Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ան­տիո­քի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Զահ­լէի մետ­րա­պո­լիտ Ան­թո­նիոս Ալ­սո­րուն։ Հիւր մետ­րա­պո­լի­տին ըն­կե­րա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Լի­բա­նա­նի դես­պան Ժան Մա­քա­րոն եւ բա­րե­րար Նի­քո­լա Ա­պո­ֆա­յի­սա։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էր Հա­յաս­տա­նի Աս­տուա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016

ՍԵ­ՒԱԿ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի մէջ վտան­գուած տպա­գիր մա­մու­լի հար­ցը դար­ձեալ լու­սար­ձա­կի տակ էր ե­րէկ:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի գրա­կան կեան­քը կ՚ար­ժէ դի­տել ուղ­ղա­կի՛ իր իսկ աչ­քով։ Ու­րեմն հե­տե­ւինք «Խոհք Եւ Խօսք»ին մէջ իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն եւ տե­սու­թիւն­նե­րուն՝ զորս կը կար­դանք ՂԳ գլ­խուն մէջ, ուր Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս «ամ­փո­փում մը կու տայ իր գրա­կան կեան­քին՝ որ կրնայ լա­ւա­գոյն գա­ղա­փա­րը տալ ի­րեն սի­րե­լա­գոյն ե­ղող նիւ­թին մա­սին»։­

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Լոն­տո­նի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ, Յու­լի­սի 17-ին, տե­ղի ու­նե­ցած է հայ­կա­կան բա­ցօ­թեայ փա­ռա­տօն: Մշա­կու­թա­յին տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ ընդգր­կող այս ձեռ­նար­կը հա­մա­հայ­կա­կան ա­մե­նա­մեծ ի­րա­դարձւ­թիւնն է Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ժա­մա­նած են հա­յեր երկ­րի տար­բեր վայ­րե­րէ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Իս­թան­պու­լի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ սար­քուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ծա­նօթ է, որ ա­մէն տա­րի Յու­լի­սի 4-ին կը նշուի ԱՄՆ-ի ազ­գա­յին տօ­նը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ կառավարութիւնը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երկարատեւ ժողովներ գումարեցին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Որոշումները այսօր կը յանձնուին նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հաւանութեան:
Երեք ամսուան ժամկէտով սահմանուած այս քայլին հիմնական նպատակն է՝ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ ապահովել պետական բոլոր լծակներէն ներս արագ ու ազդու ձեւով զտումը հերձատիրական խումբին: Երկրի ղեկավարութիւնը բոլոր միջոցները ձեռք կ՚առնէ երաշխաւորելու համար ժողովրդավարութիւնը, քաղաքացիներուն հիմնարար ազատութիւնները եւ տնտեսութեան աշխուժութիւնը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ՝ ձե­ռամբ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան գլխա­ւո­րու­թեամբ շա­րա­կա­նա­գէտ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Ա­ԲՕ ՊՈ­ՂԻ­ԿԵԱՆ

​Մտա­հոգ կը հե­տե­ւինք մայ­րա­քա­ղա­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն: «Սաս­նայ Ծռեր» ա­նու­նով հան­դէս ե­կած զի­նեալ­նե­րու կող­մէ գրա­ւուած ոս­տի­կա­նա­կան շէն­քին ու ա­նոր յա­րա­կից տա­րած­քին վրայ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նե­լով՝ կը միա­նանք բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կ՚աշ­խա­տին ա­ռանց յա­ւե­լեալ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան լու­ծում մը բե­րե­լու ստեղ­ծուած ծանր ի­րա­վի­ճա­կին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ո՞վ չի փա­փա­քիր ա­պա­գա­յի մա­սին բան մը տե­ղե­կա­նալ: Յի­րա­ւի բո­լորս ալ, մա­նա­ւանդ կա­նայք, հե­տաքրք­րուած ենք այս հար­ցով, հար­կաւ տար­բեր չա­փա­նի­շե­րով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ժագ­լին Պի­սէ այս տա­րուան «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի 13-րդ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի պատուոյ հիւրն էր: Պի­սէ իր ողջ հմայ­քը, տա­ղանդն ու աստ­ղա­յին փայլ­քը շալ­կած, Հա­յաս­տան ե­կած էր:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է, սի­րե­լի՜­ներ, ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ խղճի ան­դոր­րու­թիւ­նը մար­դուս հա­մար։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ՝ մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը, ֆի­զի­քա­կան կա­տա­րե­լու­թիւ­նը անհ­րա­ժե՛շտ է մար­դուս եր­ջան­կու­թեա­նը հա­մար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը մեծ ցնծու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ ներ­կայ գտնուե­լով Սու­րիոյ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ռա­տիօ­կա­յա­նի, 2011 թուա­կա­նէն ի վեր գոր­ծող եւ իր ձայ­նը հա­մայն աշ­խար­հին հասց­նող, ՌԱ­ՏԻՕ Ե­ՐԱ­Զ­-ի կեդ­րո­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

71 տա­րե­կա­նին կեան­քէն հե­ռա­ցաւ հայ բա­նաս­տեղծ, թարգ­մա­նիչ, Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ Դա­ւիթ Յով­հան­նէս:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

Ի­տա­լիոյ Վե­րո­նա քա­ղա­քին մէջ, Յու­լի­սի 16-ին, կա­յա­ցաւ քա­ղա­քի փո­ղո­ցնե­րէն մէ­կուն ա­նուա­նա­կո­չման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Փո­ղո­ցը կո­չուե­ցաւ ջղա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ, Վե­րո­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռա­ջին վե­րա­տե­սուչ Հրայր Թեր­զեա­նի ա­նու­նով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալներուն շարժումը կը շարունակէ բնորոշել հրատապ օրակարգը:
Երեւանի Խորենացի փողոցին վրայ ատեն-ատեն լարուածութիւնը կ՚աճի, իսկ ցուցարարները կ՚աւելնան տակաւ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Պէշ­թէ­փէի պա­լա­տէն ներս ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Հաք­րու­քի շրջա­նէն ներս ռմբա­կո­ծե­ցին ՓՔՔ­-ի թի­րախ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

Քերի յայտնեց, որ Փութինի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են ղարաբաղեան հարցին:
Բակօ Սահակեանի խօսքերով, նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը կախում ունի շարք մը գործօններէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւններուն միջեւ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Էրտողան-Օպամա կարեւոր հեռախօսազրոյց։
Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան ժողովին վրայ։ Պետական մարմիններէն ներս հարցաքննութիւնը կը ծաւալի լուրջ թափով։ Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ճամբարներէն միշտ կը հասնին ներդաշնակ պատգամներ։ Մեծ քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ ժողովուրդը կը շարունակէ հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն ժողովրդավարութեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած զի­նեալ յե­ղաշր­ջման ձա­խող փոր­ձը լայն ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ։ Բնա­կա­նա­բար հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած է ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին վրայ, սա­կայն այս խնդի­րը Թուր­քիոյ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ եւս մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը բե­րէ իր հետ։

Էջեր