Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի վրայ կը կար­դանք.-
Հա­լէ­պի հայ­աբ­նակ շրջան­նե­րը նա­խըն­թաց օր դար­ձած են ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րուն թի­րա­խը: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ինքնաշարժներու շարասիւնը յարձակման ենթակայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն դէմքեր զօրակցեցան ընդդիմադիր ղեկավարին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը վերաձեւաւորէ Սուրիոյ հաւասարակշռութիւնները, ստեղծելով միջազգային լայն արձագանգ:
Թրքական զօրքերը երէկ Ճերապլուսի մօտակայքին ռմբակոծեցին նաեւ ԵՓԿ-ի շարքերը: Զօրավար Կերասիմով Անգարա կ՚այցելէ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

​Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ դամբանական մը: Համայնքային շրջանակները խորապէս վշտակցեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ ընտանիքին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

​Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը ըսաւ. «Կարելի՞ բան է, որ պահպանենք յանցագործ մը»:
Ճօ Պայտըն Անգարայի մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց իր երկրի եւ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգերուն միջեւ առկայ տարբերութիւններուն վրայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

​Թուրք զինեալ ուժերու լայնածաւալ գործողութեան շնորհիւ Ճերապլուս ամբողջութեամբ մաքրագործուեցաւ ԻՇԻՊ-էն:
Ճոն Քերի հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլուին տեղեկացուց, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերը կը վերադառնան իրենց նախկին դիրքերը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Կեան­քի յա­րա­ցոյց­նե­րը, այ­սինքն կեան­քի ի­տէա­լը եւ մտա­տի­պա­րը եր­կին­քի չափ բարձր են։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ան­մար­մին են եւ ան­հա­սա­նե­լի։ Եւ հո­գին կը հիւ­սէ՝ զա­նոնք կեն­դա­նի ներշն­չում­նե­րով այն ե­րա­զանք­նե­րուն՝ ո­րոնց անձ­նա­տուր կ՚ըլ­լայ շնոր­հիւ իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ան­ցեալ շա­բաթ այս սիւ­նա­կին մէջ հար­կա­դիր պա­տաս­խան մը հաս­ցէագ­րած էինք Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նի կող­մէ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի մէջ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մա­սին յա­ռաջ քշուած շարք մը պնդում­նե­րուն շուրջ։ Ան­ցաւ շա­բաթ մը եւ հի­մա Բագ­րատ Էս­դու­գեան ստո­րագ­րած է ու­րիշ գրու­թիւն մը՝ «Ա­ւարտ ան­հա­ճոյ վէ­ճի» խո­րագ­րեալ։ Կարճ խօս­քով, հրա­դա­դար կ՚ա­ռա­ջար­կէ մեր բա­րե­կա­մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Մէկ ձեռ­քով ան­թա­ցու­պը բռնած, ճամ­բու եզ­րին ոտ­քի կե­ցած է ծե­րու­նին, միւս ձեռ­քով ալ հրա­ժեշտ կու տայ իր անդ­րա­նի­կին: Ակն­թարթ մը, ո­րուն ե­տին կ­­՚ու­րուագ­ծուի մեծ ու զգա­յա­ցունց պաս­տառ մը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

Ազ­գա­յին եր­գի ու պա­րի ու­ղեկ­ցու­թեամբ՝ Ռու­սաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մոս­կուա­յի մէջ, մեթ­րո­յի կա­յան­նե­րէն մէ­կուն կից հրա­պա­րակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ, հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան ար­տա­դա­րանք­նե­րու «Ար­մէքս­պօ» մաս­նա­գի­տա­ցուած տօ­նա­վա­ճա­ռը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ բա­րե­րար, Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ կարգ մը զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րու ներդ­րող՝ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­մու­լը յա­ճախ անդ­րա­դար­ձած է: Ինչ­պէս նաեւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նուած է ա­նոր տիկ­նոջ՝ Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի հա­մա­հիմ­նա­դիր Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պեն­տի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Վեր­ջերս մա­մու­լի ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած է նաեւ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի որ­դին՝ Դա­ւիթ Վար­դա­նեա­նը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

Դա­սա­կան դրա­մա­գի­տա­կան խմբա­կին (CNG) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, հայ­կա­կան հնա­ւանդ դրամ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած անգ­լե­րէն հա­տոր մը՝ «Armenian Coinage in the Classical Period» ա­նու­նով, լոյս տե­սած է հե­ղի­նա­կու­թեամբ գա­լի­ֆոր­նիա­ցի դրա­մա­գէտ Ֆրենք Լ. Քո­վաք­սի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

Այ­սօր ե­րե­կո­յեան, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ կը սկսի «Հայ­կա­կան աշ­խար­հը հա­մա­ցան­ցի մէջ» գի­տա­ժո­ղո­վը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­մալ­սա­րա­նի կեդ­րո­նա­կան շէն­քին Գի­տա­կան խոր­հուր­դի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փա­փա­քին գրա­ւել իր եր­կի­րը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

Տիար­պա­քը­րի եւ Պին­կէօ­լի մէջ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան վեց զի­նուոր­ներ։ Տիար­պա­քը­րի Լի­ճէ գա­ւա­ռա­կէն ներս, Ա­պա­լը-Թա­փան­թե­փէ շրջան­նե­րու մի­ջեւ պաշ­տօ­նա­վա­րող ոս­տի­կան զօ­րաց վրայ ե­րէկ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­հա­բե­կիչ­նե­րը յար­ձա­կում մը գոր­ծե­ցին հրթիռ­նե­րով եւ հե­ռա­հար հրա­ցան­նե­րով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

​Սեփական լրատուութիւն.-

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նախաձեռնութիւնը:
Հայկական Wikipedia մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքին կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ երիտասարդներ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016

Հա­յաս­տա­նէն թարմ պտուղ-բան­ջա­րե­ղէ­նի ար­տա­հան­ման ծա­ւալ­նե­րը ա­ռայժմ կը  գե­րա­զան­ցեն նա­խորդ ամ­բողջ տա­րուան ընդ­հա­նուր ցու­ցա­նի­շը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016

Ռիօ Տէ Ժա­նէյ­րո­յի մէջ ա­ւար­տե­ցան 31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը: Մա­րա­քա­նա մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու փակ­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը: Փակ­ման այս հան­դի­սու­թեան գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ անձ­րե­ւին տակ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016

ՄԱԿ-ի զար­գաց­ման ծրա­գի­րը Կա­նաչ կլի­մա­յա­կան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ ստա­ցած է 20 մի­լիոն տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ՝ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով ու­ժա­նիւ­թի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու, ծախ­սե­րը, ինչ­պէս նաեւ ած­խա­ծի­նի եր­կօք­սի­տի ար­տա­նե­տու­մը նուա­զեց­նե­լու հա­մար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Սի­սի եր­բեմ­նի մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­կան հա­մա­լի­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին ճա­կա­տա­գի­րը կը մնայ անս­տոյգ։

Էջեր