Արխիւ
Իմ գիտակից ամբողջ տարիքին, վաղ մանկութենէն սկսեալ, այս օրերուն տեսակ մը ոգեւորութիւն կը զգայի՝ շուտով Նոր տարի է, կ՚ըլլան նուէրներ, կը հանդիպիմ ընկերներուս, բարեկամներուս, դպրոց (համալսարան, աշխատանք) չ՚ըլլար, հանգիստ կը տրուիմ գիրքերուն։ Այդպէս էր ամէն տարի։
Ամանորի գիշերը Ջաւախքէ ներս պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ «www.tert.am»ի հաղորդումներով, Ամանորի գիշերը Ախալքալաքի մէջ 33 տարեկան հայ երիտասարդ մը սպաննուեցաւ։ Շրջանի բնակիչներէն մին յիշեալ աղբիւրին տեղեկացուց, որ տեղի ունեցած է բանավէճ մը, որուն յաջորդած է կրակոց մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Լաւրով անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տարեմուտի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Մոսկուա կ՚ամրապնդուի տարածքաշրջանէ մը ներս, ուրկէ ժամանակին կը փորձէին զինքը դուրս մղել:
Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կովկասի միջեւ բոլոր տեսակի իրավիճակներու կանխատեսման համար մեծ առաւելութիւն:
2021 թուականի սկիզբի դրութեամբ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան բնական կազի փոխադրութեան բնագաւառէն ներս։ Երէկ, Անդրադրիական (TAP) կազամուղ խողովակաշարի օգտագործումը սկսաւ պաշտօնապէս։ Այս խողովակաշարով Ատրպէյճանի բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։
Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2021-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։
«Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
Տարեմուտի առթիւ, Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կատարեց շարք մը հայրապետական այցելութիւններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Կոտայքի թեմէն ներս այցելեց Ծաղկաձորի ճամբարը, ուր ապաստանած են Արցախէն ընտանիքներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի սկիզբին առթիւ պատգամ մը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի պատգամը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարեմուտը եւս բնորոշուեցաւ աւանդական նռնօրհնէքով։ Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեան ներքեւ մեր համայնքը դիմաւորեց 2021 թուականը եւ այժմ բոլորը կը սպասեն զիրար ողջունելու Ս. Ծննդեան տօնական աւետիսով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կեանքէն տարեթիւ մըն ալ գլորեցաւ, անցաւ...
Լաւը, վատը մէկդի՝ պարտ ենք տարուան հրաժեշտ տալ եւ հրաժեշտի պահուն խոկում մըն ալ նուիրել ակնթարթներուն, անցեալ դարձած ցաւերուն, որոնք իրենց խորութեամբ անբաժան են մեզմէ, բայց պէտք չէ խախտել արարողակարգը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Երկու հազար տարի առաջ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ ծնած «Խաղաղութեան Իշխան»ը մարդկութեան նոր յոյս տուաւ: Մանուկ Յիսուսը մարդկութիւնը վեր հանեց իր ամենամութ, տկար ու անյոյս վիճակէն եւ բերաւ սէր ու խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ոսկերչութիւն ալ պիտի ընենք..., տուն նստիլը ինչե՜ր կը սորվեցնէ եղեր մարդուն:
Կը մրթմրթար ու զգուշութեամբ մէկիկ-մէկիկ ապակիի կտորները, յատուկ ունելիով մը, կը վերցնէր:

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի օգոստոսի 21-ին կը դառնայ 70 տարեկան։ Այս նոր տարին յոբելենական է Վեհափառ Հայրապետին համար։ Թէեւ հայ իրականութիւնը այնպիսի ցնցումով մը համակուած է, որ յոբելեաններու, տօնակատարութիւններու մթնոլորտէն բոլորովին հեռու է, սակայն, սա մակերեսային տարեդարձ մը չէ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խորագիրը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ շատերուն, այդպէս նաեւ ինծի համար… Նախքան այս գրութիւնս գրելը շատ մտածեցի, թէ տիրող իրավիճակին մէջ ի՞նչ կարելի է գրել Նոր տարուան մասին, երբ ամէն կողմ անտրամադրութեան հսկայ ալիք մը կայ:
Նոր տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազարամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Բոլոր ճամբաբաժաններուն ժամանակ, բոլոր խաչմերուկներուն վրայ, խորքին մէջ, առանձինն է մարդ արարածը։ Այսօր կէսգիշերին օրացոյցը կը փոխուի։ Ամանոր է եւ սա ալ ձեւով մը խաչմերուկ մը, ճամբաբաժան մը չէ՞։
Պատգամ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: