Արխիւ
Անգլիոյ կառավարութիւնը Երեւանի մօտ նշանակեց նոր դեսպան մը. յանձինն՝ Ճուտիթ Ֆարնոյօրդի։ Այժմու դեսպան Քեթրին Լիչի փոխարէն ան պաշտօնի պիտի ձեռնարկէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պոլսոյ արտացոլանքներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը:
Նկարիչ ու կրթական մշակ Լեւոն Լաճիկեան լոյս ընծայած է նաեւ «Իմ Հայաստան» ժողովածուն:
Հայաստան կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն՝ երկրի սահմաններէն դուրս ծագած հակամարտութիւններու մեղմացման ու յաղթահարման նպատակով։ Ցարդ մասնակցած խաղաղարար առաքելութիւններուն մէջ Հայաստան արձանագրած է յաջողութիւններ եւ իր նպաստը բերած՝ համաշխարհային անվտանգութեան պահպանման։
Թեհրանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արտաշէս Թումանեան նախընթաց օր իր հաւատարմագիրը յանձնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին։ Այս առթիւ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Իրանի բարեկամական ու փոխշահաւէտ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի։
Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի տարեդարձի օրերուն միջնորդները տեղեկացուցին իրենց նոր ուղեւորութեան մասին:
Ըստ Ուորլիքի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը փափաքին աւելցնել իրենց հանդիպումներուն յաճախականութիւնը:
Երէկ, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւս մասնակցեցաւ նստաշրջանի Աֆղանիստանի վերաբերեալ ժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տավուտօղլու միեւնոյն ժամանակ առանձնազրոյներ ունեցաւ սոյն հաւաքին առթիւ Անթալիա այցելած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթէնպէրկի հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խորհրդածենք Յիսուսի յարութեան մասին, պահ մը խորհինք նաեւ մեր իւրաքանչիւրին կեանքը, ապրած ամէն մէկ օրը՝ նման չէ՞ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան խորհուրդին։ Արդարեւ ամէն օր երբ կը սկսի առաւօտուն եւ երբ կ՚արթննանք, մեզի համար յարութիւն մը չէ՞։ Նոր եւ նորոգուած հոգիով մը երբ կը սկսինք նոր օրուան, մենք զմեզ տարբեր տրամադրութեան տակ չե՞նք զգար։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հանովէրի անհատական ցուցահանդէսէն վերջ յայտնի արուեստագիտուհին Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Թենի Վարդանեան. «Հիմա կը խուսափիմ միջավայրերէն, մարդոցմէ, աղմուկէ, շատ խօսքէ, կ՚ուզեմ ըլլալ առանձին»։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 9-րդ անգամ կազմակերպուած է միջվարժարանային անգլիերէն բառախաղի (Scrabble) մրցոյթը։ Երէկ միջնակարգերու հանդիպումները տեղի ունեցան վարժարանի սրահին մէջ, իսկ այսօր տեղի կ՚ունենան լիսէինները։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Մեր վարժարաններուն մէջ գործող կամ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներ այս առաւօտ մասնաւոր փոխադրամիջոցներով Ֆէրիգիւղէն ճամբայ ելան դէպի Վոսփոր՝ Գալէնտէր թաղամասը, ուր «Գաղտնի պարտէզ» զբօսարանին մէջ կ՚անցընեն իրենց օրը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբին կողմէ խումբ մը։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքի գլխաւորութեամբ շիշլիցիները Նորին Սրբազնութեան բացատրութիւններ տուին ամսավերջին կայանալիք «Նորածագում» հաւաքոյթին շուրջ, որու պատրաստութիւնները յառաջ կը տարուին Նատիա Շատեանի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբին կողմէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն, որուն կ՚ընկերանային դպրոցի լեզուի բաժնին հետեւող աւարտական դասարանի սաները։
ԱԳ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանի թեկնածուն երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակներուն հետ մէկտեղուեցաւ «Elite World» պանդոկին մէջ:
Մարգար Էսաեան խանդավառ ելոյթով մը բացատրեց յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ իր մտադրութիւնները եւ սպասումները: Խրախուսական անկեղծ ու ջերմ խօսքեր արտասանեցին նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան:
Օփերայի յայտնի մեներգչուհի սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսով մը իր արուեստի համակիրներու դատին յանձնեց նոյնաժամանակ երեք ձայնասկաւառակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ամբողջ ստեղծագործական կեանքի մը փոքրիկ մէկ մասն է՝ հանրագումարի բերուած երեք ձայնասկաւառակի մէջ, ուր Արաքս Մանսուրեան լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինքը»։
Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կոչ ուղղեց, որպէսզի իր երկիրը վերատեսութեան ենթարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը։ «Ճէրուզալէմ փոսթ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Քնեսեթի նախագահը յարմար կը նկատէ, որ վերատեսութեան ենթարկուի Իսրայէլի դիրքորոշումը ըստ որու հայոց եղեռնը կը նկատուի մարդկութեան դէմ բարոյական բիծ մը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի պատմաբան Թանէր Աքչամի հետ։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Թանէր Աքչամին հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ Մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Թանէր Աքչամն ալ մաս կը կազմէ այս դատական նախաձեռնութեան համար ստեղծուած յանձնախումբին, իբր այդ սոյն տեսակցութիւնը ունեցած է աշխատանքային բնոյթ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանի սաները անցեալ շաբաթավերջին ուղեւորութիւն մը իրականացուցին դէպի Սիվրիհիսար եւ Էսկիշէհիր։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ գլխաւորուած խումբին կ՚ուղեկցէին նաեւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն դէմքեր։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ անցեալ շաբաթ Ֆլորիայի մէջ տիկնանց ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի նպաստ դպրոցին։ «Տէվէլի» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 250 հոգի։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին Մայրերու օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ եզակի հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, մանկապարտէզի փոքրիկները անմոռանալի օր մը պարգեւեցին իրենց մայրերուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած են Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած լողի մրցաշարքի արդիւնքին։