Արխիւ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն կողմէ այս տարի եւս իսլամական աշխարհի Ռամազանի շրջանին իֆթարի հաւաքոյթ մը պիտի սարքուի Վաքըֆներու ընհանուր տնօրէնութեան վերնախաւին, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան դիւանակալական շրջանակներու համար։
Թուրքիա երէկ կորսնցուց իր երէց սերունդի կարեւոր մտաւորականներէն մին։ 87 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց լրագրող եւ հրատարակիչ Հաքքը Տեւրիմ, որ թուրք մամուլի վարպետ սիւնակագիրներէն մին էր։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած Օկիւն Սամասթ կը պատրաստուի դիմում ներկայացնել Սահմանադրական ատեանի մօտ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Սամասթ դատարան աղերսագիր մը ուղարկելով տեղեկացուց, թէ պիտի պահանջէ վերստին դատուիլ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի իր նախաձեռնութիւնը:
Այս տարի նախատեսուած է աւելի քան 1100 երիտասարդներու այցելութիւնը, նաեւ Ծաղկաձորի մէջ ճամբար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Օսլոյի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի մէջ կորսուած կամ ձերբակալուած ամերիկացիներու հարցերը եւ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի իրականացումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքի օրակարգը արտասովոր նիւթով մը զգալիօրէն ծանրաբեռնուեցաւ վերջին օրերուն։ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշումով մը Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղեսպանութիւնը։
Սրբոց Երից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեայ յոբելեանը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց Պոյաճըգիւղի արարողութիւններուն:
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի հանդիպումը արեւելահայերէնի հետ ունի իր անցեալն ու ներկան. անցեալին, մասնաւորաբար Մեծ Եղեռնէն ետք, երբ դարձանք Սփիւռք, մեր երկրին հողը կորսնցուցինք, սակայն կարողացանք մեզի հետ բերել մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր լեզուն, մշակոյթը, մեր կենցաղը, մէկ խօսքով, ամէն ինչ որ կարելի էր փոխադրել միտքով եւ հոգիով:
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Արեւմտահայերէնը ո՞ր հորիզոնականին վրայ կարելի է զետեղել, այսօրուան իր տատանուող վիճակով ու վաղուան անորոշութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Թարգմանիչներ՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կը յիշատակուին Թարգմանչաց տօնին՝ որ կը նշուի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը։ Այս տարի կը հանդիպի՝ 16 Յունիս Հինգշաբթի օրուան։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ՝ Եւրոխորհուրդի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Պարոյր Յովհաննիսեան։ Այս առաքելութեան նստավայը կը գտնուի Սթրազպուրկի մէջ։
Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ Ռուսաստանի ուղղեալ շարժոյթով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Ռուսաստանի ազգային օրուան առթիւ շնորհաւորական նամակներ ուղարկեցին իրենց պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինին եւ Տիմիթրի Մետվետեւին։
Փութին այս Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մէկտեղէ Սարգսեանն ու Ալիեւը:
Յունիս 20-ին Մոսկուայի ջանքերով պիտի շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ քննարկումները:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը (ՀԱՀ) տեղեկացուց, թէ ընդգրկուած է Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուած համալսարաններու ցանկին մէջ։ ՀԱՀ-ի վկայականներու համարժէքութեան վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւնը արդէն հասանելի է Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի (YÖK) պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհահռչակ դաշնակահարը Երեւանի մէջ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը ստանալէ վերջ վառ զգացումներով հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Շահան Արծրունի. «Չեմ ուզեր բացարձակապէս ընել որեւէ բան, որ ըլլայ Հայաստանի դէմ, անմիջական կապեր հաստատած եմ երկրին հետ»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի երիտասարդ ու տաղանդաւոր ուժերէն Սէրճան Կազէրօղլու ներկայիս կը կատարելագործէ իր հմտութիւնները։ «Պահչէշէհիր» համալսարանէն ներս ան վերջին շրջանին մասնակցութիւն բերած է երգչախումբի դպրոցի խմբավարութեան ծրագրին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Դալար Ակօշեան յաջողութեամբ աւարտած է «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանի երաժշտանոցը՝ վկայուելով կիսաժամանակ դաշնամուրի բաժնէն։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ստեղծուած է ոգեւոր մթնոլորտ։ Շաբաթավերջին այս մթնոլորտին համահունչ դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ երեկոյթ մը, որ նախատեսուած էր ամառնամուտը ողջունելու համար։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց Գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, քահանայից դասու անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։