Արխիւ
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքին ոդիսականը այս օրերուն առաջնահերթ ձեւով կը զբաղեցնէ հայկական հանրային կարծիքին օրակարգը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ վրայով լաստանաւով մը Յունաստան հասնիլ կը փորձէին Թէքէեան ընտանիքին անդամները։
Մեսուտ Պարզանի. «Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը չի փափաքիր հարեւան դառնալ ԻՇԻՊ-ի հետ»։
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելեն Պաղտատ։
Միջազգային յառաջատար դերակատարները խտացեալ ձեւով շփում կը պահեն Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հալէպահայ Արինա Թէքէեան (19 տարեկան) չորս ժամ լողալէ ետք փրկուած ու հասած է Իզմիր: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք մեր աղբիւրէն:
Անգարա-Մոսկուա լարուածութիւնը կ՚անդրադառնայ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն վրայ:
Ռուսաստան կ՚աշխուժանայ Իրաք-Սուրիա առանցքին վրայ:
Թուրքիա կը ջանայ աշխարհին ցոյց տալ Քրեմլինի բուն նպատակները: Վարչապետ Տավուտօղլու այսօր կը հիւրընկալէ Մեսուտ Պարզանին: Խոցուած ռուսական ռազմաօդանաւուն սեւ արկղը յանձնուեցաւ Վլատիմիր Փութինին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, թէ կեդրոնական վարչութեան բոլոր անդամները այս օրերուն մէկտեղուած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ յաւելեալ եռանդ մը կու տայ իրենց բոլորին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հպարտութեամբ կարելի է խոստովանիլ, թէ խստապահանջ նիւեորքահայ հանդիսատեսին կարելի եղաւ հրամցնել հայկական դասական մեր իրա՛ւ երաժշտութիւնը: Յայտագիրը նուիրուած էր Հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարեդարձին: Դասական երաժշտութեան կարեւոր անուններ այդ երեկոյ՝ Շաբաթ, Նոյեմբերի 21-ին,
Արմէն Ճիկարխանեանի թատերախումբը երէկ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
«Սրճարան «Կեանքը վարդագոյն լոյսի ներքեւ»» խաղը արժանացաւ ջերմ հետաքրքրութեան:
Կարսի Մշակոյթի եւ արուեստի միութեան նախագահ Վետաթ Աքչայէօզ յայտնեց, որ Անիի աւերակներուն մօտակայ Ալէմ գիւղի շրջակայքին յայտնաբերուած են ժայռապատկերներ, որոնց հաստատման համար դիմած են՝ տեղւոյն թանգարանի տնօրէնութեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ տարածուած Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի վերջին յայտարարութիւնը այսօր արձագանգ գտած է «Սապահ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքէն խումբ մը անհատներ վերջերս դատական մարմիններուն մօտ դիմում ներկայացուցած էին՝ որպէսզի Տիրամայր Մարի Մութաֆեան խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար, որ շուրջ ինն տարիէ ի վեր հիւանդ ըլլալով ի զօրու չէ կատարել իր պաշտօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ՝ կիրքերը ազդեցութիւն կը գործեն մարդուս առողջութեան վրայ։ Երբ կ՚ընդունինք կիրքերու ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ, ապա ուրեմն ի՞նչ է «կիրք»ը։ Ամենապարզ բացատրութեամբ՝ կիրքը հոգիին զօրեղ շարժողութիւնն է։ Եւ երբ որեւէ տպաւորութիւն, մարդուս մէջ սաստիկ կերպով կ՚արթնցնէ համապատասխան զգացմունքներ՝ որոնք մտքի ընթացքը յանկարծակի կերպով կը փոխեն, այդ ժամանակ նկատելի կ՚ըլլայ՝ «հոգեկան յուզում», այսինքն՝ կի՛րք. (Կիրք=emotion, affect)։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
(Կը նուիրեմ սիրելի աշակերտներուս՝ Սօսին, Արտեոմին, Ժիրայրին ու Վահրամին, որոնք երկրաշարժի ահաւոր աղէտէն ետք Մելգոնեան բերուեցան ուսում ստանալու)
Այսօր համայն հայաշխարհը կ՚ոգեկոչէ Սպիտակի ու Լենինական (Կիւմրի)ի երկրաշարժի 27-րդ տարելիցը։
Ռուսաստանի ուժանիւթի բնագաւառի հսկաներէն «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ներկայիս Իրանի հետ աշխատանք կը տանի Հայաստան կազ մատակարարելու փոխանակման գործողութիւններու հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ «Կազփրոմ» Ռուսաստանի բնական կազի պետական ընկերութիւնն է եւ անոր ղեկավարը՝ Ալեքսէյ Միլլէր Լիւքսեմպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Վրաստանի փոխ-վարչապետ, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Քախա Քալածէի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած համալիր հետախուզական միջոցառումներու շրջագծով ձերբակալուեցաւ Արմաւիրի մարզի բնակիչ Գարիկ Խաչիկի Մարուքեան (1977)։ Վերոյիշեալ միջոցառումներուն ընթացքին ապահովուած տուեալներու լոյսին տակ 4 Դեկտեմբեր 2015 թուականին ձերբակալուած է երկրի քաղաքացիներէն Գարիկ Մարուքեան, որ եղած է պահեստազօրի գնդապետ։
«Որքան որ հին է Եւրոպայի քաղաքակրթութիւնը, այնքան եւ հին են անոր հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կապերը»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համոզմամբ, նոր էջ մը կը բացուի Երեւան-Պրիւքսէլ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մէջ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երիտասարդը կիթառը ձեռքը առած կը հպի լարերուն։ Վարպետ հպումներու իբր հետեւանք գեղեցիկ, հայաբոյր երաժշտութիւն մը կը ստեղծագործէ մտքերու մէջ խորասուզուած այս պահուն։ Ան թռիչքով մը փոխադրուած է շատ գեղեցիկ վայր մը, ուր յաճախ կ՚այցելէր պատանութեան տարիներուն։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի կառավարութեան նորկառոյց մասնաշէնքը նշանակութիւն ունի թէ՛ վարչական եւ թէ ճարտարապետական տեսանկիւնէն:
Ընդարձակ համալիրը արդէն եկած է համալրելու մայրաքաղաքի համայնապատկերը՝ իր շքեղութեամբ, առանձնայատկութիւններով եւ լուսաւորութեամբ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս այցելեց Երեւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայ կազմը ընտրուած էր անցեալ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուած 11-րդ պատգամաւորական ժողովի արդիւնքին։
Միջուկային ծրագրին շուրջ Արեւմուտքին հետ համաձայնութեան հասնելէ վերջ՝ Իրան ներկայիս կը նախատեսէ բազմակողմանի քայլերու ձեռնարկել տնտեսութիւնը թափով զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ Թեհրան վերատեսութեան ենթարկած է արտասահմանեան ուժանիւթային ընկերութիւններու հետ պայմանագրեր կնքելու կարգը՝ փորձելով 30 միլիառ ամերիկեան տոլարի նոր ներդրումներ ներգրաւել։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր պաշտօնական այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Փեքին։ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցզինփինի հրաւէրին ընդառաջ տեղի կ՚ունենայ այս ուղեւորութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Միրզոյեան ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս կը մասնակցի Արցախի անկախութեան տարեդարձին ձօնուած եւ աւանդական դարձած տարեկան ձեռնարկին, որու ընթացքին հանդէս կու գայ ելոյթով մը։