Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

Պատմական ու մղձաւանջային գիշերէ մը վերջ, Թուրքիա այսօրուան այգաբացը դիմաւորեց անշրջադարձելիօրէն վերահաստատուած ազգային կամքի ամուր դրսեւումով։
Աշխարհի աչքին առջեւ կանխուեցաւ զինուորական յեղաշրջման փորձ մը: Զուգահեռ կառոյցին դաւադիր ծրագիրը ձախողեցաւ շնորհիւ պետական մարմիններուն եւ ժողովուրդին աննախընթաց դիմադրութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անզիջող եւ պաղարիւն դիրքորոշումով, նաեւ կուռ կոչերով երաշխաւորեց երկրին կայունութիւնն ու ներքին միասնականութիւնը։
Մայրաքաղաք Անգարայի, Իսթանպուլի եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ապրուեցան արիւնալի դէպքեր։ Ազգային մեծ ժողովի շէնքը եօթ ռումբերու թիրախ դառնալով կրեց աննկարագրելիօրէն ծանր վնասներ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այս առաւօտ ազատուեցաւ գերութենէ։ Ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը տէր կը կանգնին վարչակարգին։
Թուրք զինեալ ուժերէն հերձատիրական սակաւաթիւ խումբին հաշուարկները չարդարացան։ Բանակի վերնախաւէն շարք մը բարձրաստիճան դէմքեր ձերբակալուեցան։ Դատախազական կառոյցները ձեռնարկեցին լայնածաւալ հարցաքննութեան միջազգային ընտանիքը անվերապահօրէն կը զօրակցի իշխանութիւններուն։
Քաղաքիս հանրային փոխադրամիջոցները կը գործեն սովորական թափով, քանի մը բացառութեամբ։ Առօրեան բնականոն հունին վերադարձած է ահռելի ցնցումէն վերջ։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը վար­չա­ձեւ մըն է, որ ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գուի, կը թար­մա­նայ։ Մարդ­կա­յին մտքին մէջ որ­քան որ տա­րա­ծուին, ընդ­լայ­նուին ա­զա­տու­թեան սահ­ման­նե­րը՝ այն­քան նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­սուն­նայ զու­գա­հե­ռա­բար։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​14 ­Յու­լի­սին քա­ղա­քա­կիրթ մարդկու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը նշէ տօ­նը՝ ֆրան­սա­ցի­նե­րու կող­մէ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տա­ցու­մով ի­րա­գոր­ծո­ւած ­Պաս­թի­յի կոր­ծա­նու­մին։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ՈՒ­ՇԱԴ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ
ԳՆԱ­ԼԸ ԿՂԶԻԻ
ԿԱԶ­ԴՈՒՐ­ՄԱՆ ԿԱ­ՅԱ­ՆԻ
ՎԱ­ՂՈ­ՒԱՆ Ե­ՂԱ­ՆԱ­ԿԻ ՊԱՇ­ՏՕ­ՆԱ­ԿԱՆ ԲԱՑ­ՄԱՆ
Ա­ՐԱ­ՐՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ ՅԵ­ՏԱՁ­ԳՈ­ՒԱԾ ԵՆ՝
ԵՐԿ­ՐԻ Ի­ՐԱ­ԴԱՐ­ՁՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԲԵ­ՐՈՒ­ՄՈՎ։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Սա փրո­թո­քոլ ը­սուա­ծը վե­րին մա­կար­դա­կի եւ բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի ստա­խօ­սու­թիւն է, որ կը պատ­կա­նի նա­խա­գահ­նե­րու, վար­չա­պետ­նե­րու խա­ւին, վեր­ջա­պէս պե­տա­կան մա­կար­դա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կը ձեռ­նուին հրա­պա­րա­կաւ, ի հարկէ, բռնազ­բօ­սիկ կամ ա­րուես­տա­կան ժպի­տով, ի բաց ա­ռեալ կարգ մը «փո­քըր­ֆէյս»ե­րու, ո­րոնց ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կ՚եր­թայ ՌԴ­-ի Փութ­ին­ին...

