Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

Գալ­ֆաեան տան մէջ վեր­ջերս հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Օ­րուան յայ­տագ­րին շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով, զորսձօ­նե­ցին ի­րենց ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կա­տա­րեալ գո­հու­նա­կու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար ե­րեք հիմ­նա­կան պայ­ման­ներ են՝ փնտռել, գտնել եւ պա­հե՛լ։ Ուս­տի մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն մար­զե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ են այս ե­րեք հիմնա­կան պայ­ման­նե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

​Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին դռները լայնօրէն բաց են պոլսահայ երիտասարդներուն համար: Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան մեր համայնքին հետ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ վեր­ջին օ­րե­րու խտա­ցեալ շփում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ այ­ցե­լեց Մոս­կուա, ուր Քրեմ­լի­նի պա­լա­տէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​Էրտողան միջազգային յառաջատար հեռուստակայաններէն հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով:
«Ներողութիւն պիտի չխնդրենք Մոսկուայէն, թող մեր ներողամտութիւնը խնդրեն անոնք, որոնք խախտեցին մեր օդային մարզը»:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­րոյն աշ­խար­հա­հա­յեաց­քով ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ մը հա­սած է այ­սօր։ Այ­սօ­րուան ե­րի­տա­սար­դը բո­լո­րո­վին տար­բեր տե­սա­րան մը կը պար­զէ ան­ցեա­լի ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին նկատ­մամբ։ Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նանք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Իս­թան­պու­լի Թէք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի Մաչ­քա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի «Մուս­թա­ֆա Քե­մալ» դահ­լի­ճին մէջ ե­րէկ երե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­հըլ Էլ-Պէյ­թի Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հասան Ախ­թա­րին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակնե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նա­խըն­թաց օր հա­մախմ­բուեցան Մաչ­քա­յի «Chocolate Bistro»ին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ մտահոգութիւններու քննարկում:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի ելոյթը՝ կազմակերպուած Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի վերա­տե­սուչ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ փոխ-վե­րա­տե­սուչ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան այս ա­ռա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նէն ժա­մա­նեցին Իս­թան­պուլ։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) կրթա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէ­քի կող­մէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ «Վի­վա­սել» ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան նա­խըն­թաց օր «Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Տար­րա­կան կրթու­թե­նէն միջ­նակարգ անց­նե­լու ուղ­ղեալ կեդ­րո­նա­կան հա­սա­րա­կաց քննու­թեան՝ TEOG-ի շրջագ­ծով, «Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան յե­ղա­փո­խութեան պատ­մու­թիւն եւ Ա­­թա­թիւր­քա­կա­նու­թիւն» ա­­ռար­կա­յի հար­ցում­նե­րուն շրջագ­ծով ա­շա­կերտ­­նե­րուն ուղ­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ հար­ցում մը, ինչ որ այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի Թիֆլիզի մէջ քննարկեցին տարածքաշրջանի հրատապ խնդիրները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կը շա­րու­նա­կէ ի­րե­րա­յա­ջորդ գիր­քեր հրա­տա­րա­կել իր «Ար­­մաշ» մա­տե­նա­շա­րէն։ Այս ամբող­ջին մէջ, որ­պէս տաս­նե­րորդ հա­տոր լոյս տե­սաւ մե­ծա­նուն ար­մա­շա­կա­նի մը՝ Ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատրիարք Խա­չա­տու­րեա­նի «Սրբու­հի Սան­դուխտ Կոյ­սին թռչնիկ­նե­րը» ըն­դար­ձակ պատ­մուած­քը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Համազգային հանգանակութեան շարժում:
Այս տարի «Մեր տունը» կարգախօսով կազմակերպուած թելեթոնին հասոյթը պիտի յատկացուի բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանի կարիքը դիմագրաւելու նպատակին: Եւրոպայի աւանդական ֆոնեթոնի արդիւնքով ապահովուած միջոցներն ալ պիտի ուղղուին նոյն նպատակին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Պա­քու։ Սա նո­րան­շա­կան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան այ­ցե­լու­թիւնն է՝ Թուր­քիոյ 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մի հաս­տա­տու­մէն ան­միջա­պէս վերջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալպան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թիֆ­լիզ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ան ներ­կայ կը գտնուի Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րին մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ան­պաշ­տօն բնոյ­թով հան­դիպ­ման։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Սեր­պիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Պրա­թիս­լաւ Կա­շի­չի հետ, ո­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Փա­րի­զի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լը։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը աշ­խա­տան­քա­յին ընթ­րիք մը ու­նե­ցան Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ, նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ միաս­նա­բար յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցին Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չու­թեան զո­հե­րուն նկատ­մամբ։

Էջեր