Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Նիսի ծուխէն ներս գայթակղութիւն:
Կողոպտեալ հովուատունին մէջ ջնջուած են Տ. Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեանի վերաբերեալ բոլոր հետքերը:
Ատրպէյճան 2012-էն ի վեր առաջին կարգի վրայ է Վրաստանի մէջ ներդրում կատարած երկիրներու շարքին:
Ըստ Ալիեւի, Պաքու-Թիֆլիզ գործընկերութեան բնոյթը տարածքաշրջանայինէն կը փոխուի դէպի համաշխարհային:
Հայաստան եւ Լիբանան ամուր քաղաքական կամքով կ՚որոնեն տնտեսական գործակցութեան զարգացում:
Դէպի Պէյրութ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ: Ջերմ հիւրընկալութիւն Անթիլիասի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին ուշագրաւ յայտարարութիւնները:
Ըստ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի, Նիսի մէջ հովուատան կողոպուտի ետին կանգնած են այն ուժերը, որոնք հաշտութեան համաձայն չեն: Ֆրանսական դատական իշխանութիւններու վճիռը կրնայ յստակացնել առկայ փուլին հարցականները:
Փոքրիկներու մանկութեան անբաժանելի մասը կը կազմեն տիկնիկները: Թէ՛ աղջիկ, թէ՛ տղայ երեխաները անոնց միջոցով կը սորվին խնամել, սիրել, պատժել, հոգ տանիլ: «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը կը ներկայացնէ զրոյց մը «Նանի-Զանի» տիկնիկներու հեղինակ Արմինէ Ապաճեանի հետ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխարհէն ներս եզակի յոբելեան մը կամ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու արդի դարուն մէջ արդէն աւանդութիւններ:
Tert.am յոբելեար կայքէջի խմբագրութեան ղեկավար Արամ Անտինեան վաղուան տօնական հանդիսութեան ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արեւելեան Կութայի պատերզամը կը շարունակուի: Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի շուրջ 400 հազար խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնող ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոն համարուող այդ քաղաքը դարձած էր սպառնալիք եւ տարբեր առիթներով յատկապէս «Հաուն» տիպի հրթիռներով տասնեակ քաղաքացիներ զոհ կը դառնային՝ տարբեր անուններ կրող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կեա՛նքի մասին է խօսքը, ընդհանրապէս կը մտաբերենք սա ճշմարտութիւնը, թէ՝ կեանքը անվերջ պայքա՛ր մըն է։ Մարդ, շատ անգամ տարուած կեանքի զբաղումներէ, կարծես չի՛ հասկնար կամ հասկնալ չ՚ուզեր, թէ ի՛նչպէս կ՚անտեսուի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, հոգեկան պայքարներու մէջէն անցնելով՝ մահուան վտանգներու դիմագրաւելը, ծանր հոգերու եւ պատասխանատուութիւններու ներքեւ գիշեր եւ ցերեկ ոգորիլը, չարչարուիլը եւ մաքառիլը։
Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընդհանուր ընթացքին:
Պապլէիթի օդակայանը բանակի վերահսկողութեան տակ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մենք աչք չունինք որեւէ երկրի տարածքին կամ ինքնիշխանութեան վրայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դատողութիւն» եւ «պատիւ». ահաւասիկ երկու արժէքներ, որոնք բանաւոր էակին՝ մարդուն էական յատկանիշներն են։ Դատողութիւնը, դատելու կարողութիւնը մարդուն յատուկ է, իսկ պատիւը, դարձեալ մարդուն բարոյական էութիւնը, արժանաւորութիւնը վեր պահող եւ ազնիւ հոգիի մը անհրաժեշտ տարրը, որ ընդհանրապէս կը յիշուի «մարդկային արժանապատուութի՛ւն»։
Forbes Club-ի քննարկման ընթացքին ձեռնարկատէր Ռուբէն Վարդանեան անդրադարձած է շարք մը հարցերու՝ սկսեալ հայկական մշակոյթէն եւ ընտանեկան փողերը ժառանգելէն, մինչեւ Ռուսաստանի ֆոնտային շուկայի մէջ իրավիճակի կանխատեսումէն:
Հայրենիքը հողն է, քաղաքը, գիւղը, տունը, լեզուն, մշակոյթը, մարդը… Ապրելով իր հողէն հեռու, մարդը կրնայ ունենալ ազգային ձգտումներ՝ ընտրելով գրիչը, բեմը կամ վրձինը…
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի 9-րդ անգամ կազմակերպուեցան։ Վարժարանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը, որոնց մասնակցեցան 13 միջնակարգերէ 39 աշակերտներ։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ պոլսահայ կրթական մշակներու աշխատանոց մը, որ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ:
«Թաթուլ Ալթունեան» եւ «Մարալ» համոյթներուն համատեղ ելոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Հովանաւորն էր բարերար Երկանեան ամոլը:
Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ու պարերու գագաթնային ձեռնարկը խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ռուս մէկէ աւելի պատասխանատուներ իրենց վրդովմունքը կ՚արտայայտէին Սուրիոյ կառավարութեան ցուցաբերած մօտեցումներուն մասին: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Աֆրինի դէպքերուն, ուր ըստ ռուսական աղբիւրներու, Պեշար Էսատի վարչակարգը «հլու եւ հնազանդ» չէր գտնուած եւ «խառնած էր» Աֆրինի համար նախատեսուած ծրագիրը:
Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան եւ Ռուսաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Վլատիմիր Սփիվաքովի ղեկավարութեամբ, այսօր ելոյթ կ՚ունենան Մոսկուայի Երաժշտութեան միջազգային տան մէջ: Համերգը նուիրուած է Մոսկուայի մայրաքաղաքի կարգավիճակի վերադարձման 100-ամեակին։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն ներս վերանուանում՝ ի յիշատակ մեծանուն մտաւորական Զապէլ Եսայեանի:
Համաշխարհային կանանց օրը այս տարի նշանաւորուեցաւ հայ մշակոյթի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս դարձեալ մտահոգիչ իրավիճակ:
Նիսի մէջ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի բնակարանին կղպանքը փոխուեցաւ՝ առանց զգուշացման:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան եւ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան. Քրիստոսի Եկեղեցւոյ երկու բարձրաստիճան տնտեսները, իրենց երկրաւոր կեանքը կնքեցին Մեծ պահոց ապաշխարութեան սուրբ շրջանին մէջ։
Երանաշնորհ հոգեւոր ծնողիս յիշատակին առջեւ արտասանած սրտի խօսքէս յետոյ ինծի համար քաղցր պարտականութիւն նկատեցի դարձեալ սրտի խօսքով յիշել Գարեգին Պատրիարքը, իր վախճանման քսանամեակին առթիւ։