Արխիւ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի երկայնքին վերջին օրերուն շարունակուեցան լարուածութիւնները։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ արձակուրդային օրերուն իրավիճակը եղած է անհանգիստ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր շփումներու կը ձեռնարկէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կու տայ աշխատանքային այցելութիւն մը։ 31 Մարտ-1 Ապրիլ թուականներուն ան Ուաշինկթընի մէջ կը մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան Դ. գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովները 2010 թուականէն ի վեր տեղի կ՚ունենան Ուաշինկթընի մէջ եւ Թուրքիա սկիզբէն ի վեր գործօն մասնակցութիւն կը բերէ անոնց։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հաստատութենէն ներս բացուած է նոր գրադարան մը։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի գրադարանը ուղղուած է հայկական հարցի եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վրայ մասնագէտները եւ հետազօտողները խրախուսելու համար։
Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ արծարծուեցաւ թրքահայութեան երիտասարդաց կառոյցներուն կացութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային վարիչներու ներկայութեամբ ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց ազգապատկան կարգ մը կարեւոր կալուածներու ընդհանուր վիճակին շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեքշաբթի, 22 Մարտ 2016-ին, «Եւրոպայի սիրտը»ը համարուող Պրիւքսէլը հարուածած ահաբեկչութիւնը սպասելի էր: Տասն օր առաջ Սալահ Ապտըլ Սալամը ձերբակալած Պելժիոյ ապահովական ուժեր ձախողեցան երկիրը անվտանգ պահելու իրենց վստահուած գործին մէջ:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր պիտի մնայ շուրջ շաբաթ մը։ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքական Աթոռը պիտի ներկայացնէ Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի նիստին ընթացքին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութեան ընթացքին մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի։ Հարկ է նշել, որ տաղաւարի նախորդող օրերուն լրատուամիջոցներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ շրջանառութեան մէջ մտած էին լսումներ եւ պնդումներ, ըստ որոնց տօնական օրերուն ահաբեկչութիւններու թիրախ պիտի դառնային փոքրամասնութեանց սրբավայրերը։
Թրքահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ եղբայրական սիրոյ վերանորոգման:
Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները:
Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայոց հերթական ցուցահանդէսը։ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէս-տօնավաճառը այս անգամ եւս արժանացաւ բոլորի անմիջական ուշադրութեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը պիտի տրամադրուի Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու զաւակներու կրթութեան։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի եւ Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականը՝ Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան ի Տէր հանգեաւ Ուրբաթ Մարտ 18, 2016, Էմըրսընի (Նիւ Ճըրզի) Հայկական հանգստեան տան մէջ: Եղիշէ Արքեպիսկոպոս 91 տարեկան էր:
Լաս Վեկասի մէջ պիտի բացուի գանատահայ մեծանուն նկարիչ Եուսուֆ Քարշի գործերուն ցուցահանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը գրեց, թէ տեղւոյն «Պելաճիօ» ցուցադրասրահին մէջ պիտի բացուի անմոռանալի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի ցուցահանդէսը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնեց Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն հատուածներ կ՚ուզենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, քանի որ անոնք կարծես «մեր օրերու համար գրուած» են։ Այս կը նշանակէ, որ մարդս բնութեամբ միշտ նո՛յնն է, որքան ալ փոխուին շրջանները, թերեւս միայն արտաքին երեւոյթով փոփոխութիւններ կ՚ըլլան, բայց ըստ էութեան մարդը մի՛շտ նոյն «մարդ»ն է եւ շրջաննե՜ր, դարե՜ր ալ փոխուին՝ ան չի փոխուիր իր էական թերութիւններով եւ մարդկային տկարութիւններով
Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքի ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի 2015 թուականի պիւտճէն։
Ազգային մեծանուն ու անմոռանալի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 147-րդ տարեդարձը Մարտի 23-ին նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներու թարմացման։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուց, թէ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհորդը որոշած է Պատրիարքարանին յանձնել երբեմնի գերեզմանատան տարածքի մակերեսի գործածութեան իրաւունքը։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատկի տօնի առթիւ սովորութիւն է եւ ժողովրդական-մշակութային աւանդութիւն՝ հաւկիթ ներկելը, ձուախաղը կամ հաւկիթներ իրար զարնելով մրցելու սովորոյթը։ Արդարեւ Զատկի տօնը եւ հաւկիթը կարծես նոյնացած է թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքէն ներս եւ այս սովորութիւնը, սերունդէ սերունդ շարունակուելով «աւանդութեան» արժէք է ստացած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս սոսկ պատմական դէմք մը չէ, այլ անժամանակ յաւիտենականութեան մէջ յարակենդան եւ գործօն անձնաւորութիւն մը։ Ան «կենդանի Աստուծոյ Որդին»՝ Ինք կենդանի Աստուած է։ Յիսուս հաստատեց այս ճշմարտութիւնը.