Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գլուխ գլխի:
Վեհափառ Հայրապետն ու Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները խտացեալ քննարկումներով կը ջանան ճանապարհ հարթել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին առջեւ: Բարի կամեցողութեամբ, շինիչ ու ծաւալուն քննարկումները յառաջ կը տարուին՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր կարգ ու կանոններու առանցքին շուրջ: Ժողովական հայրերը վաղը առաւօտ հրաժեշտ պիտի առնեն մայրավանքէն:
Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ երէկուան հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը՝ Զարգացող երկիրներէ ներմուծման խթանման կեդրոնին (CBI) աջակցութեամբ՝ Փետրուարի 25-ին Գերմանիոյ Նոյշտադ քաղաքին մէջ կը կազմակերպէ հայկական գինեգործական ընկերութիւններու մասնակցութեամբ MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցանակաբաշխութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին պիտի մատուցուին հայկական գինիներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կարելի է հանդիպիլ մարդոց՝ որոնք ամէն հարցի մէջ միջամուխ ըլլալու սովորութիւն մը ունին։ Ամէն ատեն, ամէնուրեք կարելի է տեսնել անոնք, որ տեւական «գաղափար» կը յայտնեն, շարունակ կը խօսին, կը քննադատեն, բայց երբ կարգը գործելու կու գայ՝ ո՛չինչ կ՚ընեն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ձկնորսը նստած է գետափին, կողքը լամբ մը, դոյլ մը, կարմիր հողով լեցուն թիթեղեայ տուփ մը, ուրկէ որդերը մէկ-մէկ գլուխ կը ցցեն ու կը մխրճուին հողին մէջ, կարթ մը, կեռիկներու տուփիկ մը ու իր հացամանը շարուած են: Յարմար տեղ մը ընտրած են ձկնորս բարեկամները իրեն համար ու սորվեցուցած, թէ ինչպէս պէտք է գործածէ կարթը ու այլ անհրաժեշտ բաներ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի կառավարութեան վերջին նիստերէն մէկուն ընթացքին քննարկման դրուեցաւ իւրայատուկ որոշում մը: Կառավարութիւնը որոշած է վաճառքի հանել պետական գանձարանի մէջ պահուող մարգարիտները, այն հիման վրայ, որ մարգարիտ պահելը արդիւնաւէտ ու նպատակայարմար չէ, քանի որ մեծ ծախսեր կը պահանջէ, իսկ թանկարժէք այդ քարը տարիներու ընթացքին կ՚ենթարկուի քայքայման, փճացման եւ չորացման, կը կորսնցնէ իր ապրանքային տեսքն ու արժէքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդանանց պատերազմը, ամբողջ ժողովուրդի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման իւրայատուկ տիպա՛րն է. ան, հոգեւոր ազատութեան, մարդկային արժէքներու, մշակոյթի՝ լեզուի, դպրութեան, հաւատքի պաշտպանութի՛ւնն է։ Արդարեւ, սխա՛լ է անիկա հասկնալ աշխարհային արժէքներուն նկատմամբ, քանի որ Վանդանանց ճակատամարտը բոլորովին գաղափարային, սկզբունքի հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներու պաշտպանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան արդար պայքա՛ր մըն է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ Ս. Վարդանանց տօնակատարութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը խորհրդակցի Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազաններուն հետ՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան լուրջ խնդիրներուն մասին:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս Թուրքիա ինքզինք կը դրսեւորէ չափազանց ապակառուցողական։ «Ռիա-Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան քննադատեց Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ աւելցուց, որ այդ մէկը ուղղուած է տարածքաշրջանի շահերուն դէմ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այլընտրանք չունին՝ բացի քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներէ»:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, դպրոցի ծնողաց միութենէն եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը՝ Բարեկենդանի եւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Տղաքը այս երկու տօներուն շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։
Երէկ, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ խանդավառ խրախճանք մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։
Այս շաբաթավերջին, Բուն Բարեկենդանին զուգահեռ Ֆէրիգիւղի Վարդանաց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պիտի նշէ իր տարեդարձը։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմաւորման 85-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, հովանաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան հայազգի Արթուր Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 22-ին։
Պուէնոս Այրէսի Սերվանթէսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ալեխանտրօ Տանտանեան:
Կան համազգային արժէքներ, որոնց կարելի է անդրադառնալ միայն մեծագոյն ակնածանքով, մաքրամաքուր զգացողութիւններով, անափ սիրով ու նուիրումով: Նման արժէքներու շարքին կ՚առանձնանայ մայրենի լեզուն: Իւրաքանչիւր անհատ թերեւս ունի մայրենիի վերաբերեալ իր ըմբռնումներն ու պատկերացումները, մայրենիի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու գիտակցումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ յետմիջօրէին, հայկական լրահոսին մէջ երեւցած որոշ շփոթէն ետք, յստակ կը դառնար, որ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Հինգշաբթի օր Մայր Աթոռ ժամանումը արդիւնքն է նախապէս եղած կարգադրութիւններու:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կէս գիշերին պիտի ուղեւորուի Երեւան եւ վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասած պիտի ըլլայ մայրավանք: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն եւ մշտապէս միասին է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ: Համայնքային զանազան շրջանակներ կը ջանան ներկայ փուլին իրենց մօտեցումներուն եւ սպասումներուն շուրջ տեղեակ պահել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ աղօթքով ու շինիչ յորդորներով հետամուտ է համերաշխ լուծում մը ապահովել՝ որպէսզի երեք սրբազանները փոխադարձ ըմբռնումով յառաջ տանին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց արարողութիւններուն։ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Եղիշէ Քհնյ. Նազարեանի։