Արխիւ
Ըստ Travel.ru զբօսաշրջային ծառայութեան հետազօտութեան, թէ 2015 թուականին ԱՊՀ-ական երկիրներուն մէջ ո՞ր ուղղութիւններուն նախապատուութիւն տուած են ռուս զբօսաշրջիկները: Վարկանիշը կազմուած է ԱՊՀ-ական հիւրանոցներուն մէջ այս տարուան ընթացքին ռուս զբօսաշրջիկներու ըրած նախնական պատուէրներու տուեալներով: Խօսքը այն զբօսաշրջիկներու մասին է, որոնք ճամբորդած են որպէս անհատներ։
Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ շքեղ համերգով մը։ Գեղարուեստական ղեկավար Եդուարդ Թոփճեանի մականին ներքեւ տեղի ունեցաւ այս ելոյթը, օտար հեղինակաւոր արուեստագէտներու ալ մասնակցութեամբ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Ֆրետերիք Օթթօ Պիէրվիրտի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Լենա Հալաճեան։
Կիւմրիի մէջ, անցեալ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամը սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատահոգեբանական եւ դատահոգեբուժական համալիր փորձագիտութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի զինուորական ռազմախարիսխէն ներս տեղի կ՚ունենայ փորձաքննութիւնը, որուն ներկայ կը գտնուին Աւետիսեաններու փաստաբանները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Մերքէլ զրուցեցին սուրիացի գաղթականներու կացութեան շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Անգարայի մօտեցումները:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներէն բաղկացեալ խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի կողմէ։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իրականացնել տմարդի բռնարարքներ, որոնք բովանդակ երկրին մէջ կը յառաջացնեն ցասում։ Մինչ ժողովուրդը միահամուռ ձեւով կը պախարակէ ահաբեկչութիւնը, երէկ, դժբախտաբար դարձեալ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրեր հասան Հաքքեարիէն եւ Մարտինէն։
Ռուսահայ յայտնի գործարար Լեւոն Հայրապետեան ազատուեցաւ տնային կալանքէ։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր ան դատական որոշումով տնային կալանքի տակ կը գտնուէր «Պաշնէֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերու վերաբերեալ ապօրինութիւններուն շրջագծով իրեն վերագրուած պնդումներուն բերումով։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը երէկ ձեռնարկեց իր 70-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Տարեկան շրջափուլին մեկնարկը ազդարարեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ման Քի Մուն եւ դանիացի դիւանագէտ Մոկենս Լիքէթոֆթ, որ անցեալ Յունիսին ընտրուած էր նախագահ։
«ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուր հարցեր, ըստ աւանդութեան, անկեղծ ձեւով»։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Իրադրութիւնը սրելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձերը՝ միջազգային հանրութեան համարժէք հակազդեցութեան բացակայութեան պարագային յղի են ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ապակայունացման»։
Տուշանպէի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան գծով անհանգստութիւն յայտնուեցաւ կառոյցի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս չկարգաւորուած հակամարտութիւններուն շուրջ եւ անթոյլատրելի համարուեցան նոր բաժանարար գիծերն ու փակ սահմանները։
Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան նշանակուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ:
«Հոգեւորականի առաջին բարենիշը անոր նկարագիրն է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Անրի Ֆան Թիէկըմը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց պելժիացի դիւանագէտը եւ գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան թրքահայ համայնքային կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Անգլիոյ ռազմական նուագախումբը այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան եւ շարք մը համերգներով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով առաջին համերգը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Կասկատի մէջ։
Աշնան շրջանին Երեւանի մէջ իրերայաջորդ կը կազմակերպուին շարք մը հետաքրքրական ցուցահանդէսներ, որոնք գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Այսպէս, Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառի երդիքին տակ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեամբ բացուեցաւ «Արդիականէն-գերարդիական» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որու կազմակերպիչն է «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հիւանդները բուժեցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, ինչ որ եկեղեցին ընդունած է որպէս յանձնառութիւն Տիրոջմէ եւ կը ջանայ իրագործել զայն թէ՛ այն խնամքներուն շնորհիւ՝ որոնք կը մատակարարէ հիւանդներուն, թէ՛ անոնց ընկերակցող բարեխօսութեան աղօթքով։ Ան կը հաւատայ կենսագործ ներկայութեան Քրսիտոսի՝ բժիշկ հոգիներու եւ մարմիններու։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղը վերջերս մասնակցեցաւ միջազգային հետաքրքրական գիտաժողովի մը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-Եւրոպան Փարիզի մէջ իրականացուց եռօրեայ աշխատանք մը՝ հրեայ եւ ռոման համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Ծաղկաձորի մէջ մասնակցեցաւ «Լաւագոյն մարզական ընտանիք-2015» մրցոյթին։ Ծաղկաձորի ողիմպիական գլխաւոր մարզահամալիրէն ներս ան հետեւեցաւ մրցոյթի եզրափակիչ փուլի մրցումներուն եւ մրցանակաբաշխման արարողութեան։
Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ղազախիստան եւ Խրղըզիստան աշխատանքի ձեռնարկած են միասնական հեռուստաալիք մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ այս չորս երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է թրքերէն միասնական հեռուստակայան մը հիմնելու ուղղութեամբ։
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աշխատանքներ կը տարուին համատեղ դրամատուն մը հիմնելու ուղղութեամբ։ Երկու երկիրները արդէն բանակցութիւններու ձեռնարկած են այս նիւթին շուրջ։ Նոր ստեղծուելիք դրամատան մասնաճիւղերը պիտի գտնուին Պաքուի եւ Թեհրանի մէջ։