստորագրէ «փատաթուղթ» մը, որուն միջոցաւ Տորէտ Լահհամ ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգը կը փոխանցէ Մեքսիքոյի պետութեան՝ աւարտին շեշտելով, որ իր այս արարքը նոյնքան օրինական է, որքան Թրամփի որոշումը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մահմուտ Տարուիշը պաղեստինցի նշանաւոր բանաստեղծ մըն է: Ծնած է 1941-ին: Մահացած է 2008-ին: Անոր անունը սերտօրէն կապուած է յեղափոխական եւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մոսկուայի մէջ, վերջերս, մահացաւ հայագէտ, ռուսաստանցի գրող՝ Քիմ Պաքշի: Անոր անունը լսած ենք մեր պատանութեան տարիներուն, երբ Պաքշի ռուսական ամսագրերուն եւ թերթերուն մէջ յօդուածներ կը գրէր հայ ժողովուրդի, հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մասին։ Այդ յօդուածները, թարգմանուելով, կը տպագրուէին նաեւ Հայաստանի մամուլին մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

Թրքահայ Ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ այս շրջանին համայնքային վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներուն համար նախատեսուած է դասընթացներու շարք մը։ Այս ծիրէն ներս առաջին հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

Շաբաթավերջին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ծիրին մէջ ամբողջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութեան վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացէն ներս կազմակերպուած Վիեննայի վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ:
Նիկոլ Փաշինեան Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելէ վերջ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Արցախի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն՝ Բակօ Սահակեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019

Ս. Զատկի ընդառաջ քաղաքիս մէջ բարեգործական ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի կամաւորներու նախաձեռնութեամբ՝ նպաստելու համար օթիսթիք մանուկներու:
Հայաստանի «Իմ ուղին» մասնագիտական կեդրոնին աջակցութիւն կը ցուցաբերուի՝ յայտնի նկարիչներու ստեղծագործութիւններու վաճառքի հասոյթի տրամադրումով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019

Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ, Սպիտակ Ռուսիա, տեղի ունենալիք եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019

Հայաստանի Ծառատունկ (Armenia Tree Project (ATP)) բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Յակոբեան» բնապահպանական կեդրոնի համատեղ կազմակերպած եւ՝ «Գագաթաժողով յանուն անտառներու» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերի 20-23 թուականներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019

Երէկուան տեղեկան ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գրեթէ փոփոխութիւն մը չբերին թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Իսթանպուլի առաւել հայաբնակ շրջաններուն մէջ քաղաքապետարաններէ ներս ղեկի փոփոխութիւն չեղաւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019

Երէկուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրողներու շուրջ 85 տոկոսը։ Աւելի քան 45 միլիոն քաղաքացիներէ բաղկացեալ ընտրազանգուածի մը կողմէ արտայայտուած կամքը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան երթը։
Աք կուսակցութիւնը անընդմէջ 15-րդ անգամ առաջին հորիզոնականի վրայ դուրս եկաւ քուէարկութեան արդիւնքով: յառաջիկայ մօտաւորապէս չորսուկէս տարիներուն երկրի օրակարգէն դուրս պիտի ըլլան ընտրութիւնները: նախագահ էրտողան այս շրջանին կը նախատեսէ կեդրոնանալ բարեփոխումներու վրայ: Արդիւնքը թէեւ անփոփոխ պահեց ներքին քաղաքական ուժերու դասաւորումը, սակայն ընդդիմութիւնն ալ ունեցաւ ձեռքբերումներ: Մայրաքաղաք Անգարայի քաղաքապետութեան ղեկը անցաւ ՃՀՓ-ական Մանսուր Եաւաշին: Իսթանպուլի պարագային անհաւատալի մրցակցութիւն Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Պինալի Եըլտըրըմի միջեւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Յարատեւութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ հաստատ կամքով, առանց կասելու, առանց վհատելու եւ առանց յուսալքուելու նպատակ մը հետապնդելու ջանք։
Յարատեւութիւնը յաջողութեան առաջնակարգ պայմաններէն մէկն է. նպատակի մը հասնելու համար անհրաժեշտ հոգեվիճակ մը, տրամադրութիւն մը…։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հօրեղբօրս՝ Տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի Հալէպի բնակարանը թերեւս պէտք է համարել պզտիկ տուն-թանգարան մը: Հոն կան մեծաթիւ հայկական մամուլ եւ գիր, նաեւ՝ գեղանկարչական գործեր, որոնց մէջ իր անձնական գծագրական հաւաքածոն եւ շատ մը համաշխարհային վաստակ ստացած նկարիչներու գործեր՝ տարբեր երկիրներէ:

Էջեր