Արխիւ
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի։
Անգամ մը եւս մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշալի Ս․ Ծնունդը եւ Աստուծոյ մարդկանց յայտնութիւնը կը տօնենք։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ եւ ուրիշ կերպով կը մեկնաբանուի խօսքը. «Ես Ինծի համար փառք չեմ փնտռեր», այսինքն՝ հիմա չե՛մ ուզեր բարձրանալ, որովհետեւ չարչարանքներէն առաջ անարգութիւն կը փնտռէր եւ ո՛չ՝ բարձրութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք խոհեմութեան անհրաժեշտութեան մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Արդարեւ, խոհեմութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է, որ մարդուս երջանկութեան պայմաններէն մին եւ կարեւորագոյնն է։
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ իր պատգամը, որ ուղղած էր համայն աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տաղաւարի առթիւ պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ նաեւ իր պատգամը:
Թրքահայութիւնը երէկ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտով թէեւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, սակայն, Ս. Ծննդեան աւետիսը թափանցեց մեր համայնքի անդամներու սիրտերէն եւ ընտանեկան յարկերէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքէն իջնող հրեշտակները Յիսուսի ծնունդը կ՚աւետէին հովիւներուն հետեւեալ բառերով. «Փա՜ռք Աստուծոյ բարձունքներուն, եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ Հովիւները անակնկալ այս տեսիլքի լուսաշող յայտնութենէն սթափելով, որոշեցին երթալ Բեթլեհէմ՝ այնտեղ տեղեկանալու կատարուած հրաշքի ստուգութեան։
2021 տարի առաջ փոքրիկ Բեթղեհէմ քաղաքէն քիչ հեռու հովիւներ բացօթեայ կը հսկէին իրենց հօտը՝ աստղազարդ երկնակամարին տակ հիանալով Աստուծոյ ստեղծագործութեան վրայ եւ փառք կու տային իրենց համեստ կեանքին համար: Վարժուած էին իրենց պարզունակ կեանքին, որուն այլընտրանքը չունէին արդէն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Տօն մը, որ աշխարհի չափ հին ալ է: Անկեղծօրէն եւ համեստ, ըսեմ, որ այս անգամ տողերս անգաղտնապահ բաներ ունին իրենց ետին, ու պիտի փորձեմ բարոյախօսութեան սահմաններէն դուրս գալով, անմեղ յուշերէս մէկն ալ ներկայացնել:
Եսայեայ մարգարէի այս յուսադրող խօսքերը աշխարհին բերելիք Աստուծոյ խոստումն է, որ կը յայտարարուի։ Փրկութիւն մը՝ որ ոչ թէ վերացական է, այլ՝ տեսանելի ու շօշափելի «Մխիթարանք-փրկութիւն» եւ «Փառք»։
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
2020 թուականը Երկիր մոլորակին համար խաղաղութեամբ, լոյսով, օրհնութեամբ զեղուն օրեր ու ամիսներ չբերաւ: Սաստիկ ձմեռ տիրեց ամբողջ տարուան վրայ:
Քրիստոսի Ծնունդը մարդկութեան հոգևոր էութեանը մէջ բացայայտուած գերագոյն ճշմարտութիւնն է՝ Աստուածայայտութիւնը։ Մինչ Քրիստոսի հրաշալի Ծնունդը մարդկութիւնը չկարողացաւ իր բանականութեամբ ինքզինք բարձրացնել այն մակարդակին, որով պիտի կարողանար ըմբռնել այն, որ մարդն ստեղծուած էր Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ իր մէջ կը կրէր աստուածային սիրոյ ու իմաստութեան ճառագայթումը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ահաւասիկ տարի մը եւս հասած է Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւար մը եւս, զոր առիթ կը ստեղծէ պահ մը հեռանալու աշխարհիկ մտածումներէ, վախերէ ու մտահոգութիւններէ եւ խոկմամբ փնտռելու Աստուածային ներկայութեան նշանակութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աստուածայայտնութեան տաղաւարը անգամ մը եւս կու գայ մեր սրտերը ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ համակել, յիշեցնելով Աստուծոյ յանձն առած գերագոյն զոհողութիւնը, որով կը յայտնուէր Իր անսահման սէրը, գթութիւնը եւ ողորմութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ 2020 թուականը շատ ծանր թուական մըն էր թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամբողջ աշխարհին համար։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իրեն, Թուրքիա կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ Ատրպէյճանի եւ Լիպիոյ մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Հայաստան։
Մոսկուա շահագրգռուած է Երեւանի հետ ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ ծրագրերը շարունակելով։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ ռազմական կեդրոնին, որ կը ստեղծուի դիտարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղէ ներս հաստատուած հրադադարի ընթացքը։
ՀԲԸՄ-ը եւ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը միասնաբար կ՚աշխատին՝ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու համար:
Առողջապահութեան եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններուն տրամադրուած պարագաներուն առընթեր, 16 թոն սննդեղէն կը բաժնուի երկրի ամբողջ տարածքի կարիքաւորներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ մարդուս հաւատքէն անբաժանելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ Աստուած Իր արարածներուն ամէն մէկ գործելուն մէջ Ի՛նք եւս կը գործէ։ Ինք առաջին պատճա՛ռն է, որ կը գործէ երկրորդական պատճառներուն մէջ եւ անոնց միջոցաւ. «Որովհետեւ Աստուած Ինքն է որ կը ներգործէ մեր մէջ թէ՛ կամենալը եւ թէ՛ գործելը ի նպաստ իր բարեհաճ ծրագիրներուն», կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՓԻԼ. Բ 13) եւ (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 6)։ Այս ճշմարտութիւնը փոխանակ նսեմացնելու արարածին արժանապատուութիւնը, ընդհակառակը՝ կը բարձրացնէ զայն։
