Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­սա­լի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Հան­գու­ցեալ Տիգ­րան Սար­կա­ւա­գեան-Ար­զուեա­նի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած այս եր­րորդ մրցա­շար­քը տե­ւեց 16 շա­բաթ։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Հա­յե­րէ­նի փոր­ձա­ռու ու նուի­րեալ ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­քեն­տէ­րօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապը իւրաքանչիւր քայլափոխին աւելի կը խորանայ՝ մտահոգութիւն պատճառելով համայնքի շրջանակներուն:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին ուշագրաւ նամակ մը ուղարկելով՝ խնդրեց իր միջամտութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Դէ­պի Ֆին­լան­տիա կա­տա­րած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Քա­րե­լիա­յի եւ Հա­մայն Ֆին­լան­տիոյ Ար­քե­պիս­կո­պոս, Ֆին­լան­տիոյ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պետ Լէո­յի հետ։ Քուո­փիոյ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոնց եղ­բայ­րա­կան հան­դի­պու­մը։ Տեղ­ւոյն Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը եւ յա­րա­կից թան­գա­րա­նը այ­ցե­լե­լէ վերջ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րը հա­մա­տեղ ա­ղօթ­քի մը մաս­նակ­ցե­ցան Նոր Վա­լաան վա­նա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը երէկ նախաստորագրուեցաւ:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի ներկայ փաստաթուղթով:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Պատ­րիար­քա­րա­նի վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը։ Ինչ­պէս ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նա­խըն­թաց օր Քէօլ­նէն նա­մակ մը ու­ղար­կած էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին եւ փա­փաք յայտ­նած էր՝ ու­նե­նալ իր կող­մէ ժա­մադ­րու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րէն օր մը վերջ  կու­սա­կա­լու­թեան ու­ղար­կուած դի­մում­նա­գի­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Euronews-ի կայքէջը դրուատիքը կը հիւսէ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքին՝ Սուրբ Ղազարին՝ որպէս Եւրոպայի ժառանգութեան մաս:
Յառաջիկայ Սեպտեմբերին նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ՝ 300-ամեայ յոբելեանի պատշաճ շուքով տօնախմբման համար, մինչ աշխարհի վրայ կը գործեն չորս վարժարաններ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

ՂԵ­ՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆ­ԴԵ­ԶԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ծի­սա­կան ու քա­րոզ­չա­կան կեան­քին կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ժի­նը կը հան­դի­սա­նայ պա­հե­ցո­ղու­թեամբ ու ծո­մա­պա­հու­թեամբ ամ­րապն­դել հա­ւա­տա­ցեա­լին հո­գե­կան աշ­խար­հը եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն զարկ տալ ա­նոր հա­ւատ­քի ա­ռողջ աճ­ման:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կամք»՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ կա­մե­ցո­ղու­թիւն, բաղ­ձանք, նաեւ՝ հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան զօ­րու­թիւն՝ ո­րոշ ուղ­ղու­թեամբ մը գոր­ծե­լու։ Կամ­քը կ՚են­թադ­րէ տրա­մադ­րու­թիւն, դի­տա­ւո­րու­թիւն եւ մտադ­րու­թիւն եւ այս ի­մաս­տով «կամք»ը հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան ո՛ւժ մըն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Է­ԴՈ­ՒԱՐԴ ՄԻ­ԼԻ­ՏՈ­ՆԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան ու միաս­նու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծին մէջ դա­րե­րէ ի վեր ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղած է մշա­կոյ­թի ու գրա­կա­նու­թեան դե­րը: Բազ­միցս ա­տի­կա տե­սա­նե­լիօ­րէն ա­պա­ցու­ցուած է ու հաս­տա­տուած:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Forbes հե­ղի­նա­կա­ւոր ամ­սա­գի­րը Եր­կու­շաբ­թի հրա­պա­րա­կած է տո­լա­րա­յին մի­լիա­ռա­տէ­րե­րու ա­մէ­նա­մեայ հա­մաշ­խար­հա­յին ցու­ցա­կը:
Այս ցու­ցա­կին մէջ նե­րա­ռուած է ռու­սաս­տա­նաբ­նակ ե­րեք հայ գոր­ծա­րար:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Կիւլպէնկեան հիմնարկը յամառ աշխատանք կը տանի լեզուի ծրագրերուն համար:
Երրորդ «Ուիքի ճամբար»ը այս ամառ նախատեսուած է Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքին մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս շրջա­նին յա­ռաջ կը տա­րուի «Հա­յաս­տա­նաբ­նակ կա­րի­քա­ւոր սու­րիա­հա­յե­րու բժշկա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն» խո­րագ­րեալ ծրա­գիր մը, որ ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Իզ­միր­լեան բժշկա­կան կեդ­րո­նէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ծրագ­րի մեկ­նար­կին եւ հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շագ­րի ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն ամ­սա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ պե­տա­կան քար­տու­ղա­րի այ­ցը տե­ղի ու­նե­նայ Մար­տի 30-ին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ա­պու Տա­պի, ուր ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Փոխ-վար­չա­պետ ու նա­խա­գա­հա­կան հար­ցե­րով նա­խա­րար Շէյխ Ման­սուր Պին Զաիտ Էլ Նա­հեա­նի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կայ եր­կու ամ­սուան ըն­թաց­քին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիին բա­ցու­մը։ Ծա­նօթ է, որ այս եր­կա­թու­ղին կը կա­ռու­ցուի Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նագ­րի մը հի­ման վրայ։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վա­ղը աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի մեկ­նի Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­պու Տա­պիի մէջ ան պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տան-Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ ներդ­րու­մա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը տե­ւէ եր­կու օր։ Չա­վու­շօղ­լու մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ պայ­քա­րի ձեռ­նար­կած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ աւարտական եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Այս տարուան առաջինը դարձաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ պիտի ըլլայ յաջորդ տարուան տանտէրը:

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Քէօլնի առաջնորդարանի աղբիւրները արձագանգ կը հանդիսանան ընտրեալ-տեղապահի Պոլսոյ համար նախատեսուած կարգադրութիւններուն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ իրեն փոխանորդ կարգեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Էջեր