Արխիւ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը արտասովոր օրեր կ՚ապրի՝ թաղի Վարդանանց երգչախումբի հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելենական ներկայ շրջանին։ Զուգահեռաբար համայնքի արուեստասէրներն ալ կը վայելեն այս յոբելեանը թէ՛ կազմակերպուած ձեռնարկներով եւ թէ մանաւանդ անոնց միջոցաւ այս յոբելեանի իմաստին հաղորդ դառնալով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը՝ որ կ՚ապրի մարդ, անակնկալներով լեցուն ընթացք մըն է, եւ այս պատճառով, ան խորհուրդ մըն է՝ անծանօթ, անըմբռնելի՛։ Մարդ կ՚ապրի կեանք մը, բայց ո՞րքան կ՚անդրադառնայ, ո՞րքան կը խորանայ անոր իմաստին, ո՞րքան կը թափանցէ անոր այդ խորհուրդին։ Արդարեւ, կեանքը պատահաբար ապրիլ ուրիշ բան է, գիտակցաբար ապրիլ ուրի՛շ բան։
Հովանաւորութեամբ Հալէպի Պետական համալսարանի նախագահ Տքթ. Նայէֆ Սալթիի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, Հալէպի Պետական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական մշակոյթի շաբթուան:
«Կանգառ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ» խորագրով համերգը, Փոքրիկ Հայաստանի սրտին մէջ, Մայիսի 13-ին լոսանճելըսցիներուն պիտի ներկայացնէ հայկական մշակոյթը: Երաժիշտներ Արտեոմ Մանուկեանն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ «Այա» պարախումբը պիտի ներկայանան կատարումներով, իսկ նկարչուհի Արփինէ Շահպանտարեանը՝ իր արուեստի գործերով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միշէլ Փիէռ Փարաւոն: Լիբանանի Պետական ծրագրաւման նախարարը, որ 1996 թուականէն սկսեալ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ է:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ գիշեր Իսթանպուլէն անցնելով այս առաւօտ հասաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
ԳՀԽ-ի Մոսկուայի մօտալուտ ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ընդառաջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Վեհափառ Հայրապետին մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապին վերջին իրադարձութիւնները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կարելի չէ մերժել Արմանին հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ հոս, այս նկուղին մէջ պատրաստուած գինին ըմպելը ինքնին բախտաւորութիւն է: Արմանին բաժակաճառէն ետք քիմքիս կը հպի տարբեր, հաճելի համ մը, որ զովութիւն կը պարգեւէ, վարպետ ձեռքերու գործ է ու այս նկուղին մէջ պահուելուն արդիւնքն է կ՚երեւի գինիին այս եզակի համը:
Գայիանէ Պրէիովայի «Խոհանոց Գայիանէ-ճան» գիրքը ընդգրկուած է համաշխարհային խոհարարական գիրքերու հեղինակաւոր «Gourmand 2017» մրցոյթի ցուցակին մէջ: Խոհարարական գիրքերու Gourmand մրցոյթը կ՚իրականացուի քսաներկու տարիէ ի վեր՝ խոհարարական աշխարհի մէջ համարուելով «Օսքար» մրցանակաբաշխութիւն։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը խրախուսելու նախաձեռնութիւն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան տեսակցեցաւ Երեւանէն եկած նոր սերունդէ գործիչներուն հետ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը երէկուան աւարտականներով հասաւ իր աւարտին։ Միջվարժարանային եռօրեայ այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի ունեցաւ՝ արժանանալով մեր համայնքի ուշադրութեան։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հիւրընկալ դպրոցի սրահին մէջ։
Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան երիտասարդ համակրելի աստղերէն Գուրգէն Տապաղեան երէկ երեկոյեան անմոռանալի ելոյթով մը գրաւեց պոլսահայ արուեստասէրներու սիրտը։ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբի հիմնադրութեան 85-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, գրեթէ մոռցած են սէրը, ողորմածութիւնը եւ ներողամտութիւնը՝ կուրացած են կիրքերէ եւ ատելութենէ։ Մարդիկ այս մղումներով կ՚ապրին ընդհանրապէս ինքնակեդրոն կեանք մը՝ հոգեպէս կղզիացած, որքան որ մաս կը կազմեն ընկերութեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Երեւանէն՝ երգիչ Գուրգէն Տապաղեանը։ Վարդանանց երգչախումբի 85-ամեակին առթիւ, Տապաղեան այսօր երեկոյեան հանդէս կու գայ համերգով մը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեանք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղաքին աղմուկէն, ժխորէն, բազմութենէն հեռո՜ւ, եօթանասունէն ութսուն տարիներու բեռին տակ, եթէ ո՛չ մարմնապէս, բայց հոգեպէս կքած՝ կեանքին վերջալոյսը դիտելով զբաղած երկու ծերունիներ, գարնանային պայծառ ու տաք առաւօտ մը, ջերմ ու խանդոտ սրտով, կենսալիր, հանդիպեցան իրարու։
Գիտական եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներուն մէջ օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի համար:
«Լեզուի պահպանումը ամենէն դժուար հարցերէն մին է, անկեղծօրէն ըսեմ՝ հայախօսութեան ապագային համար լաւատես չեմ»:
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տան մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Մայք Փենս, որու հետ առանձին ալ հանդիպած է Քվիրիքաշվիլի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վրացի վարչապետի շփումներուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն վերաբերեալ հարցեր։


