Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ առաւօտ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ աղօթասացութիւն, սուրբգրային սերտողութիւն եւ հարիսայի օրհնութիւն։ Աշխատութեան մասնակցեցան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ սուրբգրային աշխատութեանց մասնակից խումբ մը տիկիններ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի, մեներգչուհի Գարին Քիւրչիւքօղլու համերգի մը համար հրաւիրուած է Աթէնք։ Այսպէս, այս ամսավերջին, 26 յունուարին ան մասնակցութիւն պիտի բերէ համերգի մը, որ նախատեսուած է «Քոտալի» երաժշտանոցի երդիքին տակ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները երէկ տեսակցեցան Պոլնիսի մէջ:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով որոնումներ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Հայաստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը ձգտին ընդլայնել համագործակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Masdar City աշխարհահռչակ նորարարական քաղաքը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Ուաշինկթընի մօտ  Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Սպիտակ տան մէջ յանձնեց իր հաւատարմագիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւատարմագրի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է յունուարի 11-ին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Անգլիոյ Եւրոմիութենէն դուրս գալու գործընթացը՝ BREXIT վերածուեցաւ իսկական թնճուկի մը։ Լոնտոնի ղեկավարութեան եւ ԵՄ-ի միջեւ համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը չարժանացաւ Անգլիոյ խորհրդարանի հաւանութեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Ա­մե­րի­կեան «The Intercept» կայ­քէ­ջը հա­ղոր­դեց, որ Սպի­տակ տան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խորհր­դա­կան Ճոն Պոլ­թըն հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւելց­նէ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ եւ ան կը ձգտի ռմբա­կո­ծել Ի­րա­նը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Մեհ-­տի Հա­սա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սած է այս լրա­տուու­թիւ­նը, ըստ ո­րու Պոլ­թըն ԱՄՆ-ի վար­չա­խում­բէն ներս լուրջ ու­ժի մը հա­սած է եւ կը ձգտի Ի­րա­նի դէմ պա­տե­րազ­մի։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Անուանակոչութեան տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ հանգուցեալ Շապուհ Չոլաքեան, իր կողակիցը՝ հանգուցեալ Սիլվա Չոլաքեան եւ իրենց հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Էլազըղի ու Մալաթիոյ հայ համայնքներուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ Կոմիտասին նուիրուած արձան մը կայ: Լոռիի մարզի Վարդաբլուր գիւղը ոչ միայն իր բնական ու արհեստական գեղեցիկ լճակներով յայտնի է, այլ նաեւ՝ այս յուշարձանով, որ մեծն Կոմիտասի յիշատակի վայրերէն մէկն է:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աշխատութիւնը եւ գործունէութիւնը մեր կեանքին շատ օգտաւէտ է:
ա) Մարմինի աշխատանքը եւ հոգիի գործունէութիւնը շատ կ՚օգնեն կամ աւելի ճիշդ՝ շատ կարեւոր են մարմինի եւ հոգիի առողջութեանը եւ կը նպաստեն մեզի կատարելագործուելու:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բանն մարմին եղաւ» (ՅՈՎՀ. Ա 14) աւետարանական ճշմարտութեան համաձայն՝ Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւն առաւ, որպէսզի անով կատարէ մարդուն փրկութիւնը։ Քրիստոս ունայնացուց Ինքզինք ծառայի կերպարանք առնելով եւ մարդոց նման ըլլալով։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, վերջերս, այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին։ Տքթ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց դեսպանլ Աթաբէկեանը իր նշանակումին համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հանդիպումը կազմակերպուած է միջնորդութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի, որոնք ներկայ պիտի գտնուին վաղուան հանդիպման։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» ֆորումին:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի երէկուան անդրանիկ նիստը:
Արարատ Միրզոյեան ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ - Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ նշանակուեցաւ վարչապետ:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Հայկական օրակարգին վրայ կարեւորագոյն տեղ զբաղեցուցած Հալէպի նիւթը այսօր այլ հարթութեան վրայ է։ Անպայման չեմ ուզեր ըսել, որ հայկական աշխարհը եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներու ընդհանուր սանդղակին վրայ Հալէպը հանուած է հետաքրքրութեան ծիրէն, սակայն Սուրիոյ եւ յատկապէս այդ քաղաքին մէջ երեւելի դարձած խաղաղութեան վերահաստատումով, մարդիկ սկսած են նուազ կերպով տարուիլ Հալէպի լուրերով։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Անգարա-Ուաշինկթըն լարուածութեան օրը աւարտին հասաւ նախագահներու միջեւ հեռախօսազրոյցով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ կանգ առին Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի վրայ:

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անշուշտ հաճելի չէ խօսիլ մահուան վրայ, քանի որ ան ի վերջոյ կորուստ կը նշանակէ, եւ ոչ ոք կ՚ախորժի անոր ենթարկուելէ։ Բայց որքան տհաճ նո՛յնքան անխուսափելի իրականութիւն մըն է մահը, քանի որ կեանքի ամենէն յայտնի ճշմարտութիւնն է, այնքան ճշմարիտ, որ երբ ծնի որեւէ էակ, արդէն իր ծնունդով դատապարտուած կ՚ըլլայ մահուա՛ն։

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ տղաս մտաւ տուն: Հասկնալի է: Երիտասարդ է, եւ շաբաթավերջերը ընկերներով դուրսը անցընելը բնական է, սակայն իբրեւ ծնող՝ նաեւ բնական է մտահոգուիլը:

Էջեր