Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ լոյս մը եւս մարեցաւ լիբանանահայ թատերաբեմէն՝ Մարի Ռոզ Մանուկեանին լոյսը: Վերջին անգամ ան 2016 թուականին բեմ բարձրացած էր՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպած մեծարանքի երեկոյին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ ռազմագերիներու հարցը կը շարունակէ մնալ առանցքային։ Մասնաւորապէս անցեալ հինգշաբթի գիշերուան դէպքէն վերջ սա դարձեալ գլխաւոր նիւթ կը դառնար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Լիբանանա-ամերիկացի մեծատաղանդ ու աշխարհահռչակ բանաստեղծ, փիլիսոփայ, նկարիչ Ժպրան Խալիլ Ժպրան (1883-1931) «մին է Լիբանանի գրականութեան գագաթներէն,- եթէ ոչ բարձրագոյնը», ինչպէս կ՚ըսէ Լիբանանի ատենոյ ներքին գործոց նախարար Շէյխ Փիեռ Ժմայէլ՝ Սիսակ Յ. Վարժապետեանի «Ճպրան Խալիլ Ճպրան» կեանքն ու գործը» (1966) գիրքին համար գրած յառաջաբանին մէջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յաճախ կ՚ըսուի, թէ մարդ էակը միայն միսէ ու ոսկորէ կազմուած չէ, այլ՝ ունի նաեւ հոգի եւ միտք։ Մարդ ինչպէս իր մարմնաւոր էութիւնը պահպանելու համար կարիքն ունի սնունդի, այնպէս ալ միտքն ու հոգին կարիքն ունին սնունդի՝ իմացական եւ զգացական «առողջութիւն»ը պահելու համար։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Մեր ընթերցողներուն կու գանք դառնութեամբ տեղեկացնել, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն, թերթիս բազմամեայ սիւնակագիր եւ մեր հոգեւորականաց դասու յարգուած դէմքերէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Տէր Հօր գրութիւնները լոյս չեն տեսներ եւ այս ընթացքին թէ՛ մեր ընթերցողները եւ թէ համայնքային շրջանակները մտահոգուած են այս կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ամուսինը՝ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփ երէկ կնքեց իր մահկանացուն 99 տարեկան հասակին։ Իշխան Ֆիլիփի կորուստը մեծ արձագանգ գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

«Հրայր Յովնանեանի համար Հայաստանը պարզ զգացումներու հայրենիք մը չէր, այլ՝ անկեղծ նուիրումի եւ հաւատարմութեան նպատակակէտ, որուն ծառայեց մինչեւ իր կեանքի վերջը, ծառայեց այդ բառի ամենալայն իմաստով»:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ցաւակցականներ հրապարակեց երախտաշատ գործիչի կորուստին առթիւ:

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մուրացկանները մարդկային հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունին պատմութեան առաջին օրէն: Փողոցային մուրացկանութիւնը տեղի ունեցած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, թէեւ ատոր չափերը եւ ձեւերը տարբեր են:

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ երեկոյեան Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ քահանայ հօր քարոզին նիւթը հիմնուած էր «մի՛ վախնաք» արտայայտութեան վրայ: Քահանայ հայրը խօսեցաւ ու բացատրեց, թէ յարութեան լոյսին տակ մենք՝ քրիստոնեաներս, որ կը հաւատանք մեր Տիրոջ յարութեան եւ կը հաւատանք նաեւ, որ հանդերձեալին մենք եւս յարութիւն պիտի առնենք, կարիք չունինք վախնալու, ընդհակառակը, վախն ու հաւատքը համատեղելի չեն:

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կասկած չկայ, որ Ամերիկան դրամատիրական երկիր մըն է, ուր դրամ շահիլն ու փառքի հասնիլը՝ մարդոց երազն է։ Միացեալ Նահանգներու անկախութիւնը հռչակուեցաւ 4 յուլիս 1776 թուականին, իսկ վաւերացուեցաւ 2 օգոստոս 1776 թուականին։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական-քաղաքական ճգնաժամը կը շարունակուի, մինչ զանազան քաղաքական շփումներ տեղի կ՚ունենան։ Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ կը շարունակեն մեծ ունակութիւններով վիժեցնել նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը. կառավարութիւն մը, որ պիտի կարողանայ Լիբանանը ինչ-որ կերպ դուրս հանել ծանր ու տագնապալի դրութենէն։

                

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հոգելոյս Վարուժան Քէօսէեանի մահուան 10-րդ տարելիցն է։ Երախտաշատ անուն մը, որ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է պոլսահայ մամուլին։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ոտքէն գլուխ սեւերով փաթթուած կին մը, ուսապարկը շալակին կը դեգերի փողոցները: Կ՚այցելէ քաղաքի գրեթէ բոլոր փուռերը, իւրաքանչիւրէն գունդ մը խմոր կ՚առնէ եւ կը նետէ ուսապարկին մէջ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

ԵՐԱՄ

Շուար, մոլոր վիճակ մը ունի։ Կը նայի մէյ մը աջի, մէյ մը ձախի դարաններուն. ակնյայտօրէն բան չի հասկնար։ Գլուխը կը դառնայ կարծես։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

Մեր հոգեւորականաց դասուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի անդամներուն կը տեղեկացնենք, թէ Պատրիարքարանի պաշտօնեաներէն միոյն մօտ ստուգուած թագաժահրի վարակման պատճառաւ, նաեւ նկատի ունենալով օրուան առողջապահական ժխտական պայմանները, Պատրիարքարանը ցնոր տնօրինութիւն փակուած է ընթացիկ այցելուներու։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտը, որուն կ՚ընկերանար ասորի պատրիարքական փոխանորդարանի դիւանապետ Մելֆոնօ Զեքի Տեմիր սարկաւագը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի դատախազական մարմինները կ՚աշխատին գերիներու վերադարձին համար:
Պաքու միշտ կը պնդէ, որ պատերազմի ժամանակ բոլոր ձերբակալուածները յանձնուած են, մնացեալները կը համարէ ահաբեկիչ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։ Անոնք քննարկած են նաեւ օր մը առաջ Մոսկուայի մէջ Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան դատ բացաւ երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ պետութեան դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր կը դատուէր՝ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն բերումով։

Էջեր