Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կ՚ը­սենք ու կը լսենք, թէ ա­ռող­ջու­թիւ­նը կա­րե­ւո՛ր է մար­դուս հա­մար, եւ ա­ռող­ջու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ տե­ղը կու տանք կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար։ Բայց ընդ­հան­րա­պէս ի մտի կ՚ու­նե­նանք մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ շատ ան­գամ կ՚ան­տե­սենք հո­գիի ա­ռող­ջու­թիւ­նը՝ որ նո՛յն­քան կա­րե­ւոր է մար­դուս հա­մար, քա­նի որ մարդս մար­մի­նով եւ հո­գիով «ամ­բող­ջու­թիւն» մը կը կազ­մէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցուե­ցաւ «Կտոր մը կրակ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը, որ կազ­մա­կերպուած է Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մի եւ Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի պե­տա­կան ա­կա­դե­միոյ ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Նը-կա­րիչ­նե­րու միու­թեան եր­դի­քին տակ բացուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը հա­մա­տե­ղած է ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Չայ­քովս­քի» ե­րաժշ­տա­կան միջ­նա­կարգ մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի սա­նե­րը նուա­գե­ցին «Նուի­րէ կեանք» հիմ­նադ­րա­մի շա­հա­ռու ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար։ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նին ձօ­նուած մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, մե­ծա­նուն եր­գա­հա­նի Ե­րե­ւա­նի տուն-թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մեր­գը, որ ա­նուա­նուած էր «Յոյ­սի ե­րաժշ­տու­թիւն»։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

«Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի Տո­լափ­տե­րէի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ գի­տա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած էր 6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 60-րդ տա­րե­լի­ցին։ «Ի­րա­ւունք, մարդ, հա­սա­րա­կու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր վե­րո­յի­շեալ հա­մալ­սա­րա­նի Մար­դու ի­րա­ւանց ի­րա­ւա­բա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ու հե­տա­զօ­տու­թեան կեդ­րո­նին կող­մէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Ոչ եւս է հայ գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներէն մին՝ բանաստեղծ Չարեհ Խրախունի:
Ստեղծագործական վիթխարի ժառանգ մը թողած գրողը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ՝ բոլորի բիւր յարգանքով:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Լե­ւեն­տի «WYNDHAM GRAND» պան­դո­կին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ «Լոյս» երկ­շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նադ­րու­թեան երկ­րորդ տա­րե­դար­ձը։ Պա­րա­հան­դէ­սի ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած էր այս տա­րե­դար­ձի հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ա­ռա­ջին փու­լին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­­րուն յա­ջոր­դեց ճաշ­կե­րոյթ մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Ա­մե­նէն հին ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ այ­սօր մար­դոց հա­մար միշտ կեն­սա­կան ե­ղած է ըն­կե­րոջ մը, կամ ըն­կեր­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը: Փի­լի­սո­փա­ներ, տե­սա­բան­ներ եւ ըն­կե­րա­բան­ներ վա­ւե­րա­կան-ա­ռար­կա­յա­կան տե­սա­կէտ­ներ ար­տա­յայ­տած են:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ժա­մեր­գու­թիւն մը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­կաւ բնո­րո­շել մեր այս յատ­կանշա­կան սրբա­վայ­րի պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցու­մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

Հանրապետութեան նախագահը Ռուսաստանին խորհուրդ տուաւ՝ չխաղալ կրակի հետ: Փութին մերժեց Փարիզի մէջ Էրտողանին հետ տեսակցութիւնը: Մոսկուա որոշեց տարեմուտին դադրեցնել առանցվիզաներու մուտքի դրութիւնը: Չավուշօղլու եւ Լաւրով յառաջիկայ օրերուն կրնան տեսակցիլ Պելկրատի մէջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

​Մամետեարով կրկին պնդեց, որ Մոսկուա առաջարկներ ունի՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման համար: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պաքուի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ութ տա­րի ա­ռաջ իր կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ետք Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Թեհ­րան ժա­մա­նե­լով ու­նե­ցաւ կա­րեւո­րա­գոյն հան­դի­պում­ներ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Շէյխ Հա­սան Ռո­ւհա­նիի եւ գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­լի Խա­մա­նէ­յի հետ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

Գալ­ֆաեան տան մէջ վեր­ջերս հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Օ­րուան յայ­տագ­րին շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով, զորսձօ­նե­ցին ի­րենց ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կա­տա­րեալ գո­հու­նա­կու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար ե­րեք հիմ­նա­կան պայ­ման­ներ են՝ փնտռել, գտնել եւ պա­հե՛լ։ Ուս­տի մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն մար­զե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ են այս ե­րեք հիմնա­կան պայ­ման­նե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

​Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին դռները լայնօրէն բաց են պոլսահայ երիտասարդներուն համար: Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան մեր համայնքին հետ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ վեր­ջին օ­րե­րու խտա­ցեալ շփում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ այ­ցե­լեց Մոս­կուա, ուր Քրեմ­լի­նի պա­լա­տէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​Էրտողան միջազգային յառաջատար հեռուստակայաններէն հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով:
«Ներողութիւն պիտի չխնդրենք Մոսկուայէն, թող մեր ներողամտութիւնը խնդրեն անոնք, որոնք խախտեցին մեր օդային մարզը»:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­րոյն աշ­խար­հա­հա­յեաց­քով ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ մը հա­սած է այ­սօր։ Այ­սօ­րուան ե­րի­տա­սար­դը բո­լո­րո­վին տար­բեր տե­սա­րան մը կը պար­զէ ան­ցեա­լի ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին նկատ­մամբ։ Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նանք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Իս­թան­պու­լի Թէք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի Մաչ­քա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի «Մուս­թա­ֆա Քե­մալ» դահ­լի­ճին մէջ ե­րէկ երե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­հըլ Էլ-Պէյ­թի Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հասան Ախ­թա­րին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակնե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նա­խըն­թաց օր հա­մախմ­բուեցան Մաչ­քա­յի «Chocolate Bistro»ին մէջ։

Էջեր