Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից հա­ւաք, որ զու­գա­դի­պե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 147-րդ տա­րե­դար­ձին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մէկ­տեղուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի եւ Բան­կալ­թիի եր­բեմ­նի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ յատկանշական հանդէս մը տեղի ունեցաւ փոքրիկներուն համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ողջունէ թաղի դպրոցի մանկապարտէզի սաներուն առաջին քայլափոխը՝ կրթական կեանքէն ներս:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 183-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

​Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շքեղ ու արդիւնաւէտ երեկոյթ մը:
Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը բարձր տրամադրութեամբ մէկտեղեց համայնքային շրջանակները:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի նոր հրա­պա­րա­կին վրայ մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քին։ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման 562-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սե­ւան եւ Ար­տա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին օ­ծուե­ցան եւ պաշ­տա­մուն­քի բացուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Սե­ւան քա­ղա­քի Ս. Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը օ­ծուե­ցան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ այս օ­րե­րուն ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Այս շրջագ­ծով ան վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հանդիսապետութեամբ եւ հաւանութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

«Business Insider» հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջի աւստ­րա­լա­կան տար­բե­րա­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Եւ­րո­պա­յի զբօ­սաշր­ջու­թեան լա­ւա­գոյն վայ­րե­րէն քա­նի մը հա­տը, ո­րոնք մին­չեւ հի­մա ան­յայտ են շա­տե­րու հա­մար:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս նշուե­ցաւ «Կո­մի­տաս» նշա­նա­ւոր լա­րա­յին քա­ռեա­կի հիմ­նադ­րու­թեան 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս յատ­կան­շա­կան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ խում­բը սար­քեց հա­մերգ մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշտա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Հա­յարթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Արթ-էքս­փօ» ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու մեծ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կերպուե­ցաւ «Արթ-էքս­փօ» ցու­ցա­հան­դէս մը՝ «Հա­յարթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի, «Վարդ­գէս Խա­խա­մեան Բիւ­զանդ» հաս­տա­տու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Դես­պան­նե­րու այս այ­ցե­լու­թեան միա­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կա­ճա­ռը Ե­րե­ւա­նի մէջ բո­լո­րի ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ հիմ­նադ­րուած օ­րէն ի վեր։ Պե­տա­կան մար­մին­նե­րը, Սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ ան­հատ­ներ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին այս թան­գա­րա­նին հետ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ս․ Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեան» պե­տա­կան օ­փե­րա­յի մե­ներ­գիչ, պաս-պա­րի­թոն Սար­գիս Բաժ­բէուկ-Մե­լի­քեա­նի եւ խմբա­վար-դաշ­նա­կա­հար Ա­րա Պետ­րո­սեա­նի հա­մեր­գը։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Ուրուկուայի հայկական ռատիօժամի հիմնադրութեան յոբելենական հանդիսութիւնները՝ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ կատարուեցաւ պարգեւատրում:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Երեւան եւ Պրիւքսէլ կը փնտռեն այն ոլորտները, ուր կրնան տակաւին համագործակցիլ:
«Հայաստան պիտի փորձէ մօտ մնալ Եւրոմիութեան հետ բանակցուած, բայց չստորագրուած համաձայնագրին»:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​25 Մա­յի­սին լրա­ցաւ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­թո­ռին թա­փուր մնա­լու ա­ռա­ջին տա­րին: Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Սլէյ­ման 25 Մա­յի­սին կը հե­ռա­նար Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տէն եւ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րու միակ քրիս­տո­նեայ նա­խա­գա­հի ա­թո­ռը կը մնար թա­փուր: Վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն Պաապ­տա­յի պա­լատ հա­սած նա­խա­գահ­նե­րը ընտ­րուած էին «քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեա­ն» հիմ­քով: 

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

​Հայաստանէ ներս հաստատուեցաւ երկրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկը՝ այս անգամ մայրաքաղաքէն դուրս: Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

Միջ­միու­թե­նա­կան ար­տա­սա­նու­թեան մրցոյ­թը ե­րէկ երեկոյեան կա­յա­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ։ Մեծ ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րուն ձօ­նուած մրցոյ­թի դափ­նե­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թե­նէն Մա­րիամ Քե­շի­շօղ­լու։

Էջեր