Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան (ԹՄՄ) Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը, խորհր­դակ­ցա­բար Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան Վե­րա­կանգ­նու­մի ու միու­թեան շար­ժու­մին եւ ՌԱԿ-ի Հան­րա­պե­տա­կան վար­չու­թեան հետ, իր վեր­ջին նիս­տին ո­րո­շած է 50 հա­զար տո­լա­րի դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րել ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի մէջ զոհուած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ա­մե­րի­կեան հան­րա­յայտ երգ­չու­հի եւ դե­րա­սա­նու­հի Շեր (Շե­րի­լին Սարգ­սեան) Մա­յի­սի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեա­կը:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ա­մէն բան սկիզբ կ­­՚առ­նէր, երբ բրի­տա­նա­կան The Independant պար­բե­րա­կա­նը կը գրէր, թէ Նիւ Եոր­քի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ռու­տի Ճիւ­լիա­նի սէուտ­ցի իշ­խա­նէ մը 10 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ստա­նա­լու խոս­տում մը ստա­ցած էր: Սէուտ­ցի իշ­խա­նը, ո­րուն ա­նու­նը ցարդ կը մնայ ան­յայտ, Ճիւ­լիա­նիէն կը պա­հան­ջէր կա­րե­ւոր ճնշում­ներ ի­րա­գոր­ծել 2001 թուա­կա­նին Նիւ Եոր­քի Twin Tower-ի յար­ձակ­ման հետ սէուտ­ցի ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ա­ռըն­չու­թեան մա­սին բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը թաքց­նե­լու հա­մար:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ԱՔ կուսակցութիւնը շաբաթավերջի արտահերթ համագումարի արդիւնքին ընտրեց իր նոր ղեկավարը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կառավարութիւն կազմելու համար պաշտօնի կոչեց նորընտիր կուսակցապետը:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Կաթոլիկ, Ռուս եւ Ասորի եկեղեցիներուն կողմէ հիւրեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն զօրակցելու մասին:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան հա­ւաք։ Ան­մի­ջա­կան ու ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին 25-ա­մեայ, 40-ա­մեայ եւ 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս, Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի թա­տե­րա­խում­բը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քով մը։ Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ ալ հա­ղոր­դած էինք, Սա­րօ Սի­րա­կա­նեա­նի ջան­քե­րով վեր­ջերս Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի շար­քե­րէն ներս վե­րա­կեն­դա­նա­ցած է թա­տե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւան­դու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

​16-րդ Ա­սիա­կան ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը տե­ղի ու­նե­ցան 2010 թուա­կա­նին Կուանկ Զու, Չի­նաս­տա­նի մէջ: Գոր­ծի բե­րու­մով ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու քա­ղա­քը կը գտնուէի 15 Նո­յեմ­բե­րին: Քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րը լե­ցուն էին զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րով, ո­րոնք ե­կած էին աշ­խար­հի չորս կող­մէն, ներ­կայ գտ­­նուե­լու մար­զա­կան խա­ղե­րուն:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եր­բեք բա­ւա­րար չա­փով չենք խօ­սիր հայ դպրո­ցի էա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, նոյ­նիսկ ե­թէ ջո­ջա­կան եւ քաղ­քե­նի ա­կանջ­նե­րու հա­մար այդ ձանձ­րա­ցու­ցիչ կը հա­մա­րուի, ա­նոնք ըլ­լան միու­թիւն­ներ, ազ­գա­յին ա­ւա­զա­նէ հե­ռա­ցած «ա­կա­նա­ւոր» մտա­ւո­րա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն խաղ­ցող­ներ եւ կար­գա­խօս կրկնող­ներ, բազ­մա­նուն միու­թիւն­ներ, բա­րե­սէր հա­յա­սէր­ներ:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին միջվարժարանային յաջող նախաձեռնութիւնը:
Տասը դպրոցներէ աշակերտներ կը մասնակցին նախագծին, որ պիտի եզրափակուի յաջորդ շաբաթավերջի ներկայացումներով:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 9 Ապ­րի­լին Գեր­մա­նիան ներ­կա­յաց­նող հայ կռփա­մար­տիկ Ար­թուր Աբ­րա­համ Լաս Վե­կա­սի մէջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, իր կա­տա­րած ճա­կա­տու­մին ըն­թաց­քին մի­ջին կար­գի WBO-ի աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նի կո­չու­մը զի­ջե­ցաւ մեք­սի­կա­ցի Խիլ­պեր­թօ Ռա­մի­րէ­զին:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մի՛ թո­ղուք որ ձեր մտա­ծում­ներն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը մո­լո­րեց­նեն ձեզ։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, ա­հա­ւա­սի՛կ գա­րո՜ւն է՝ բնու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նա­ցեր է, ա­մէ­նու­րեք ու­րա­խու­թիւն, հրճուանք, խնդու­թիւն, ա­մէն ոք զուարթ ու շէն. եւ կար­ծես կեան­քը նոր կը սկսի։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րուեստ էքս­փօ-2016» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ձօ­նուած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի նոր կեդ­րո­նի մը, որ կը կո­չուի «Տա­շիր Սթրիթ»։ Հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի մեթր ընդ­հա­նուր մա­կե­րես ու­նի այս հա­մա­լի­րը, որ կա­ռու­ցուած է «Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բին կող­մէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րի հի­ման վրայ, Մով­սէս Յա­կո­բեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կեն տու­ժել նաեւ երկ­րի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Բե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, որ Գա­միշ­լիի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած է հայ մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ այ­սօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ կ՚եզ­րա­փա­կուի վա­ղը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հա­մա­տեղ տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ աշ­խար­հի 60 եր­կիր­նե­րէ ղե­կա­վար­ներ հա­մախմ­բած է Իս­թան­պու­լի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան Քա­զան քա­ղա­քին մէջ Մա­յի­սի 12-16 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Սամ­պո­յի Եւ­րո­պա­յի տղա­մար­դոց, կա­նանց եւ մար­տա­կան սամ­պո­յի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րուն Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցաւ իր լա­ւա­գոյն մար­զիկ­նե­րով:

Էջեր