Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­կող­մա­նի այս հեր­թա­կան տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թիֆ­լի­զի մէջ, այս Ուր­բաթ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

«Րէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, Թուրքիա միջազգային համախոհութեան հետ շփման մէջ է՝ Սուրիայէ ներս ցամաքային գործողութիւններու համար:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ երէկ վերջին իրադարձութիւններուն մասին բացատրութիւններով հանդէս եկաւ խորհրդարանի ժողովին ընթացքին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր ե­րե­կո­յեան կ՚ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Պա­քու, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Վա­ղը Պա­քուի մէջ նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նի զօ­րակ­ցե­լու հա­մար սու­րիա­հա­յու­թեան։ Աշ­խար­հի ա­մէն կողմ հա­յու­թիւ­նը կը փոր­ձէ զօ­րակ­ցիլ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով դժոխ­ա­յին վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուած հա­յու­թեան։ Այս շար­ժու­մէն ան­մասն չեն նաեւ պոլ­սա­հա­յե­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

«Չըփ­լաք ա­յաք­լար քում­փա­նեա­սը»ն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Թոփ­հա­նէի իր աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ար­դի պա­րի նոր ե­լոյթ մը։ «Սար» կո­չուած է այս ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րու հա­մա­հե­ղի­նակ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան Միհ­րան Թով­մա­սեան եւ Սա­րօ Ուս­տա։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Հետզ­հե­տէ ա­ռա­ւել սուր բնոյթ ստա­ցող ներ­գաղ­թեալ­նե­րու հրա­տապ թղթած­րա­րը ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ աշ­խար­հագ­րա­կան ըն­դար­ձակ­ման հետ կը դրսե­ւո­րէ բո­լո­րո­վին նոր ե­րե­սակ­ներ, ո­րոնք ա­նակն­կա­լի կը մատ­նեն «գի­տուն» Ա­րեւ­մուտ­քը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Փետ­րո­ւար 15-ը ծննդեան տա­րե­դարձն է հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ­նե­րէն ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի, որ կը հան­դի­սա­նայ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրող­նե­րու փա­ղան­գին կրտսե­րա­գոյն ար­ժա­նա­ւո­րը եւ, միան­գա­մայն, բարձ­րո­րակ տա­ղան­դա­ւո­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ փայլուն եւ եզակի երեկոյթ մը:
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը մեկնաբանեց Մոցարթի եւ Շոփէնի ստեղծագործութիւնները:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ռա­ջին մար­դը՝ Ա­դամ, ե­դե­մա­կան դրախ­տին մէջ ե­րա­նա­կան կեանք մը ու­նէր եւ ինչ­պէս Շա­րա­կա­նա­գի­րը կ՚ը­սէ՝ «Այն­տեղ ան կը ցնծար՝ ա­ռանց տխրու­թեան կը զուար­ճա­նար տրտմու­թիւն չճանչ­ցող խնդու­թեամբ»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, ֆա­քիւլ­թէի շէն­քի մուտ­քաս­րա­հին մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցուե­ցան ե­րեք ան­մո­ռա­նա­լի ա­կա­դե­մի­կոս­նե­րու՝ Հրանդ Թամ­րա­զեա­նի, Ե­դուարդ Ջրբա­շեա­նի եւ Ար­սէն Տէր­տէ­րեա­նի կի­սանդ­րի­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Ֆրան­սա­յի Մի­յէն քա­ղա­քին մէջ ար­գի­լուե­ցան թրքե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն դա­սե­րը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ ար­ձա­գանգ գտած այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած է տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տին՝ Ֆրան­սուա Պու­շէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ան այս կար­գադ­րու­թիւ­նը հիմ­նա­ւո­րած է իր շրջա­նին մէջ դպրոց­նե­րէ ներս անվ­տան­գու­թեան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

«100 LIVES» նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նադրած «Աու­րո­րա» (Aurora) մրցա­նա­կի ար­ձա­նի­կի գծագ­րա­կան պատ­կե­րը պի­տի ստեղ­ծեն Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ա­րուես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի սա­նե­րը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­լէ­պի ի­րադ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ծանր եւ մտա­հո­գիչ։ Ե­րէկ կէս գի­շե­րէն ետք ա­հա­բեկ­չա­կան  խմբա­ւո­րում­նե­րու կա­տա­րած հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով փուլ ե­կած են եր­կու շէն­քեր, ո­րոնց­մէ մէ­կուն մէջ քա­ղա­քա­ցի մը ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րուած ու մա­հա­ցած է, մինչ ա­նոր քոյ­րը  փո­խադ­րուած է եւ մին­չեւ այս պա­հը կը գտնուի հի­ւան­դա­նո­ցա­յին խնամ­քի տակ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պէյ­րու­թի մէջ իր մահ­կանացուն կնքեց բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Պերճ Ֆազ­լեան: Պո­լիս ծնած Ֆազ­լեան կը հա­մա­րուի լի­բա­նա­նեան թատ­րո­նի կա­րե­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն մին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

​Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին դիւանագիտական երթեւեկ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Վիքթորիա Նուլանտ քննարկեցին հայ-ամերիկեան փոխյարաբերութիւններուն ընթացքը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած եր­կու ամ­բաս­տա­նագ­րե­րուն միաց­ման զու­գա­հեռ նոր դա­տա­վա­րու­թեան թուա­կանն ալ ճշդուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

Թուրքիոյ սաստիկ ռմբակոծումները փոփոխութեան կ՚ենթարկեն Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Ուքրայնոյ շփումներուն ընթացքին ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Ռուսաստանին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը իր ե­զա­կի տեղն ու ար­ժէ­քը նո­ւա­ճած է նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ։ Ա­ւե­լի՛ն. ա­մենէն վճռո­րոշ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քակր­թա­կան զար­գաց­ման­ մայր հո­սան­քին վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած բազ­մա­դա­րեան պե­տա­կա­նա­զուրկ կեան­քի բեր­մամբ՝ ոչ միայն հո­գեմ­տա­ւոր, այ­լեւ՝ ազգա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նոր­դու­թեան կո­չո­ւած է հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​«ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Անի Պալըխեան. «Առաջնահերթը բնակարաններու խնդիրն է։ Տուն ապահովելու կարելիութիւնը սուրիահայու ամենակարեւոր հարցի լուծումն է»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քին խնա­մա­տար (vasi) մը նշա­նա­կե­լու պա­հան­ջով բա­ցուած դա­տը վեր­ջին օ­րե­րուն վերս­տին կը զբա­ղեց­նէ հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր դա­տա­վա­րու­թիւն մը, ար­ձա­գանգ­նե­րը ար­դէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են հա­մայն­քէն ներս։

Էջեր