Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Տ. Կորիւն Արք. Պապեան։
Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութա յայտարարեց, որ իր երկիրը, ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, ջանքեր կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար։ «Ներկայիս մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը եւ աւելցուց, թէ միջնորդները բանակցութիւններ կը վարեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հետ՝ այս տարի նախագահներու մակարդակով հանդիպում մը կազմակերպելու առաջադրութեամբ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց երկրի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս Էրնէքեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Այս կարճատեւ շփումներուն շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ Փլաթինի յատուկ թռիչքով մը Երեւան մեկնեցաւ իր այս անպաշտօն այցելութեան համար։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) նախաձեռնութեամբ 2015-ի տարելիցին շրջագծով կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքը երէկ երեկոյեան հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ այս ձեռնարկին ներկայ էին Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Փրոֆ. Պիւլենտ Պիլմէզ, ինչպէս նաեւ այս զրոյցներու շարքի ծրագիրը համակարգած երկու անունները՝ Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան եւ Էօմէր Թուրան։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան կեդրոնին պահել Սուրիոյ հայութիւնը, որ աղիտալի պայմաններու ենթարկուած է այդ երկրի ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յառաջիկային պիտի այցելէ Սուրիա։ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի յանձնարարութեան զուգահեռ պիտի իրականացուի այս ուղեւորութիւնը՝ ծանօթանալու համար իրավիճակին ու մանաւանդ տեղւոյն վրայ ճշդելու համար սուրիահայութեան խնդիրներն ու կարիքները։
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազը անդրադարձաւ Տողու Փերիչէքի գործին:
Ըստ Գէորգ Կոստանեանի, հայկական հարցը առաջին անգամ քննարկուեցաւ իրաւական հարթութեան վրայ:
Սերժ Սարգսեան. «Եւրոպական օրակարգը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթաժողովին շրջագծով բուն իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան այսօր:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցան՝ դպրոցէն ներս կազմակերպուած բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան փառատօնին առթիւ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ օրուան յայտագիրը։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Պահչէգիւղ։ Տեղւոյն զբօսարաններէն մէկուն մէջ մեծամասնութիւնը Էսաեան վարժարանէ շրջանաւարտ խումբ մը տիկիններ անցուցին հաճելի օր մը։
ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ երեկոյեան նաւապտոյտ մը կազմակերպեց Վոսփորի մէջ։ Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին զուգադիպած այս ծովապտոյտին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նոյն կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ժողովուրդը, նախքան հաղորդուիլ, հոգեւորականին կը խոստովանի իր մեղքերը եւ թողութիւն կը խնդրէ։ Անոր համար կը կարդացուի բանաձեւուած մեղաներու երկար բովանդակութիւն մը՝ համրուած զանազան մեղքեր։ Մեղաներու այս բովանդակութիւնը անշուշտ չի պարունակեր բոլոր մեղքերը, անոնք միայն առհասարակ սովորական դարձած մեղքերն են, ինչ որ կարելի է այդ թուարկուածներէն զատ մեղքեր ալ գտնուին։
ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ կը շարունակէ իր նախընտրական քարոզարշաւը։ Այս շրջագծով ան երէկ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբ։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մշակոյթի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքը երէկ շարունակուեցաւ Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս տարի Պաքըրգիւղի ընտանիքը Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց «Երգ պանդուխտի»ն, որ պատրաստուած է հրապարակագիր Բագրատ Էսդուգեանի համանուն գիրքին հիման վրայ։
Առողջապահութեան նախարարութեան քննիչները մանրակրկիտ ընդհանուր քննութիւն մը կատարեցին Գթութեան յարկէն ներս:
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պարագային 98 առ հարիւր համեմատութեամբ յաջողութեան վարկանիշ մը սահմանուեցաւ: Մատուցուած ծառայութիւններու մասնագիտական արժեւորման արդիւնքը կ՚արդարացնէ հոգաբարձութեան կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնը եւ անձնակազմին զոհողութիւնները:
Պէյրութի մէջ հանդիսաւոր երեկոյթով մը տօնախմբուեցաւ Հայկազեան հայագիտական համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը։ «Ֆենիշիա էնթէրքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ սարքուած պաշտօնական ընթրիքին ներկայ գտնուեցան շուրջ չորս հարիւր յիսուն հիւրեր։
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր շփումները ունին անպաշտօն բնոյթ։ Երեւանի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Կապան-Գորիս ճանապարհի 30-րդ քիլօմեթրի հատուածին վրայ ուշագրաւ դէպք:
Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի ինքնաշարժին վրայ երէկ երեկոյեան կրակ բացուեցաւ:
Երէկ, Երեւանի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ սփիւռքահայ մտաւորական, գրականագէտ ու հրապարակագիր Երուանդ Ազատեանի։ Հայաստանի Գրողներու տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Ազատեանի ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներուն դէմ գործուած սահմռկեցուցիչ ոճրագործութեան քննութեան ընթացքին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դատախազը յայտնեց, թէ հայ եւ ռուս իրաւապահները աշխուժօրէն կ՚աշխատին, որպէսզի Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի դաժան սպանութեան հետեւանքով յառաջացած իրավիճակին մէջ գտնեն տարբերակ մը, որ համահունչ պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն։