Արխիւ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սաթենիկ Գրիգորեան ծնած է Բաղէշ (Պիթլիս), 1894-ին: Փոքր տարիքէն ամուսնացած է բաղէշցի Վաղարշակ Պապայեանին հետ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1- Հայաստանի մէջ մայրերու տօնը կը նշուի Ապրիլին:
Ճի՛շդ, Հայաստանի մէջ Ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի աւետման օրը:
ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ժողովուրդներու կեանքին եւ պատմութեան մէջ, ամէնուրեք բնական երեւոյթ եղած է, որ նշանակալի դէպքեր, հայրենասիրական սխրագործութիւններ, կրօնական, նպատակային երազուած իրագործումներ արժանանան հաւաքականութիւններու գնահատանքին եւ յաջորդական սերունդներ զանոնք իբր աւանդ պահեն ու գնահատեն մասնաւոր յիշատակութեամբ, կամ՝ իբրեւ տօն
Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջերս երկխօսութեան գործընկերոջ կարգավիճակ ստացաւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) մօտ։ Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ Փեքինի մէջ՝ ՇՀԿ-ի կեդրոնէն ներս։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ՇՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ռաշիտ Ալիմով։
Ռուսաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Սէն Փեթերսպուրկի Պալէի պետական ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Պորիս Էյֆման պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ շքանշանով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս պարգեւը վերջերս հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնեց ռուս յայտնի արուեստագէտին։
Իսրայէլէն խումբ մը հեղինակաւոր մտաւորականներ վերջերս շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ:
Երուսաղէմի համալսարանը յաջորդ ամիս պիտի կազմակերպէ հայկական հարցին վերաբերեալ հաւաքոյթ մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմի այս փուլի ամենէն խորհրդանշական օրակարգը Հալէպն է: Հալէպին տիրապետելու կը ջանան Սուրիոյ պատերազմին մասնակից գլխաւոր երեք կողմերը:
Հայաստան-Ռուսաստան-Իրան-Վրաստան առանցքին վրայ կը հասուննայ գործակցութեան ծրագիր մը:
Շուրջ երեք տարի վերջ տարածքաշրջանէ ներս պիտի սկսին ելեկտրականութեան փոխանակումները:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ նշուեցաւ Մայրերու օրը։ Մանկապարտէզի փոքրիկները պատրաստած էին այս տարուան հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի ուսուցչական կազմը, Ծնողաց միութեան անդամուհիները, ծնողներ եւ հիւրեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայրը, իրապէ՛ս ճշմարիտ տիպար մըն է անձնուրացութեան, զոհողութեան եւ վեհանձնութեան։ Ուստի մայրերու համար խօսիլ կամ գրել թէ՛ դիւրին եւ թէ դժուար է։
Հակառակ Հայաստանի հրատապ առաջնահերթութիւններուն, սուրիահայոց հարցերը չեն անտեսուիր:
Գործ եւ բնակարան գտնելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակեն ներկայացնել կենսական նշանակութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմի այս փուլի ամենէն խորհրդանշական օրակարգը Հալէպն է: Հալէպին տիրապետելու կը ջանան Սուրիոյ պատերազմին մասնակից գլխաւոր երեք կողմերը: Այսինքն Սուրիոյ իշխանութիւնները, որոնք ի գին ծանր կորուստներու կը փորձեն ներկայանալ որպէս ամբողջական եւ անփոխարինելի ուժ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ:
Համբարձման տօնը աւանդական շուքով նշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Քըզըլթոփրաքի IMOGA արուեստի սրահին մէջ բացուեցաւ Հայաստանէ գեղանկարիչներ Արծրուն Ապրեսեանի ու Աշոտ Եանի համատեղ ցուցահանդէսը։ «Երկու հայեացք» խորագրեալ ցուցահանդէսը համակարգած է Պայքար Տեմիր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի Համբարձման տօնին յաջորդող Կիրակի օրը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը։ Տօնին անուանումը եկած է Զատկի, այսինքն Սուրբ Յարութեան նախորդող տօնի անուանումէն։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան աւանդական նախաճաշի հաւաքոյթը կայացաւ երէկ։ Հանգստեան կոչուած ու գործունեայ ուսուցիչներ Համբարձման արձակուրդէն օգտուելով, ինչպէս անցեալ տարիներուն, ապրեցան անմոռանալի ժամեր՝ Ֆեներպահչէի «Ռոմանթիքա» ծովահայեաց զբօսարանին մէջ։
Տիարպաքըրի Ս․ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, որ երկար տարիներէ ետք իրականացած էր թրքահայութեան միացեալ ուժերով, երէկ կատարուած յատուկ հանդէսով մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան Մշակութային ժառանգութեան (Europa Nostra) հեղինակաւոր պարգեւը։ 263 անհատներ ու կազմակերպութիւններ դիմած էին ստանալու համար այս հեղինակաւոր մրցանակը, որուն արժանի նկատուած էին սակայն միայն 28-ը։
Ամերիկահայ յայտնի մտաւորական եւ հեղինակաւոր երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանէն վերջերս խորին շնորհակալութեամբ ստացանք իր կողմէ հեղինակուած երկու գիրքեր։ Ան բարի եղած էր խմբագրութեանս համար մակագրել իր լոյս ընծայած «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա» եւ «Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութիւնը (պատմական ակնարկ)» գործերը, որոնք մեզի հասան քաղաքս այցելած իր բարեկամներէն մէկուն միջոցաւ։
Շուրջ երկու շաբաթ վերջ Թուրքիա պիտի ունենայ նոր վարչապետ մը։ Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ԱՔ կուսակցութեան արտահերթ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 22-ին եւ այժմու կուսակցապետը՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու թեկնածու պիտի չըլլայ։
Գալֆաեան Տան տիկնանց կազմին կողմէ երէկ սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Մայրերու օրուան առթիւ սարքուած հաւաքոյթին կարգախօսն էր «Բարի՛ եկար, ամառ»։