Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ար­դէն հրա­ժեշտ կու տայ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն եւ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիւ­րե­րուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան յարկէն ներս հետաքրքրական հանդիպում:
Փիթըր Ճամպազեան. «Շարժումները շատ աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն կը գործեն խօսքերուն բաղդատմամբ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

«Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեան տակ գոր­ծող Թոփ­հա­նէի DEPO-ի յար­կէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին շա­հե­կան ա­սու­լիս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ պրա­զի­լա­հայ լու­սան­կա­րիչ Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի հետ, որ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն առ­թիւ այ­ցե­լեց քա­ղաքս։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցուե­ցաւ Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ նոյն շար­ժա­ռի­թով հրա­տա­րա­կուե­ցաւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ալ­պո­մը՝ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային չորրորդ նկարչութեան մրցոյթին եզրափակիչ փուլը:
Թաքսիմի «Փոինթ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ըն­կե­րա­յին կեան­քի ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ ընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թեան ու ան­դոր­րու­թեան վտանգ սպառ­նա­ցող մարդ­կա­յին ա­րարքն է՝ դա­տար­կա­խօ­սու­թիւ­նը, այ­սինքն ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ եւ սնա­մէջ ա­մէն խօ­սակ­ցու­թիւն եւ նող­կա­լի ու­նայ­նամ­տու­թիւնն է մար­դոց, այ­սինքն ա­ռանց հե­տե­ւան­քը խոր­հե­լու, ա­ռանց դա­տե­լու, բա­նա­կա­նու­թեան ներ­հակ գա­ղա­փար յայտ­նե՛լ, ո­րոնք ա­մե­նէն շատ վնաս կը պատ­ճա­ռեն մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քին, մարդ­կու­թեան ընդ­հա­նուր կա­ռու­ցուած­քին, կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեա­նը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Մոս­կուա պա­տաս­խա­նեց Ան­գա­րա­յի վեր­ջին քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հնչե­ցուած էին՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րոշ­ման օգ­տա­գործ­ման բե­րու­մով։ Թրքա­կան կող­մի բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան զու­գա­հեռ՝ Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ը­սաւ.
 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մը մաս­նակ­ցե­ցաւ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ իր տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ժա­մա­նակ ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ սա­ղի­մա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին թեկ­նա­ծու­նե­րէն ոե­ւէ մէ­կը չէր կրցած քուէ­նե­րու 50 տո­կո­սէն ա­ւե­լին ստա­նալ, ե­րէկ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցաւ երկ­րորդ փու­լը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի նախագահները խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Իլհամ Ալիեւ բաւարարուած է Ֆրանսուա Օլանտի կարգաւորման ուղղեալ աշխոյժ դերակատարութեամբ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ կրակ ժայթքել ան երկիրներուն դէմ, որոնք կ՚աջակցին հայոց պնդումներուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Նախ եւ առաջ մի առ մի թող մաքրեն իրենց սեփական պատմութեան արատները»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

UCLA-ի եւ «Tarih Vakfı»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ գիտաժողով՝ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ:
Աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններէն մասնագէտներ չորս գիտական նիստերու ընթացքին շահեկան զեկուցումներով հայկական հարցը խոշորացոյցի տակ առին բազում երեսակներով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

​Հայաստանի եւ Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարարները կը ծաւալեն քննարկումներ:
Տիտիէ Ռէյնտէրս շեշտը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ:

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

“Sayın Aram Ateşyan,
Türkiye Ermenileri
Patrik Genel Vekili

Ermeni vatandaşlarımız için özel bir anlam taşıyan bu günde, Birinci Dünya Savaşı şartlarında hayatını kaybeden tüm Osmanlı Ermenilerini bir kez daha saygıyla anıyor, çocuklarına ve torunlarına taziyelerimi sunuyorum.

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Ե­րէկ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը կամ ա­նոնց կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Սերժ Սարգսեան. «Ես կը հաւատամ, որ մենք կրնանք կերտել համերաշխութեան ու հանդուրժողականութեան աշխարհ մը»:
Մարդկութեան յիշողութիւնը՝ իւրայատուկ մաղ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ի առթիւ հիւրընկալեց միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները՝ միշտ խաղաղամէտ պատգամներով:
Փութին. «Մարդոց զանգուածային սպա-նութիւնը չի կրնար արդարացած ըլլալ»:
Օլանտ. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը աքտ է խաղաղութեան»:
Գարեգին Բ. «Համարժէք գնահատական չտրուիլը՝ նախադէպ նոր ոճիրներու»:
Նիքոլիչ. «Եզրոյթը կը շահարկուի քաղաքական մանր շահերու համար»:
Անաստասիատիս. «Չի կրնար անպատիժ մնալ անպատժելիութիւնը»:

 

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Թուր­քիա հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ վեր­ջին օ­րե­րուն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով ե­րէկ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաու­քի դէմ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Օ­պա­մա­յի Ապ­րիլ 24-ի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի շրջա­նին ապ­րուած­նե­րու տե­սա­կէ­տէ կը ցո­լաց­նէ միա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում մը, մինչ­դեռ այդ բո­լո­րը հա­յոց չափ թուրք ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ ալ կը ներ­կա­յաց­նեն զգայ­նու­թիւն։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թի­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեամբ օ­րուան ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նի մէջ գտուե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

​Ապրիլի 24-ին առթիւ երէկ երեկոյեան ժամը՝ 19.15-ին հերթական անգամ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ:
Թուրքիոյ մէջ հասարակական շրջանակներուն վերաբերմունքը հետզհետէ կը խրախուսէ հայկական հարցին շուրջ հարցաքննական միտքը:

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Իս­թան­պու­լի Ֆրան­սա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին նուագ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի։ Իս­թան­պու­լի մօտ Ֆրան­սա­յի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Միւ­րիէլ Տո­մե­նա­քի եւ ա­մուս­նոյն՝ Օ­լի­վիէ Պու­քէի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցան Հա­յոց Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րը։ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց, պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Էջեր