Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Այս եղելութեան բուն հերոսուհին Աղաւնի Իսպիրեան անունով 14-ամեայ աղջիկ մըն է՝ Տիրան Չրաքեանի Պոլսոյ Սուրբ Խաչ վարժարանի աշակերտուհիներէն: Ան, չես գիտեր՝ ի՛նչ յետին մտքերով, նամակի մը մէջ բացայայտօրէն կը զրպարտէ իր ուսուցիչը՝ ըսելով, թէ վերջինս օր մը տուն հրաւիրած է զինք, իրեն դրամ խոստացած եւ, ամենազաւեշտալին, բռնի համբուրած՝ յանձնարարելով ոչ մէկ բան ըսել ուրիշներու այս մասին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ անգամ մարդիկ կ՚ընդվզին, որ յաճախ ժխտական երեւոյթներու դէմ յօդուածներ կը խմբագրենք եւ այդ մէկը անախորժ կը թուի շատերու համար, որոնց համար գուցէ ազգի խնդիրներն ու հարցերը լուծուած ըլլան:
Ցաւ ի սիրտ, մեր իրականութեան մէջ շատ անգամ մարդիկ չեն կրնար զանազանութիւն դնել քննադատութեան եւ ատելութեան միջեւ, որոնք էութեամբ ամբողջովին տարբեր իրականութիւններ են:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց հեղինակաւոր իրաւաբան եւ վաստակաւոր պետական գործիչ Տարիէլ Բարսեղեան։ Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւաբանական ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ ան այնտեղ դարձած էր դասախօս եւ տարիներու ընթացքին ստանձնած էր զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ ամպիոններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան գործընթացը պիտի վերսկսի յառաջիկայ ամսուայ երկրորդ կէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մայիսին վախճանած էր Հայ Կաթողիկէից Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որու յաջորդը ընտրել հնարաւոր չէր եղած յունիսին Զմմառի մէջ տեղի ունեցած Ս. Սինոդի երկարատեւ նստաշրջանին ժամանակ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալւի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Սա Արարատ Միրզոյեանի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ նախարար նշանակուելէ վերջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 99-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու։ Ան համոզուած է, որ տարածքաշրջանէ ներս զգալի է նոր ու շինիչ մօտեցումներու կարիքը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021

Մեզի համար հոգեւոր մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն է ողջունել Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարի մը վերականգնումը, յետ իրականացած հիմնական վերանորոգչական աշխատանքներու։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 3 դեկտեմբեր 1922-ին բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան Մեծ կղզիէն (Büyükada) նամակ կը գրէ իր քրոջ Պերճուհիին. «Երթանք, Պերճուհի, երթա՜նք Լիբանանի շոճիներուն տակ, որպէսզի կեանքին դառնամ. ես պէտք է որ ապրի՜մ»:

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գրիգոր Մաչանենց-Բաբախանեան. «Ժամանակը եկած է եւ անհրաժեշտ է, որ մենք դպրոց մը ստեղծենք՝ ազգային առաքեալներ պատրաստելու նպատակով»:
«Հայ միասնութեան խաչ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը, որ նաեւ Մաչանեան տան հիմնադիր-նախագահն է, կ՚ըսէ՝ որ յուսահատութիւնը հրաժարած է իրեն այցելելէ:

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հարաւային Ասիոյ տարածքաշրջանը թեւակոխած է բոլորովին նոր փուլ մը եւ այսօրուան վիճակով Աֆղանիստանի հարեւանները կը համարուին Ուաշինկթընի մրցակիցները:
Երկրի սահմանները զանազան առումներով կը համարուին կարեւոր հանգոյցներ՝ մանաւանդ, որ Չինաստանի «երազ»ին՝ «Մետաքսի ճանապարհ»ին գլխաւոր դռներէն մին կը բացուի դէպի այնտեղ:

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

Երեւանի մէջ ընթացք առած է «SUMMEET» արդի պարի միջազգային ամառնային փառատօնը, որ աւարտին պիտի հասնի շաբաթավերջին։ Առաջին անգամ կը կազմակերպուի այս փառատօնը։ Նախագիծը կեանքի կը կոչուի խումբ մը արուեստագէտներու նախաձեռնութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Գնալը կղզիի մէջ, հոգելոյս մարզիկ Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Աւարտական փուլը խանդավառ մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Գրիգոր Եթէրօղլուի ստեղծագործութիւններու նոր ժողովածոն արդէն գրասէրներու տրամադրութեան տակ է։ «Kırık Çan» կը կոչուի Գրիգոր Եթէրօղլուի նոր գիրքը, որ «Payda» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021

Մալաթիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ, որպէս «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոն վերանորոգուած Ս. Երրորդութիւն հայկական պատմական եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:
Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ կուսակալ Այտըն Պառուշ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուայ սկիզբին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստան դրական քայլեր առնէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, ապա Թուրքիա համարժէք արձագանգ պիտի տայ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան նշեց, որ Անգարա երկկողմանի եւ բազմակողմանի դիւանագիտական բանակցութիւններ վարած է՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021

Բնականին եւ արհեստականին համակեցութիւնը մարդ արարածին տեսակէտէ կենսական է երկրագունդի վրայ։ Իրականութեան մէջ, բնութիւնը ունի իր հաւասարակշռութիւնները եւ պէտք չունի մարդուն հետ գոյակցութեան եզրեր փնտռելու։ Բայց, քանի որ մարդը, իր կարգին, մաս կը կազմէ բնութեան ու պէտք ունի անոր հետ ներդաշնակութեան՝ ապա այդ համերաշխութիւնը կը դառնայ էական, տարրական։

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Որոշած էի էշ չձեւանալ...
Բ.- ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ: Գաղութը ունէր պատարագի երգեցողութեան մասնակցող մօտաւոր տասն անհատներ, որոնց խմբավարը Հայաստանէն գաղթած կին մըն էր:

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մանուկը, առանց պատճառի, երկարօրէն խնդաց: Մայրը հետաքրքրութեամբ հարցուց.
-Ինչո՞ւ կը խնդաս:

Էջեր