Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Երեւանէն՝ երգիչ Գուրգէն Տապաղեանը։ Վարդանանց երգչախումբի 85-ամեակին առթիւ, Տապաղեան այսօր երեկոյեան հանդէս կու գայ համերգով մը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեանք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղաքին աղմուկէն, ժխորէն, բազմութենէն հեռո՜ւ, եօթանասունէն ութսուն տարիներու բեռին տակ, եթէ ո՛չ մարմնապէս, բայց հոգեպէս կքած՝ կեանքին վերջալոյսը դիտելով զբաղած երկու ծերունիներ, գարնանային պայծառ ու տաք առաւօտ մը, ջերմ ու խանդոտ սրտով, կենսալիր, հանդիպեցան իրարու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլացի պատասխանատուներուն համար նախկին հետաքրքրութիւնը չունին Սուրիոյ պատերազմական ճակատին վրայ ընթացող զարգացումները: Պաշտօնական Թել Աւիւի մէկէ աւելի բանբերներ սկսած են բացայայտօրէն խօսիլ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգէն Իսրայէլի ունեցած «ակնկալութեանց» մասին եւ շեշտը կը դրուի յատկապէս ամերիկեան վերնախաւին մօտ Թեհրանի դէմ մթնոլորտ մը հրահրելու «անհրաժեշտութեան» մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պիղատոսի հեգնական հարցումը՝ թէ «ի՛նչ է ճշմարտութիւնը», անպատասխա՛ն կը թողու Յիսուս։
Այս լռութիւնը անշուշտ ունի բազմաթիւ պատճառներ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս յայտնի դարձած են Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ գտնուող Վերին Մզկիթին (Վերին Ճումայի) մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներուն արդիւնքները: Պատմական այս քաղաքի Վերին մզկիթի տարածութեան մէջ յայտնաբերուած են իսլամական գերեզմանոցի մը տապանաքարերը, որոնք կը թուագրուին 1905-1906 թուականներով:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կիրակի, Մայիս 7-ին, յայտարարեցին, թէ ձերբակալուած է զինուորներէ եւ քաղաքացիներէ բաղկացած խումբ մը, որ կ՚ամբաստանուի Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Ըստ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին, պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն՝ խումբը իբրեւ թէ սադրանքներ ծրագրած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Թերթեր շրջանի բնակավայրերուն դէմ:
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ու Սպիտակ տան մէջ կը հիւրընկալուի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Մայք Փենսի կողմէ։ Ան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ կը նշուի Շուշիի ազատագրման 25-ամեայ յոբելեանը:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ շրջանին «Լոյս» երկշաբաթաթերթը պիտի նշէ իր հրատարակութեան հինգերորդ տարին։ Հնգամեակին ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Լոյս»ի սեփականատէր Արամ Քուրանն ու իր դուստրը՝ Մարալ Պելինտա Քուրանը, որ եւս պատասխանատուութիւն ունի խմբագրակազմին մէջ։
Մեր երաժշտական աշխարհի սիրուած աստղերէն Պարթեւ երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ արժանացաւ իր համակիրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համերգը, որու հովանաւորն էր յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Երբ որ «մեր» կ՚ըսենք՝ պէտք է հասկնալ Հիւսիսային Ամերիկան, որովհետեւ, տարբեր աշխարհամասերու մէջ հայ կրթական գործը ունի տեղւոյն յատուկ եզակի խնդիրներ. սակայն, բոլոր շրջաններուն համար հասարակ յայտարարը այն է, որ բոլորն ալ նահանջի մէջ են, յաճախ պատասխանատուները մատնելով յուսալքութեան:
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Թուիթըրի օգտատէրերէն մէկը, հաւանաբար բարկութեան մէկ պահուն, գրած էր, թէ յաղթանակէն ետք յեղափոխականները պիտի վտարեն հայերը Սուրիայէն՝ դէպի իրենց նախկին բնակավայրերը, որովհետեւ իրենց հետ չեն գործակցիր: Ան չէ նշած, թէ ո՛ւր, նկատի ունենալով, որ հայերը Սուրիոյ զաւակներն են, չէ՞ որ անոնք հոս ծնած են, Սուրիա ծնած են նաեւ անոնց հայրերն ու մեծհայրերը, եւ սերունդէ սերունդ յատկանշուած են իբրեւ այս երկրի հաւատարիմ, ազնիւ քաղաքացիներ:
Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինայի շրջանային մասնաճիւղերուն համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեանի ի պատիւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը։ Մարին Լը Փենի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ընտրապայքարին արդիւնքը վճռեցին ֆրանսացի ընտրողները, որոնց շուրջ 74 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ անմոռանալի ելոյթով մը։ Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փոխ-նախարարի խօսքերով՝ Հայաստան այսօր ալ պատրաստ է կեանքի կոչելու Թուրքիոյ հետ Զիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները:
Շաւարշ Քոչարեան. «Եթէ Ռուսաստան փափաք ունենայ օգտագործել իր ազդեցութիւնը Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար՝ լաւ կ՚ըլլայ»:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աւանդական այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի կ՚ունենայ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքոյթը երէկ արտասովոր օր մը պարգեւեց Գումգաբուի ընտանիքին։ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի ձեռամբ, առաւօտուն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, հին տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները։