Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։
Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները առ ոչինչ։
Երեւան ապագային եւս պատրաստ կ՚ըլլայ յարաբերութիւններ հաստատել Անգարայի հետ՝ եթէ ըլլան առաջարկներ։

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018

Պատրիարքական Աթոռի ուշադրութեան առարկայ են՝ մեր հոգեւոր կարիքներն ու համայնքային կեանքի խաղաղութիւնը:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարութիւն մը ըրաւ Կէտիկփաշայի իրադարձութիւններուն շուրջ: Նորին սրբազնութիւնը կոչ կ՚ուղղէ արդարութեան ու ողջախոհութեան համար

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Քեզ ո­րո­վայ­նի մէջ չստեղ­ծած քեզ գիտ­ցայ, դուն Քու մօրդ ար­գան­դէն չե­լած քեզ սրբե­ցի» (Ե­ՐԵՄ. Ա 5)։
­Կան մար­դիկ, ո­րոնք կար­ծես նա­խօ­րօք ո­րոշ նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յե­լու, յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեան մը հա­մար ծնած են։

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Մա՛մ, որ­քա՛ն գե­ղե­ցիկ էիր, երբ ե­րի­տա­սարդ էիր:
Մայր ու աղ­ջիկ նստած հին լու­սան­կար­նե­րու ծրար­նե­րը կը թեր­թէին, երբ պա­տա­նու­հին տե­սաւ մօ­րը ե­րի­տա­սար­դու­թեան լու­սան­կա­րը: 

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած քայլերը պատճառ դարձան Սուրբ Քաղաքի երեք պատրիարքութիւններու բողոքին:
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները քանի մը օր փակ մնալէ վերջ վերաբացուեցան՝ քրիստոնեայ աշխարհի վառ ուշադրութեան ներքեւ: Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան արդիւնաւէտ համարեց ձեռնարկուած միջոցները, որոնց նպատակն է իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Միւլլէրի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է։ Տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Հայաստանի Ազգային ժողովը վաղը պիտի ձեռնարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան։ Նորանկախ պետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ բարեփոխեալ սահմանադրութիւններու հիման վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Պրեքսիթի անցումային գործընթացին մէջ Պրիւքսել-Լոնտոն տարակարծութիւններ:
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագրին առաջին տարբերակը:

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի սիրտին մէջ առ այսօր կանգուն է այն շէնքը, ուր աշխատած է հայ մեծ գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ Եղիշէ Չարենց: Տէրեան փողոցի վրայ յայտնի այդ սիւնազարդ շէնքին վրայ ցուցանակ մը կայ՝ «Այստեղ աշխատած է Եղիշէ Չարենց»:

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի 1 Մարտ 2008 թուականի դէպքերուն տարելիցը։ Ցաւալի ու ողբերգական իրադարձութիւններէն տասն տարի անց հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան կը հետեւի տարելիցին եւ այդ առթիւ փոխանցուած պատգամներուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Ինչպէս նախորդ գրութեան մէջ յիշած էի, թէ Մեծ պահքի քառասնօրեայ պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանը, մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիսական-արարողական կեանքին մէջ ամենէն գեղեցիկ, ամենէն պարզ, միաժամանակ ամենէն խորախորհուրդ ժամանակաշրջանն է:

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երախտագիտութիւնը մարդկային ազնիւ զգացում մըն է՝ որուն միջոցով բարեկամական կապեր իմաստ կը ստանան, եւ մարդկային յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ հետզհետէ կը զարգանան։ Արդարեւ, երախտագիտութիւնը սերտօրէն կապուած է մարդուս նկարագրին հետ, այնպէս որ արժանապատուութեան գիտակցութեան ստուգանիշը կարելի է համարել զայն։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր վաղը երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Արէտ-Մոնիք Երկանեան» սրահին մէջ պիտի բանայ ցուցահանդէս մը։ Ան մօտաւոր անցեալին Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպած էր իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը եւ կարճ ժամանակ անց հիմա երկրորդը կը բանայ Պաքըրգիւղի մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը յարմար դատեց լքել իր պաշտօնը:
Յարութիւն Շանլը հրաժարեցաւ՝ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հետ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը երեկոյեան պիտի այցելէ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին։ Հիւրընկալուելով տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ՝ նորին սրբազնութիւնը երեկոյեան ժամերուն Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ պիտի մէկտեղուի հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ երէկ դատուեցաւ Փրակի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ իր դռնփակ դատավարութիւնը, որու աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ։ Այս դատավճիռը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն բողոքին։ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն էր, որ Սալիհ Միւսլիմ ժամանակաւոր ձեւով պիտի ձերբակալուէր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

2018 Փետրուար 14 թուակիր նամակով մը աբբայ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Ճիաննի Ֆիրենցէի լերան «Սուրբ Մինաս (San Miniato al Monte) եկեղեցւոյ հազարամեակի ոգեկոչումներու ազգային յանձնախումբ»ին անդամակցելու պաշտօնական հրաւէր յղած է Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուրեանին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ բարձր մակարդակով նստաշրջանը՝ Ժընեւի մէջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սպանացի լրագրող Անտրէս Մուրենսան, որու հետ ունեցանք հաճելի զրոյց մը։ Անտրէս Մուրենսա 2005 թուկանէն ի վեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի քաղաքիս մէջ՝ ամուսնացած ըլլալով թուրք տիկնոջ մը հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

 Մեր համայնքէն յայտնի ու տաղանդաւոր բժիշկ մը բարձրացաւ գիտական աստիճանի գագաթին՝ տարիներու յամառ ու նուիրեալ աշխատանքով:
Վիրահատ Մանուկ Մանուկեան փրոֆեսէօրի կոչում ստացաւ՝ առողջապահութեան կալուածէն ներս դասուելով հեղինակութիւններու շարքին:

Էջեր