Արխիւ
Փարիզի մէջ INALCO-ի հայկական ամպիոնին նախաձեռնութեամբ շահեկան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Տիգրան Պասկեւիչեան եւ «Վերսուս սթիւտիօ»ի ստեղծագործական խումբի իր գործընկերները խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն՝ Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած դէպի Սովետական Հայաստան ներգաղթի տարիները:
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան, ուր պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ներկայ ամսուան վերջաւորութեան պիտի այցելէ Հայաստան։ Սա պիտի ըլլայ իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
28 Մարտը կարեւոր թուական պէտք է համարել ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերջին հանգրուանի տոմարին մէջ: Այդ օր Մոսկուա ժամանեց ամերիկեան CIA-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն: Ճիշդ է, որ այցելութիւնը կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի այցելութենէն ետք, սակայն այս մակարդակի այցելութիւններ աչքի կը զարնեն, որովհետեւ գաղտնի սպասարկութեան գործիչներու միջեւ կայացած փոխհամաձայնութիւնները կ՚ունենան շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն, քան քաղաքական պատասխանատուներու իրականացուցած արդիւնքները:
Ուաշինկթընի Միջուկային անվտանգութեան Դ. գագաթաժողովը եզրափակուեցաւ յայտարարութեամբ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս շաբթուան սկիզբին պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Պարտիզակ եւ Արմաշ։ Դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ համակիրները մասնակցեցան այս ծրագրին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուան ընթացքին՝ Հայ Եկեղեցին «Խաւարման Գիշեր» կամ «Լացի Գիշեր» կը կոչէ Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող գիշերը։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պարաք Օպամա երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան Սպիտակ տան մէջ:
Իշիպ-ի ոչնչացման քայլերուն շուրջ խորհրդակցութիւն:
Հանրապետութեան նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ CNN հեռուստակայանի յայտնի աշխատակից Քրիստիան Ամանփուրին. «Թուրքիա մնաց առանձին»:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Սիվրիհիսարի քաղաքապետ Համիթ Եիւզիւկիւլլիւն։ Ան Գումգաբու փութացած էր Սիվրիհիսարի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն կապակցութեամբ տեսակցելու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Ա՜խ լեզուն, լեզուն.
լեզուն որ չըլլայ, մարդ
ինչի՞ պէս կ՚ըլլայ…»
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրիչը կ՚ըմբոստանայ արձանագրելու համար վախճանը այս պրիսմակէ թանկարժէք կեանքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք խորհա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, պահ մը գոնէ, կեանքի բազմատեսակ զբաղումներուն մէջ, տաղտկալի ապրումներուն ընթացքին, պա՛հ մը միայն, թէ՝ «Ի՞նչ է մարդը»։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ իրականացած է հայկական մշակոյթի շաբաթ, որուն ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ ձեռնարկներ՝ հայ եւ ճաբոնցի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովին եօթներորդ նիստը։
Պելժիոյ դատական իշխանութիւնները որոշեցին Սալահ Ապտիւսսելամը արտայանձնել Ֆրանսայի։ Ինչպէս ծանօթ է, Ապտիւսսելամ 13 Նոյեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ պատահած ահաւոր ահաբեկչական յարձակումներու գլխաւոր հեղինակներէն մին էր։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ տմարդի յարձակում մը իրականացուց Տիարպաքըրի Պաղլար գաւառակին մէջ։ Ժամը շուրջ 17.00-ին, ճանապարհին վրայ զետեղուած ռումբի մը հետեւանքով յարձակման ենթարկուեցաւ զրահապատ մինիպիւս մը, որ կը փոխադրէր ոստիկաններ։
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ:
Հայկական կողմին համոզմամբ, Պաքուի սադրանքները դարձած են օրինաչափութիւն:
Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ հայ-ամերիկեան օրակարգի բաղադրիչներու շարքին:
Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը ձգտին ջանքերը համատեղել՝ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման մթնոլորտին մէջ:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) համանախագահներէն Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութեան մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գտնուիլը կը նշանակէ Սփիւռքի մէկ մասին ներկայութիւնը։ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մուրատ Փափազեան նշեց, թէ լաւ երեւոյթ մըն է՝ համահայկական բնոյթով այդ կուսակցութեան կառավարութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալը։