Արխիւ
Վիեննայի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Միջուկային անվտանգութեան հարցերով միջազգային նախարարական համաժողովը։ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան 140 երկիրներէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան կ՚ընդունուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ Հուլուսի Աքար Ատանայի մէջ ունեցաւ շարք մը շփումներ, տեղւոյն վրայ քննելով բանակի ստորաբաժանումներուն կացութիւնը։
Հալէպի Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդանանց հայկական եկեղեցիները կը մնան կանգուն:
Հակառակ ծանր վիճակին ու ռմբակոծումներուն անոնք կը դիմադրեն բոլոր փորձութիւններուն:
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» համալիրէն ներս բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
«Քլաուտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնը կ՚ընդգրկէ մասնագիտական բազմաթիւ բաժանմունքներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի վերջոյ Սթրազպուրկ կը տեղափոխէ Թուրքիոյ դէմ անցեալ տարի բացած իր դատը:
Անթիլիասի ներկայացուցիչները վաղը Պրիւքսելի Մամլոյ ակումբի երդիքին տակ հանդէս պիտի գան մասնաւոր ասուլիսով մը՝ միջազգային մետիային եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն համար: Այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացուի որպէս պատմական քայլ՝ Սահմանադրական ատեանի մերժումէն ետք:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Ամանորի ընդառաջ աւանդական քէրմէսի նախապատրաստական աշխատանքները թափով կ՚ընթանան ի նպաստ Մէրամէթճեան վարժարանի։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, որոնք մեր այցելութեան փութացին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ։ Այսպէս մեր հիւրերն էին՝ Եւգինէ Վանլը, Նուրհան Սուճեան եւ Եդուարդ Պալճը։
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութիւնը «Արմէնփրէս» եւս երէկ անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին։ Գործակալութիւնը մատնանշած է, որ երկրի Քննչական վարչութիւնը այս հարցին շուրջ որպէս վկայ ունկնդրած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց այն ինն նորաօծ քահանաները, որոնց ձեռնադրութիւնը կատարուած էր վերջերս։ Նորապսակ քահանաներուն կ՚ընկերանար լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայերէնը կրկին քննարկման առարկայ էր վերջերս Երեւանի մէջ: 26 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ գործող «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդաց խորհուրդը Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կազմակերպեց «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագրեալ համաժողովը, որուն աւարտին մասնակիցներու եզրայանգումը մէկ էր՝ արեւմտահայերէնի լեզուական հայրենիքը պէտք է ըլլայ Հայաստանը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Նախապէս գիւտերը արդիւնք էին միայն անհրաժեշտութեան մը, կարիքի մը: Այժմ յառաջացած է շուկայական մրցակցութեան գործօնը եւ զարմանալի չէ, որ ընկերութիւններ այս առաջադրանքով բուռն մրցակցութեան դաշտ նետ-ւած են: Այս ընթացքով կարծես թէ մարդը կը սկսի դառնալ երկրորդական…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներսէս Լամբրոնացի կ՚ըսէ, թէ՝ ինչպէս հացը մեր նիւթական մարմինը կը զօրացնէ, այնպէս ալ Անոր երախտարժան գործերու յիշատակը՝ մեր հոգիները։
«Սարեան» լարային նուագարաններու քառեակը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Սա ուսուցողական երաժշտական համերգային ծրագիր մըն էր, որ նախատեսուած էր պատանիներու համար։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց լուսանկարիչ Նուրհան Աքքայան, որ վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Երեւանի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ լրագրող Սեւան Աթաօղլու, որ այդ ցուցահանդէսին կազմակերպման աշխատանքները համակարգած էր։
Իտալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէ մը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր բարձրացնել իր լիազօրութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ ժողովուրդը ընթացք չէ տուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ միաբեւեռ աշխարհը կքած է։ Ռուսական NTV հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան քննադատեց Արեւմուտքը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յայտարարեց, որ Իսրայէլ որդեգրած է վտանգաւոր ընթացք մը։ Ուաշինկթընի մէջ, Ռուքինկզի կաճառէն ներս կազմակերպուած ֆորումի մը ընթացքին Ճոն Քերի խօսեցաւ Իսրայէլ-Պաղեստին յարաբերութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայ շաբթուան տեւողութեան շարք մը ժողովներու կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ։ Ան այսօր Վիեննայի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Միջուկային անվտանգութեան նախարարական համաժողովին։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նախարարը ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, որու հետ ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներու շուրջ։