Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ներքին թեմերու քահանայից տարեկան ժողովը։ Այսպէս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ համախմբուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 45 միաբաններ եւ 184 քահանաներ, որոնք հոգեւոր ծառայութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ շաբաթուան ամենէն յատկանշական իրադարձութիւնը կարելի է համարել «Երեւան էքսփօ» ցուցասրահին մէջ բացուած «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսն ու անոր կից՝ ֆորումը:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Ինչ լաւ եղաւ, երբ Սփիւռքի հայութիւնը արհեստական արբանեակներու միջոցով սկսաւ վայլել Հայրենիքի հեռուստակայանները: Սփիւռքաբնակ հայու բառապաշարը հարստացաւ, նախադասութիւններու շարահիւսութիւնն ու արտայայտութիւններու դարձուածքները առաւել կոկիկ դարձան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անտեսանելին տեսնել, անլսելին լսել, աննկարագրելին փորձել նկարագրել… այս բոլորը դժուար են, բայց ո՛չ անկարելի։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Խորհրդածութիւնը կը վերաբերի հայկական սփիւռքներու: Հայաստան առանձին պարագայ է: Այդ մասին ալ խօսողներ կան, պէտք է խօսուի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եղիա Մարգարէի մասին Աստուածաշունչ Մատեանի Գ Թագաւորաց գիրքին մէջ սապէս գրուած է.
«Եղիան Աքաաբին՝ որ Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր, ըսաւ.- Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ եւ անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի խմբավար Հրանդ Չիզէմճեանը, որուն կ՚ընկերանային Շմաւոն Տավուլճեան եւ Գլոտին Էժտէրեան։
Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի թատերախումբին երէկուան առաջին ներկայացումը փայլուն անցաւ:
Սարօ Սիրականեանի կողմէ բեմադրուած «Թիւ 5 խելագարը» յաջողութիւն արձանագրեց՝ արժանանալով թատերասէրներու ծափերուն:
Երեւանի Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ (ԳԱԿ) պաշտօնապէս բացուած է քանդակագործ, Ալեքսանդր Թամանեանի արձանի հեղինակ Արտաշէս Յովսէփեանի «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ հռչակաւոր արուեստագէտ, յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ օրերուն բարձր պարգեւի մը արժանի պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան կողմէ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է Շահան Արծրունին պարգեւատրել «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսաւոր ցերեկոյթ մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Մեծարման ցերեկոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Ճեմարանի դասախօսներէն Տ. Եղիշէ Ա. Քհնյ. Սարգսեանի, Պարգեւ Շահպազեանի եւ Պետրոս Պետիրեանի։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ բռնարարք մը կատարեց այն ցամաքուղիին վրայ, որ կը միացնէ Վանի Չալտըրան եւ Աղրըի Տողուպէյազըտ գաւառակները։ Ճանապարհի երթեւեկութիւնը արգելափակած ահաբեկիչները Սողուքսուի շրջանէն ներս հրկիզեցին տասն բեռնատարներ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի նախարարաց խորհուրդը այսօր կը գումարէ անդրանիկ ժողովը, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:
Նոր Սահմանադրութիւնն ու նախագահական դրութեան հաստատումը կը դասուին առաջնահերթ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ վերջերս կը փոխանցէին «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան կարեւորագոյն ղեկավարներէն համարուած Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինի սպանութեան լուրը: Բօթը կը փոխանցուէր նախ «Հիզպուլլահ»ի բանբեր հանդիսացող կայաններուն, ապա կը տարածուէր ամբողջ արաբական մամուլին կողմէ:
ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովին ընթացքին տարակարծութիւններու դրսեւորում:
Փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան Իսթանպուլի իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Իլհամ Ալիեւի անձնական պատասխանատուութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն շրջագծով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գարակէօզեան Տան յարակից կառուցուած երկնաքերը խորհրդանշական կոթող մըն է՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն համար վերջին տարիներուն կատարուած բարեփոխումներուն տեսակէտէ՝ որպէս շօշափելի արդիւնք։
Սահակեան-Նունեան լիսէի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւններու ծիրէն ներս:
Միջվարժարանային պատմուածքի մրցոյթը առիթ հանդիսացաւ մեր երիտասարդներու տաղանդի դրսեւորման:
Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Վերականգնումի ու միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ-ի Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն:
Հայկական արմատներով ամերիկեան հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) Մայիսի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Մայիսի 22-ին՝ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող ու դերասան Շարլ Ազնաւուր դարձաւ 92 տարեկան։ Այս առթիւ Շարլ Ազնաւուրի 92-րդ տարեդարձը հայաստանցի հանդիսատեսի կեանքին մէջ նշանաւորուեցաւ համերգով մը: Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ բացօթեայ համերգ մը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչին 92-ամեակին: