Արխիւ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, երէկ, նախարարութեան մօտ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը The land of legends գրքին, որուն հեղինակն է եգիպտացի ակնաբոյժ Ռիհամ Աֆիֆի։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց համակրելի մեներգչուհի Սիպիլը, որ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Երեւանի մէջ։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Վաղը՝ Փետրուարի 26-ին, Երկրի բնակիչները կրնան եզակի աստղագիտական երեւոյթի հետեւիլ՝ արեւու օղակաձեւ խաւարման: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, արեւու օղակաձեւ խաւարումը տեղի կ՚ունենայ այն պահուն, երբ երկնակամարին վրայ կը կրճատուին Լուսնի եւ Երկրի մակերեւոյթի ստուերները:
Պրազիլիոյ Ռիօ տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ այսօր պաշտօնապէս կը բացուի հռչակաւոր քարնավալը: Աւանդական արարողութեան շրջանակներէն ներս քաղաքի խորհրդանշական, փայլուն քարերով զարդարուած բանալին կը յանձնեն Մոմօ թագաւորին՝ տօնի տիրոջը, որու դերին համար յատուկ դատակազմը ամէն տարի կ՚ընտրէ բարձրահասակ եւ գէր տղամարդ մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, այսօր Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցին պաշտօնական ճաշկերոյթով եւ արժանավայել յայտագրով պիտի տօնախմբէ շրջանի համայնքի 90-րդ եւ եկեղեցւոյ օծման 60-րդ տարեդարձները:
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ նոր կորուստներ տուին Սուրիոյ մէջ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից զինուորներ դարձան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) թիրախը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները համաձայնութեան հասան շարք մը խնդիրներու շուրջ:
Երեւան եւ Թիֆլիզ փոխադարձ ըմբռնումի մէջ են՝ Վերին Լարսի անցակէտի վերաբերեալ հարցերու պարագային:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ծաւալուած երկօրեայ խտացեալ քննարկումները եզրափակուեցան՝ պսակուելով յաջողութեամբ շնորհիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի իմաստուն կարգադրութեան եւ կշիռին։
Տեղապահի ընտրութիւն մինչեւ 15 Մարտ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտեան ժամերուն նոյն օդանաւով վերադարձան քաղաքս։
Փետրուարի 23-24-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան երեք եպիսկոպոսները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
«Բանը, որ էակից է Հօր, եւ համագոյ Ս. Հոգիին, մեր հողանիւթ բնութեան հետ խառնեց իր պատկերը եւ փառքով զարդարելով դրաւ հանգստաւէտ դրախտին մէջ։ … Հոն անխտրական ուրախութեամբ մարդը զուարճանալով կը ցնծար, որովհետեւ միշտ զԱստուած կը տեսնէր՝ դրախտ իջած»։
(Կանոն Բուն Բարեկենդանի)
Շարական
ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Ամէն տարուան սկիզբին բնական հետաքրքրութեամբ մը կը պրպտենք գալիք օրերուն տարեդարձներուն որակը։ 2017 տարին մեզի կը խոստանայ շարք մը տարեդարձներ՝ որոնց նշումը հաճելի անդրադարձներ կրնայ ունենալ տուեալ երկրին բնակչութեան վրայ։ Առայժմ, հայկական ոչինչ կայ այս տարեդարձներուն մէջ, այլ՝ որպէս պատմութեան եւ մշակոյթի «ուսանողներ», կ՚արժէ կարդալ տարբեր ժողովուրդներու անցեալին կապուած դէպքերուն մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքը զղջումի եւ խոստովանութեան շրջան մըն է՝ լաւագոյն առիթ մը հոգեպէս նորոգուելու եւ կազդուրուելու։
Վերջին շուրջ ինն տարիներու ընթացքին, երբ թափուր է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, կ՚երեւի՝ թրքահայութիւնը երբեք այսքան յոյսով չէր տոգորուած։ Այդ յոյսը դարձած է հասարակաց յայտարար մը՝ մեր համայնքին համար։ Համախմբող յոյս մըն է այս մէկը, մեր համայնքի անդամները միաւորող։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ո՛վ գիտէ՝ քանիերորդ անգամն է, որ կ՚այցելեմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կանոնաւոր պարբերութեամբ կու գամ այս նուիրական վայրը։ Իւրաքանչիւր անգամ ինքնանորոգ երկիւղով մը կը խոնարհիմ Միածնաէջ սուրբ խորանին առջեւ։
Սուրիոյ հիւսիսի Էլ Պապ քաղաքը ամբողջութեամբ ազատուեցաւ ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ հովանաւորուած Ազատ Սուրիոյ բանակը երէկ իր հակակշռին տակ առաւ քաղաքի կեդրոնը։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի կողմէ։