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք Մա­ղա­քիա Ար­քեպս. Օր­մա­նեա­նի «Խոհք Եւ Խօսք»ի ԾԷ հա­տուա­ծը ներ­կա­յաց­նել։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

«Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով Երեւանի մէջ կը ցուցադրուին յայտնի դերասանուհիին ժապաւէնները:
Ժագլին Պիսէ նշեց, որ իր վրայ խոր տպաւորութիւն գործած են հիւրընկալութիւնն ու ջերմութիւնը:

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­լիս 13-ին կը նշենք ծննդեան ութ­սու­նա­մեա­կը ժա­մա­նա­կա­կից հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ­նե­րէն Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի (1936-2014), որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ՝ 22 Մա­յիս 2014-ին իր մա­հա­ցաւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։

 

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ան­ցեա­լի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նալ, մա­նա­ւանդ ան­ցեա­լը ար­ժա­նա­հա­ւատ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու վկա­յու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րել եւ դի­տել, նկա­տե­լի է, որ ներ­կան շատ ա­ւե­լի հասկ­նա­լի եւ դիւ­րու­թեամբ ըմբռ­նե­լի կ՚ը­նէ, քա­նի որ ան շատ ա­ւե­լի յստակ կը տես­նուի։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով է որ ան­ցեա­լին պէտք է կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յուի։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

Սեպ­տեմ­բեր 17-ին, ժա­մը 11.00-19.00-ի մի­ջեւ, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մը կը կազ­մա­կեր­պէ իր ա­ռա­ջին հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նը:

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ դէ­պի Պա­քու պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Փո­րո­շեն­քօ այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը չի ճանչ­նար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը ու կ՚ող­ջու­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի նման դիր­քո­րո­շու­մը Խրի­մի հար­ցին շուրջ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պա­քուի մէջ Ա­լիե­ւի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Փո­րո­շեն­քօ ը­սաւ.

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան ձիւ­նա­հա­լի մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­րե­ւոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի Մոս­կուա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թեր եւ ա­նոնց շուրջ Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

​Ֆրանսայի Ազգային տօնին օրը երկրի հարաւին ապրուեցաւ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը. 84 զոհ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր։
Փարիզի դէպքերէն վերջ թիրախ դարձաւ Նիսը։
Փրոմէօնատ տէ զ՚Անկլէ ծովեզերեայ պողոտային վրայ, հռավարութեան ընթացքին մեծ քամիոն մը խուժեց ներկաներուն մէջ ու 2 քմ. յառաջացաւ կրակ բանալով բոլորին վրայ։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Բարի օրինակներ դաստիարակութեան գծով» խորագրեալ համագումար մը կազմակերպուեցաւ:
Հաստատութեան հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանին նորաստեղծ կրթական յանձնախումբը համախմբեց համայնքային վարժարաններու կրթական մշակները: Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս համախմբուածները հետեւեցան երկօրեայ ծրագրի մը, որու շրջագծով հեղինակաւոր մասնագէտներ ներկայացուցին

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան ներ­կա­յիս դար­ձեալ կ՚այ­ցե­լէ քա­ղաքս։ Ըստ ան­պաշ­տօն աղ­բիւր­նե­րէ մե­զի հա­սած լու­րե­րուն, ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նայ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քի կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին 13-րդ փա­ռա­տօ­նը, որ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հին կող­մէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016

Պրիւք­սե­լի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-Ռու­սաս­տան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած էր այս խոր­հուր­դը, սա­կայն 2014 թուա­կա­նէն ի վեր ա­նոր աշ­խա­տան­քը ընդ­հա­տուած էր՝ Խրի­մի՝ Ռու­սաս­տա­նին կցուե­լուն հե­տե­ւան­քով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016

ԱՔ Կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն 110-րդ ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն վերջ, Թուրքիա կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել նաեւ Սուրիոյ հետ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան ձիւ­նա­հա­լի մթնո­լոր­տին մէջ, Մոս­կուա­յի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Ան­գա­րա­յի կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ՝ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բնա­կա­նոն հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Էջեր