Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28-ին լրացաւ մահուան 69-րդ տարելիցը հայ մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման բանասիրական մեծ գործին եւ ազգային նուիրական ծառայութեան մարզին մէջ հսկայական եւ մեծարժէք աւանդի տէր Գարեգին Լեւոնեանի (1872-1947)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի պատմական նշանակութեան ու անոր դերին մասին շատ գրուած է: Մենք՝ հայերս կը հաւատայինք, ու դեռ ալ կը հաւատանք, որ Հալէպը մեզի համար միայն կարեւոր տեղ մը ունի:
Այսօր Աշտարակի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Պոպոկի մրցոյթ-փառատօն»ը։ Պոպոկի (ընկոյզ) փառատօնը-մրցոյթը կ՚իրականացուի չորրորդ տարին ըլլալով՝ հայրենադարձ գործարարներ Պաղտատեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, Աշտարակի «Պասկալ եւ Դիոդատո» սրճարանին մէջ, Կարմրաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն»ը կ՚արտայայտէ անձին ինքնութիւնը եւ էութիւնը, եւ անոր կեանքին իմաստը։
Աստուած ալ, այս իմաստով ունի անո՛ւն մը։
26 Սեպտեմբեր-5 Հոկտեմբեր թուականներու միջեւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ 1960-1961 թուականի աշխարհի ճատրակի ախոյեան Միխայիլ Տալի (1936-1992) յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը։ Սոյն մրցաշարքին կը մասնակցի Լեւոն Արոնեան:
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւան քաղաքի «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուան կարգախօսն է «Երեւան արեւի քաղաք»: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան ձեռնարկներու աշխատանքային խումբի համակարգող, փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Մխիթար Աբբահօր ի յիշատակ պատրաստուած ցուցատախտակ մը, որ զետեղուեցաւ դպրոցի շէնքի մուտքը։
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներուն նորակերտ յուշարձան-դամբարանին պաշտօնական բացումը։ Այս շիրիմը կառուցուած է Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու բարերարութեամբ, ի յիշատակ իրենց հոգելոյս ծնողաց՝ Շնորհիկ եւ Վահրամ Քըրմըզեաններու, որոնք անցեալի մէջ եղած են Սկիւտարի բնակիչներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անոնք անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, եւ մանաւանդ Հալէպի կացութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ դարձած է՝ բախումներու սաստկացման հետեւանքով։
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է եզակի գործ մը, որ կը դասուի հայկական գրականութեան ամենայատկանշական երկերու շարքին։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ լոյս տեսած է Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ 2016» մրցանակաբաշխութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը կրթական մշակները համեմատեց աւետարանական բարի սերմնացանի կերպարին հետ ու շեշտեց, որ անոնք իր մշտական աղօթքներուն մէջ են:
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնը ընթացքի մէջ:
Հաղբատի պատմական վանքէն ներս կազմակերպուած համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլորին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս, արտաքինին, տեսնուածին նայելով կու տան իրենց որոշումները՝ անոնց համար կարեւորը արդիւնքն է եւ չեն հետաքրքրուիր այդ «արդիւնք»ը արտադրող «պատճառ»ով։ Զոր օրինակ՝ պտուղը կ՚ուտեն, բայց այդ պտուղը հասցնող ծառին եւ անոր արմատներուն ուշադրութիւն չեն ըներ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Այո՛, ժողովուրդը քիչ մը պարելու եւ զուարճանալու երաժշտութիւն կ՚ուզէ, բայց պէտք է մենք մեր բարձր արուեստը՝ մեր Կոմիտաս Վարդապետը, Սայաթ Նովան, Կարա Մուրզան, Գալանտերեանը պահենք, որպէսզի մեր մշակոյթը բարձր մնայ»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր հանճարեղ զաւակներէն ամենէն սրտամօտին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած եւ աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քսանհինգամեայ անկախ հայրենիքը կը թնդայ իր արծաթեայ տարեդարձը տօնելով: Ամէն տեղ կը ծածանի եռագոյնը, ամբողջ ժողովուրդը՝ մեծերն ու փոքրերը փողոցն են ու կ՚ուղղուին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ: Արծաթեայ յոբելեանը պիտի տօնուի նախ զօրահանդէսով, որուն նախապատրաստական փորձերը տեղի ունեցան ամբողջ անցեալ շաբթուան ընթացքին
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ շաբթուան հերթական Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Մուրատ Իչլինալչայի առաջնորդութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Քրիստին Ծառուկ վերջերս շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ կօշիկներու գծագրման մրցոյթի մը մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթներով հանդէս եկաւ Պէօրքլիի եւ Սթենֆորտի համալսարաններուն մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան հայկական կողմի տեսակէտները մանրամասնօրէն կը բացատրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլին շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լորտ Պայրըն կ՚ըսէ, թէ՝ «այս աշխարհի վրայ առաքինութենէ աւելի ազնուական եւ ընտիր բան չկա՛յ»։ Առաքինի մարդ ըլլալ կը նշանակէ՝ ազնիւ մարդ ըլլալ, ընտիր մարդ ըլլալ, տիպա՛ր մարդ ըլլալ եւ մէկ խօսքով՝ մա՛րդ ըլլալ։ Արդարեւ բազմաթիւ արարածներու մէջ «մարդ» ստեղծուած ըլլալ, «մարդ» անուանուիլ՝ իրապէս շնորհ մըն է, առաւելութիւն մը, բացառութի՛ւն մըն է։
