Արխիւ
Իսթանպուլի մէջ այսօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կ՚եզրափակուի վաղը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի համատեղ տանտիրութեամբ կազմակերպուած է այս գագաթաժողովը, որ աշխարհի 60 երկիրներէ ղեկավարներ համախմբած է Իսթանպուլի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամէն բան սկիզբ կ՚առնէր, երբ բրիտանական The Independant պարբերականը կը գրէր, թէ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճիւլիանի սէուտցի իշխանէ մը 10 միլիոն ամերիկեան տոլար ստանալու խոստում մը ստացած էր: Սէուտցի իշխանը, որուն անունը ցարդ կը մնայ անյայտ, Ճիւլիանիէն կը պահանջէր կարեւոր ճնշումներ իրագործել 2001 թուականին Նիւ Եորքի Twin Tower-ի յարձակման հետ սէուտցի ահաբեկիչներու առընչութեան մասին բոլոր տեղեկութիւնները թաքցնելու համար:
Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս բացուած է «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն» եւ փաստավաւերագրական նիւթերու սրահ:
Պետրոս Թերզեան. «Արցախի հողին վրայ կը գտնուի այսօրուան հայոց պատմութիւնը»:
«Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավարը այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տիմա Ալ Ուաուի կը հանդիսանայ պաղեստինցի ամենափոքր քաղաքական բանտարկեալը: Տասներկու տարեկան պաղեստինցի պարմանուհին երկուքուկէս ամիս բանտարկուած մնալէ ետք ազատ կ՚արձակուէր 24 Ապրիլ 2016-ին: Ուաուի ազատ կ՚արձակուէր Թուլ Քարմ շրջանին մէջ, ուր անոր դիմաւորելու եկած էր Պաղեստինի կառավարութեան Գերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցերով նախարար՝ Իսա Ալ Քարաքէհ ու անոր ընտանեկան պարագաները:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետին Հայաստան ուղեւորութիւնը այժմէն մեծ հետաքրքրութեան առարկայ:
Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Պապը պիտի ստորագրեն համատեղ յայտարարութիւն մը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 13-ին կ՚ոգեկոչենք մահուան 86-րդ տարելիցը նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արժանի տեղ գրաւած հայասէր օտարներու փաղանգին մէջ՝ կը զատորոշուի հայապաշտպանի իւրայատուկ լուսապսակով։
Հովանաւորութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի տեղական վարչութեան, Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներու ձեռնարկ՝ նուիրուած Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի: Ձեռնարկը նախաձեռնուած էր ի պատիւ Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի՝ իբրեւ մէկը լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներէն, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել անոր կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին:
«Կոմիտաս» լարայիններու քառեակը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Այս քառեակը միշտ նորովի հաճոյքով կ՚ունկնդրուի երաժշտասէրներուն կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, քանի որ Հայրը հաճեցաւ որ Արքայութիւնը ձեզի տայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 32)։
Կարելի է ըսուի, թէ այսօր Եկեղեցին երբեք ենթակայ չէ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ ազատ է ու խաղաղութիւն կը վայելէ։ Երեւութապէս այսպէս է, բայց եթէ խորապէս ուսումնասիրուի, պիտի տեսնուի, թէ «անունով քրիստոնեաներ»՝ որոնք կը կազմեն Եկեղեցին, այնքան համակերպած են աշխարհի, որ շատ քիչ հակառակութիւն ունի անոր հետ, եւ նոյնիսկ երբեք չունի՛։
Ռուսաստանի Դաշնութեան Քազան քաղաքին մէջ Մայիսի 12-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ Սամպոյի Եւրոպայի տղամարդոց, կանանց եւ մարտական սամպոյի առաջնութիւնը, որուն Հայաստանը ներկայացաւ իր լաւագոյն մարզիկներով:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Գիրքի սիրահարը յաւերժութիւն գացած է, գիրքերը չէ կրցած իրեն հետ տանիլ:
Եթէ տարած ըլլար, միամիտներ ցաւ պիտի չզգային: Գիրքերն ալ որբ պիտի չմնային:
Վաղը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Թանգարաններու գիշեր»ը, որ կ՚իրականացուի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան բնագաւառին մէջ ամենահին միջազգային կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՕՄ) առաջարկով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյներու եւ Պարսիկներու հաճութեամբ ու հաւանութեամբ ե՛ւ միջամտութեամբ 350 թուականին, կուրացած Տիրանի մանկահասակ որդին Արշակ թագաւոր դարձաւ։ Արշակի թագաւոր դառնալէն յետոյ երկրի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ։
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը՝ գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորութեամբ, այժմ կը նախապատրաստուի Եւրոպայի ախոյենութեան:
Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) նախաձեռնութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ հասարակական քննարկում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան առողջապահական ծառայութիւններուն վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի Ուսումնահետազօտական կեդրոնէն ներս վերջին շրջաններուն բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի լուրջ թափով։
Թուրքիա պատրաստ է հիւրընկալել հերթական միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Այս Երկուշաբթի, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կը տեւէ երկու օր։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարնան մեղմանուշ զեփիւռը կը համբուրէ կարծես լիճին մակերեսը: Համբոյրը թեթեւ շարժում մը կ՚առաջացնէ ու շարժումը տարածուելով մանր ալիքներ կը ստեղծէ, որոնք լճափի ցանկապատին հպելով մեղեդային խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զեփիւռին կ՚ողջունեն նաեւ շրջակայ ծառերը: Ահա բարտին, որուն տերեւները ծափահարելով կը քաղցրացնեն երաժշտութեան մեղեդայնութիւնը, արեւու լուսաճաճանչ ճառագայթները տերեւներու ծափծփանքին գեղեցիկ, փայլփլուն տեսք մը կը հաղորդեն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1886 թուականին Մայիսի 12-ին ծնած է Նշան Գրիգորեան: Ո՞վ է Նշան Գրիգորեան, որուն անունը ներառուած է հանրագիտարաններու եւ այլ տեղեկատուական հրատարակութիւններու մէջ, իբրեւ նշանաւոր հայ մը: