Արխիւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Չինաստանի Ուհան շրջանին մէջ համաճարակի վերածուելէն ետք, «Քորոնա» ժահրին Իրանի մէջ յայտնուիլն ու Իրանէն եկած ճամբորդներուն մօտ ժահրի յայտնաբերումը պատճառ դարձան, որ անոր դրացի եւ ոչ դրացի երկիրները անմիջապէս փակեն անոր հետ օդային ու ցամաքային սահմանները: Իբրեւ հետեւանք, Իսլամական հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ միջազգային մեկուսացման մէջ:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Հնարաւոր չէ խօսիլ հայկական գեղանկարչութեան մասին առանց յիշելու մեծ Վարպետի՝ Մարտիրոս Սարեանին անունը:
Սակայն այսօրուան մեր նիւթին մէջ ո՛չ վերլուծումներ, ո՛չ բացատրութիւններ, ո՛չ ալ տեղեկութիւններ տեղ պիտի գտնեն Սարեանի գործերուն կամ գործունէութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Ա. Ամուրեանի «Հայոց առաջին պարբերաթերթը =Ազդարար= Խմբագիր՝ Յ. Քհնյ. Շմաւոնեան» խորագրեալ շահեկան յօդուածը՝ որ հրատարակուած է Յակոբ Այվազի՝ 1 մարտ 1980 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ։
Վեհափառը կ՚ընդգծէ ազգային դիմագիծը՝ աշխարհին լաւագոյնս ներկայանալու համար:
Մանկապարտէզներու տնօրէններէ բաղկացեալ խումբ մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Որակեալ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քահանայ Ֆէնէրճեան եւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։
«Արաս» հրատարակչութիւնը միջոցէ մը ի վեր գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «gülsün ağavni zilha» գիրքը, որու հեղինակն է Թոմրիս Ալփայ։ Անցեալ տարի «Եունուս Նատի» պատմուածքի մրցանակի դափնիին արժանացած գործ մըն է այս մէկը։
Հայաստան եւ Վրաստան առաջնահերթ կը համարեն տարածքաշրջանի խաղաղութիւնը՝ որպէս հարեւաններ:
Պաշտպանութեան նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ բանակցութիւններ վարեցին Երեւանի մէջ:
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ կրեց ծանր կորուստ մը։ Ոչ եւս է յայտնի յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան։ Ան 55 տարեկանին մահացած է՝ ետին թողլով վիթխարի աւանդ մը։
Զօհրապ Մնացականեան. «Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի առանց որեւէ սահմանափակման որոշելու իր քաղաքական կարգավիճակը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 43-րդ նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ժընեւի մէջ:
Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ դիմագրաւել շատ ծանր մարտահրաւէրներ։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իտլիպէն հասած լուրերը հերթական անգամ մեծ ցասում յառաջացուցին երկրին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նկատի ունենալով, որ միջոցէ մը ի վեր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները դադրած են, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վրաստանի վրայով կ՚ուղեւորուի Հայաստան։ Սա Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան շրջանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Ա. Ամուրեանի, 1 մարտ 1980 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ հրատարակուած «Հայոց առաջին պարբերաթերթը =Ազդարար= Խմբագիր՝ Յ. Քհնյ. Շմաւոնեան» խորագրեալ յօդուածը։
ԵՐԱՄ
Մարդիկ կ՚անցնին ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան ձեր առջեւէն։
Պէյրութեան ափին կանգնած էք դուք, քանի՞ դարէ ի վեր։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Արգիլուածին քաղցրութիւնը մղեց մարդը պատուիրանազանցութեան եւ դրախտէն արտաքսուեցաւ:
Գայթակղիչ է արգիլուածը, մանուկը նոյնիսկ կ՚ընդդիմանայ «ոչ»ին, «մի՛»ին. «Եթէ կ՚ուզես, որ մանուկը քու պատուէրդ կատարէ, ուզէ իրմէ հակառակը», ըսաւ ատենին մանկավարժ դասախօսս մանուկներու դաստիարակութեան առընչուող մէկ հարցիս ի պատասխան:
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ ուժանիւթի բնագաւառի էական բարեփոխումներ, որոնց համար անհրաժեշտ է առնուազն 2 միլիառ տոլար։ Նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ժամանակ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան յայտարարած է, որ առնուազն 2 միլիառ տոլարի պէտք ունի երկիրը՝ ուժանիւթի ոլորտի ազդեցիկ բարեփոխումներ կատարելու համար։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջոցառումներու յառաջիկայ ժամանակացոյցը:
Ժընեւի հանդիպումներուն առընթեր, Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճոզըֆ Պորելի հետ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ բանակցութիւններու երրորդ փուլը՝ Իտլիպի իրադարձութիւններուն շուրջ:
ԵՄ-ի անդամ տասնչորս երկրի արտաքին գործոց նախարարներ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը - Էրտողան կը պատրաստուի հիւրընկալել Փութինը:
Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցը կը մօտենայ։ 8 մարտ 2019 թուականին երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչուի իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Կրաէմ Միհանը, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանի առաքելութեան ստանձնման առթիւ։