Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս տա­րուան ըն­թաց­քին շուրջ 650 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րած է Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն, լի­բա­նա­նա­հայ ու­սա­նող­նե­րուն եւ հա­մայն­քի կրթա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ այս շրջա­նին դար­ձեալ ծայր կու տան տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ։ ՆԱ­ԹՕ-ի խոր­հուր­դի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը այս ա­ռու­մով ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­սա­կան կա­ցու­թեան մը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած են։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Չե­խիոյ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­լա­տի նա­խա­գահ Եան Հա­մա­չէք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Հիւր խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու գործընթացը պիտի աւարտի այս Կիրակի:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ երկրի հառուստակայաններուն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Տո­հա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Քա­թա­րի է­միր Շէյխ Թա­միմ Պին Հա­մատ Էլ Սա­նիի կող­մէ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած ռազ­մա­վա­րա­կան բարձր կո­մի­տէի ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րե­ցին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնց ներ­կա­յու­թեամբ Թուր­քիոյ եւ Քա­թա­րի մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան 16 նոր հա­մա­ձայ­նագ­րեր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

ԵԱՀԿ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 22-րդ ժողովը Պելկրատի մէջ:
Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ կը սպասուի Մեւլիւտ Չավուշօղլու-Սէրկէյ Լաւրով տեսակցութեան:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Թոփ­հա­նէի «Թիւ­թիւն տե­փո­սու»ի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կա­տա­րուե­ցաւ «Ան­ձամբ կար­գադ­րե­ցէք» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նե­լու եւ հա­սա­րա­կաց յի­շո­ղու­թիւն մը կեր­տե­լու նպա­տակ­նե­րը հե­տապն­դած նա­խագ­ծի մը հի­ման վրայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է «Պա­պիլ» միու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պա­քու։ Նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րուե­լէն վերջ ան նախ այ­ցե­լեց Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թիւն, իսկ այ­սօր ալ կ՚անց­նի Ատր­պէյ­ճան՝ իր ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թեան առ­թիւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

​Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց շնորհաւորութիւններ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. նախագահեց Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ու­շագ­րաւ փո­փո­խու­թիւն մը կա­տա­րած է՝ նա­խակր­թա­րա­նի չոր­րորդ դա­սա­րա­նին պար­տա­դիր դա­սա­ւան­դուող «Մար­դու ի­րա­ւունք­ներ, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» ա­ռար­կա­յի դա­սագր­քին մէջ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած է այս փո­փո­խու­թիւ­նը, ո­րու հի­ման վրայ մար­դու ի­րա­ւուք­ներն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մա­նուկ­նե­րուն պի­տի բա­ցատ­րուի թրքա­կան, քրդա­կան, հայ­կա­կան եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հէ­քեաթ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

​Էրտողան-Օպամա հանդիպումը Անգարայի դիրքը ամրապնդեց Մոսկուայի հետ լարուածութեան շրջագծով:
Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւս Թուրքիոյ հաւանութիւնը կ՚ակնկալեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը օգտագործելու համար:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը հրա­ժեշտ կու տայ բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խրա­խու­նիին, ո­րու Ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կար­գը վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պէ­յօղ­լուի մէջ։ Մեր ամ­լա­ցած մշա­կու­թա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րով ան­փո­խա­րի­նե­լի է այս կո­րուս­տը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք սի­րե­լի­ներ, ո՜ր­քան ա­նի­մաստ եւ ն՛ոյն­քան ան­տա­նե­լի եւ յու­սա­հա­տա­կան պի­տի ըլ­լար կեան­քը՝ ե­թէ նպա­տակ մը չու­նե­նար։ Ար­դա­րեւ ա­մէն օր որ կ՚ապ­րինք, կը ծա­ռա­յենք նպա­տա­կի մը՝ հոգ չէ թէ չանդ­րա­դառ­նանք ա­նոր եւ ան­գի­տակ­ցօ­րէն զբա­ղինք մեր ա­ռօ­րեայ գոր­ծե­րով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

​Ե­րէկ, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը՝ ի նպաստ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի։ Հա­մա­նուն սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր դպրո­ցի Ծնո­ղաց միու­թեան եւ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը կը պատ­րաս­տուի այս շա­բա­թա­վեր­ջի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, այս Կի­րա­կի Գում­գա­բուի մէջ պի­տի սար­քուի Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ քա­րո­զիչ՝ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մը, գլխա­ւոր խմբա­գիր Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Այս առ­թիւ Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նին ներ­կա­յա­ցուց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջերս լոյս տե­սած «Գրատ­պու­թիւն եւ գրքա­րուեստ» հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան, նաեւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ ապրուե­ցաւ պայ­թում մը։ Պայ­րամ­փա­շա­յի մէջ պա­տա­հե­ցաւ դէպ­քը, ո­րու հե­տե­ւան­քով մէկ հո­գի վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Աֆղանիստանի խաղաղարար առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին նախարարներուն ժողովը:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Հայաստան յաջորդ տարի եւս պիտի շարունակէ «Վճռական աջակացութիւն»ը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի ղեկավարին հետ:
Էրտողան թէեւ երէկ չկրցաւ տեսակցիլ Փութինի հետ, սակայն Անգարա հետզհետէ կ՚ապահովէ միջազգային աջակցութիւնը՝ Մոսկուայի հետ առկայ ճգնաժամին շրջագծով:

Էջեր