Արխիւ
Երեւանի մէջ, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ երկու արուեստագէտներու՝ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին շրջագծով տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։
«Մարալ» միութեան համոյթը, անցեալ շաբթուան մէջ, պայրամի արձակուրդի օրերուն «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը ներկայացուց Երեւանի մէջ։ Երկրի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին ձօնուած «Իմ Հայաստան» փառատօնին շրջագծով, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառէն ներս շահեկան հաւաքոյթ մը:
Շնորհանդէսի ընթացքին հեղինակաւոր գիտնականներ բարձր գնահատեցին Արմաւենի Միրօղլուի աշխատանքը:
Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց, խոր ցաւով կը գուժէ դէպի յաւերժութիւն փոխանցումը թեմիս երկարամեայ եւ վաստակաւոր վիճակաւոր՝
Ֆրանսական «Շնայտէր էլէքթրիք» ընկերութիւնը կը ծրագրէ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:
Եթէ հաստատուին նոր փորձագիտութիւնները, ապա կրնայ փոխուիլ երկրի ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան համայնապատկերը՝ տարեկան 300 արեւոտ օրերու խոստացած հնարաւորութիւններով ու հեռանկարներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստախօսութեան պատճառով մարդ կը մեռնի՞։ Այս հարցումին սովորական եւ ժողովուրդի կողմէ ընդհանրապէս տրուած պատասխանը ծանօթ է մեր բոլորին։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ՚ըսէ. «Սուտէն ո՜վ մեռած է մինչեւ հիմա…»։ Այս է ընդհանուր կարծիքը։
ԲՐՇ. ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ
«Գլուխը պատուիրանին սէր է, ի սուրբ սրտէ եւ
ի մտաց բարեաց եւ յանկեղծաւոր հաւատոց»
Այս գեղեցիկ մտածումը առնուած է Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի գրած առաջին նամակի առաջին գլուխէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍԿ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իրաւունքի մասին խօսած կամ գրած ատեն մարդ կը շուարի, թէ ո՞ր իրաւունքի մասին պէտք է գրէ կամ խօսի: Որովհետեւ ամէն մարդ, ընդհանրապէս իրաւունքի մասին խօսելէ աւելի, իր սեփակա՛ն իրաւունքին պաշտպան փաստաբանը դարձած է ներկայ դարուս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկուան յօդուածով ներկայացուցինք այն ներքին հանգամանքները, որոնց հարթումով էր միայն, որ 63 միլիառ ամերիկեան տոլար պարտք ունեցող Լիբանանը պիտի կարողանար Եւրոպային կազ վաճառել ու տնտեսական իր հարցերը կարգաւորել:
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
20-րդ դարու 50-60-ական տարիներու թատերական աշխարհի չորսերն էին՝ հայազգի Արթիւր Ադամով (Յարութիւն Ադամեան, Թիֆլիզ 1901-Փարիզ 1976), Սամուէլ Պեքքեթ, Էօժեն Իոնեսքօ՝ Անհեթեթի թատրոնի երեք սիւները, եւ Պերթոլտ Պրեխտ՝ քաղաքական թատրոնի եւ ընկերվարական իրապաշտութեան թատերական դպրոցի հիմնադիրը, որուն հետագային պիտի միանար Յարութիւն Ադամեան՝ խզուելով անհեթեթի թատրոնէն: Արթիւր Ադամովի ծննդեան 115-րդ տարին ու մահուան 40-րդ տարելիցն է այս տարի, եւ այս առիթով՝ պարտք զգացինք հանրութեան վերյիշեցնել անոր գէթ ուրուագծային դիմաստուերը իր լուսնումութով:
Ախալցխաի քաղաքապետարանը հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կտուրի վերանորգման համար 10 հազար լարի յատկացուցած է: Ընդդիմութիւնը դէմ է տուեալ գաղափարին՝ պատճառաբանելով, որ իշխանութիւնը նախընտրական քայլ կ՚ընէ, աւելցնելով իրենց ընտրողներու թիւը:
Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց հարցերը միշտ առարկայ՝ պետական մարմիններու ուշադրութեան:
Երեւանի դպրոցներէն ներս երախաներու համարկման նպատակով ձեռք կ՚առնուին մասնաւոր քայլեր:
Starwood Hotels&Resorts միջազգային յառաջատար պանդոկներու ցանցը տեղեկացուց, թէ որոշած է մուտք գործել Հայաստանի շուկայ։ finance.yahoo կայքէջի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ այս ցանցը Հայաստանի շուկայ մուտք պիտի գործէ Երեւանի մէջ Alexander շքեղ պանդոկի կառուցմամբ։ Կը նախատեսուի, որ այս պանդոկին բացումը կատարուի 2017 թուականին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լոյսը եւ խաւարը, աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ գոյութիւն ունէր եւ մարդկային կեանքի վրայ ազդող, անոր ընթացք տուող երկու հակադիր ուժեր, զօրութիւններ են։ Լոյսը եւ խաւարը միշտ կար եւ միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ, քանի որ անոնք ստեղծագործութեան նախնական եւ էական տարրերն են։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ ծաւալուն աշխատանք:
«Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողովը արժանացաւ ուշադրութեան:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է յաջորդ ամիս։ Պաքուի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ պիտի մասնակցի Թրքական աշխարհի ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համաժողովին։
Թուրքիա հետզհետէ կը նուազեցնէ արտասահմանէն կախուածութիւնը՝ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս:
Փեքինի եւ Մոսկուայի հետ հաստատուած համագործակցութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ Անգարայի առջեւ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կանանց իրաւունքներու պաշտպանները շատ կը սիրեն օգտագործել այս ասոյթը. «Իւրաքանչիւր յաջող մարդու ետին կայ կին մը»: Թէեւ սրամիտներն ալ կ՚աւելցնեն. «Իւրաքանչիւր ձախող մարդու ետին կան երկու կիներ…»: Որո՞նք են բռնապետներու ետին կանգնող կիները:
ՆԱԶԱՐԷԹ
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16-ի օրը կը նշենք ծնըն-դեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայրենասիրական-ազատագրական վերածնունդին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն Ծերենցի (Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, 1822-1888)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յուլիսին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր «Այն ալ թինէ»ի նստավայրէն ներս կ՚ընդունէր երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: Հանդիպման ներկայ կ՚ըլլար Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ կողմերը հանդիպման աւարտին լրագրողներուն խօսելով, չէին թաքցներ մամուլին կողմէ աւելի վաղ «կարեւոր» համարուած հանդիպման բուն նպատակը:

