Արխիւ
«Ռիօ-2016»ի ողիմպիական խաղերուն մեկնելէ առաջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան խօսեցաւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընելիքներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին:
Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, Յուլիսի 14-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը՝ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Տանֆորտ վաղը շփումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։
Հաքքեարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ երէկ անջատողական ահաբեկչութեան ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամները յարձակեցան անվտանգութեան ուժերուն վրայ, որոնք կը վերահսկէին ճանապարհը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ մէկ անգամուան համար ետ կը քաշէ այն բոլոր դատերը, որոնք բացած է իրեն դէմ կատարուած անարգանքներուն համար։
Երեւանի մէջ ծագած դէպքերուն վրայէն վաղը երկու շաբաթ անցած պիտի ըլլայ։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին օրակարգը կը բնորոշուի մտահոգիչ իրադարձութիւններով։ Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կեդրոնացած է հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունի թաղամասէն ներս ոստիկանատան մը բռնագրաւումով պայմանաւորուած դէպքերու շարանը կը շարունակուի ամբողջ սաստկութեամբ։ Այս ժամանակաշրջանին, դժբախտաբար, լարուածութիւնը դարձած է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի գլխաւոր ստորոգելին։
Հանրապետութեան նախագահը վաւերացուց Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան նստաշրջանին որոշումները:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահն ու հիմնական հրամանատարները պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան տեսակցեցաւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտանի հետ, նաեւ Պեշթեփէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Ազգային մեծ ժողովի դիւանին անդամները
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրեմն կը շարունակենք հատուածներ ներկայացնել Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։ Հատուածներու նիւթն է՝ «չարին ծագում»ը։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական ցուցահանդէս մը։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթըն պաշտօնապէս դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն:
Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած թատրոն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս կը կարեւորուի Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սուրիոյ կարգ մը հայաշատ շրջանները։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն Սուրիայէ ներս ծագած ներքին պատերազմը չափազանց ծանր կացութիւն յառաջացուցած է այդ երկրի հայ համայնքին տեսակէտէ։
Վրաստանի կառավարութենէն հրաժարեցան երկու նախարարներ, որոնք իրենց պաշտօնները պիտի թողուն Օգոստոսի 1-ի դրութեամբ։
Անգլիական The Telegraph-ին հարցազրոյցը հայ ֆութպոլի մեծ աստղին հետ:
Հենրիխ Մխիթարեան կը ցաւի, որ վաղամեռիկ հայրը չի կրնար տեսնել իր ցուցադրած խաղը:
ԱՄՆ շուրջ 14 միլիոն տոլար յատկացուցած է Հայաստանի հանրային առողջապահութեան բնագաւառին:
Երեւանի մէջ հաստատուած տարրալուծարանները կը ներկայացնեն չափազանց կարեւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Վրթանէս Սաաթճըի մարմինը այս առաւօտ Իտալիայէն բերուեցաւ Իսթանպուլ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նախկին պոլսահայ Վրթանէս Սաաթճը եղած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Կեդրոնական վարժարանի եւ Կազդուրման կայանի բարերարը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Վոսփորի արեւելեան ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը կը շէննայ այս Ս. Պատարագներու մատուցմամբ։ Երէկուան երգեցողութիւնները գլխաւորեց Նշան Սրկ. Չալկըճեան։
Իրան կը պատրաստուի եռապատկել դէպի Հայաստան մատակարարած կազին ծաւալը։