Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Սա շատ կարեւոր հանգրուան մըն է Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսօր պաշտօնապէս կ՚ազդարարուի Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն սկիզբը։
Մարսէյլի մէջ Պոլսահայ մշակութային միութեան եւ «Սահակ-Մեսրոպ» մշակութային կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ յատկանշական երեկոյթ մը:
Այլին Գօչունեան հանդէս եկաւ «Մշակութային ժառանգութեան մը վերարժեւորումը հարիւր տարի անց» խորագրեալ ելոյթով մը:
Ասիական զարգացման դրամատունը վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Հայաստանէ ներս իր ծաւալած գործունէութեան 10-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ դրամատան ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագրերուն շուրջ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ յաջորդ տարի երկիրը պիտի միանայ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը։
«Շարլ Տը Կոլ» օդանաւերու ռազմանաւը հիւրընկալեց Ֆրանսայի նախագահը:
Ֆրանսուա Օլանտ մէկտեղուեցաւ ԻՇԻՊ-ի դէմ գործողութիւններու մասնակից զինուորներուն հետ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ:
Ըստ Նալպանտեանի, Պաքու համանախագահներուն պատասխանած է սահմանի վերջին յարձակումով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ վաղը պիտի մասնակցին սպասուած համապետական հանրաքուէին: Ամիսներ տեւած քարոզարշաւէն ետք երկրի քաղաքական դաշտի հիմնական ուժերը իրենց ամբողջական ներուժի լարումով պիտի մասնակցին այս ընտրութիւններուն:
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ լայնածաւալ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա երէկ առաւ անկիւնադարձային քայլ մը։ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Մուսուլ, ուր Պաշիքա շրջանին մէջ պիտի ստեղծեն մշտական ռազմախարիսխ մը։ Այս վերջինը պիտի նմանի Պամերնիի ռազմախարիսխին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքզինք արդարացնելու՝ անձին արդարութիւնը ամէն պարագայի ցոյց տալու հակամէտ են մարդիկ։ Ո՛չ ոք ընդհանրապէս չ՚ընդունիր, թէ «անիրաւ» է կամ «անարդար», եւ անպայմա՛ն ճամբայ մը կ՚որոնէ արդարացնելու համար ինքզինք։
Հաշմանդամ երախաներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Դեկտեմբերի 3-ին, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան այցելեց ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ տղոց հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մխիթարեան սանուց միութեան եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան։
Երէկ երեկոյեան Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր աշխարհի լուռ վիճակը» խորագրեալ ձեռնարկ մը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Համահայկական երկրորդ երիտասարդներու համաժողովը՝ «Ապագայ» խորագրով։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի Հայոց միութեան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ Նիժնի Նովոկորտի «Իմաստ» երիտասարդական ընկերակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններէն շուրջ եօթանասուն ղեկավարներ եւ աշխարհի տասն երկիրներէն ներկայացուցիչներ։
Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ այս առաւօտ ապրուեցաւ ծանրակշիռ դէպք մը։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, յարձակում մը գործուեցաւ մայրաքաղաքի ճաշարաններէն մէկուն վրայ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ 40 վայրկեան տեւեց այս հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին շրջագծով։
Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին մօտ ներկայիս վերստին շրջանառութեան մէջ կը դրուի հայկական բանաձեւ մը։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս Մարսէյլի երեսփոխան Վալերի Պուայէի նախաձեռնութեամբ շրջանառութեան մէջ մտած է այս նախագիծը, որ կը նախատեսէ պատիժի ենթարկել ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ուրացումը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Այս խորհուրդի 22-րդ ժողովին շրջագծով Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Թուրքիա կը վերահաստատէ իր շարունակական զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանին:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Պաքուի մէջ:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչը երէկ այց մը տուաւ աշխարհահռչակ լուսանկարչին:
Արսէն Աւագեան տեղեկացուց, որ Երեւանի կեդրոնին արդէն պատրաստ է տարածքը՝ Արա Կիւլէրի համար տուն-թանգարան մը կառուցելու նպատակով, իսկ վարպետը գոհ մնաց տեղեակ դառնալով վերջին նորութիւններուն: