Արխիւ
Հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, գերմիջին ծանրութեան կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ կրկին ճանչցուած է Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկը:
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ մէջ պիտի քննարկուի առաջարկ մը, որուն համաձայն, երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի, անկախ այն իրողութենէն, թէ գործազուրկ է կամ ոչ, իւրաքանչիւր ամիս պիտի ստանայ 2500 զուիցերական ֆրանք (շուրջ 2450 տոլար):
Մոնրէալի ՄքԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի ուռուցքաբանութեան բաժնի տարեկան գիտաժողովին, ձեռամբ բաժնի ղեկավարին, 2015 տարուան լաւագոյն ուսուցիչի ու դաստիարակի պարգեւը ստացաւ Տքթ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան:
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ Արման Սաղաթելեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս որոշումը առնուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօ ընկերութեան խորհուրդին կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ շփումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Կասպրչիկ ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի կողմէ։
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման շուրջ միջազգային բեմահարթակի վրայ անընդհատ որոնումներ:
Հալէպի շրջանին ռազմավարական փոփոխութիւն:
Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ: Ըստ Լաւրովի, հրադադար մը կրնայ հաստատուիլ Թուրքիոյ սահմանի հակակշռուելով:
Սուրբ Աթոռի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմէտ Փաչաճը երկար ժամանակ վերջ պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին գլուխը:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը Հայաստան պիտի այցելէ այս տարի ո՛չ թէ Ապրիլին, այլ Մայիսին՝ Անգարայի հակազդեցութիւնը կանխելու համար:
Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր օրհնութիւնը՝ նոր ձեռնադրուած տասներկու քահանաներուն:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ եկեղեցականները բարի օրինակ ըլլան իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Վարդանանց տօնը։ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութիւնը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի ամենայատկանշական հանգրուաններէն մին կը համարուի։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը այս շաբաթավերջին պիտի նշէ իր կրկնակ տարեդարձները։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 107-րդ, իսկ երգչախումբի կազմաւորման 84-րդ տարեդարձներուն առթիւ նախատեսուած են կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Գերմանիոյ նորանշական աւագ հիւպատոս Տքթ. Ճորճ Պիրկելէնը։
ՀԲԸՄ կը ձգտի ընդարձակել իր ազգային առաքելութեան ծիրը եւ գործելաոճի զարգացման ուղղութեամբ հետամուտ է նոր քայլերու։
Ռուբէն Վարդանեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած։
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան. «Ուրախ եմ, որ այս ընտրութիւնը յատկանշական քայլ մը կը հանդիսանայ՝ ի նպաստ մեր նախաձեռնութիւններուն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քսաներորդ դարու հայ տաղանդաւոր գեղանկարիչներուփաղանգին մէջ իր ուրոյն պատուանդանը ունի Յովսէփ Կարալեան (1897-1981), որուն ծննդեան 119-րդ տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 1-ին։
Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայոց բազմակողմանի կարիքներու դիմագրաւումը միշտ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս առումով երէկ Երեւանի մէջ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։
Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ նոր հոգեւորականներու ձեռնադրութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բայց մինչեւ այս բանակին երկիր հասնիլը՝ արդէն նախարարներու ուրացութեան համբաւը հասած էր եւ ընդհանուր շփոթութիւն յառաջացուցած։ Մինչ վիճակաւոր եպիսկոպոսներն ալ իրենց վիճակները վերադարձած էին, քորեպիսկոպոսները՝ գիւղերն ու աւանները, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւղացիները եւ ազատները պէ՛տք է պաշտպանեն եկեղեցին իրենց հաւատուրաց իշխաններուն դէմ՝ կռուին եւ պատժեն զանոնք։
Օքսֆորտ համալսարանի եւ Պրիթիշ Քաունսըլի համատեղ կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ֆրանսախօս վարժարաններու ուղղագրական, բանաւոր եւ գրաւոր հարցաշարքերուն պատասխանելով՝ լիբանանահայ Ալեքս Պուտաքեան հանդիսացած է երկրորդ մրցանակակիր:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս այցելեց Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա յայտարարեց, որ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութիւնները քանի մը օրուան ընթացքին պիտի աւարտին Ճիզրէի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի իր շփումները տեղի պիտի ունենան այս ամսուան կէսերուն։