Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Օսլոյի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի մէջ կորսուած կամ ձերբակալուած ամերիկացիներու հարցերը եւ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի իրականացումը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսաստանի օրուան կապակցութեամբ ուղարկուած շնորհաւորականներուն, որոնց արտասովոր իմաստ մը վերագրուեցաւ կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան բերումով։
Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած նախագահներու հանդիպման ընդառաջ:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Ատրպէյճան կը ջանայ փակ պահել Լեռնային Ղարաբաղի նիւթը՝ դիւրութեամբ յառաջ տանելու համար իր քարոզչութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ արտասահման։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան առաջին փուլը կը հանդիսանայ Մուսկուան, ուր ան կը հիւրընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմին կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Որդան կարմիր ներկը կը վերահռչակուի աշխարհի մէջ: Երեւանի մէջ գործող «Սարդ» խանութներու ցանցը ԻՒՆԷՍՔՕ-ին առաջարկ մը ներկայացուցած է՝ հայկական այս ներկը ընդգրկելու մարդկութեան նիւթական արժէքներու ցանկին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր ազգային-եկեղեցական տօները ունի։ Հայ ժողովուրդն ալ ուրիշ տօներու շարքին ունի իր «լեզուի եւ մշակոյթի տօն»ը։ Այս կարգին է՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Թարգմանիչներ՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կը յիշատակուին Թարգմանչաց տօնին՝ որ կը նշուի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը։ Այս տարի կը հանդիպի՝ 16 Յունիս Հինգշաբթի օրուան։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ՝ Եւրոխորհուրդի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Պարոյր Յովհաննիսեան։ Այս առաքելութեան նստավայը կը գտնուի Սթրազպուրկի մէջ։
Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ Ռուսաստանի ուղղեալ շարժոյթով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Ռուսաստանի ազգային օրուան առթիւ շնորհաւորական նամակներ ուղարկեցին իրենց պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինին եւ Տիմիթրի Մետվետեւին։
Փութին այս Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մէկտեղէ Սարգսեանն ու Ալիեւը:
Յունիս 20-ին Մոսկուայի ջանքերով պիտի շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ քննարկումները:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը (ՀԱՀ) տեղեկացուց, թէ ընդգրկուած է Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուած համալսարաններու ցանկին մէջ։ ՀԱՀ-ի վկայականներու համարժէքութեան վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւնը արդէն հասանելի է Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի (YÖK) պաշտօնական կայքէջին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքի օրակարգը արտասովոր նիւթով մը զգալիօրէն ծանրաբեռնուեցաւ վերջին օրերուն։ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշումով մը Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղեսպանութիւնը։
Սրբոց Երից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեայ յոբելեանը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց Պոյաճըգիւղի արարողութիւններուն:
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի հանդիպումը արեւելահայերէնի հետ ունի իր անցեալն ու ներկան. անցեալին, մասնաւորաբար Մեծ Եղեռնէն ետք, երբ դարձանք Սփիւռք, մեր երկրին հողը կորսնցուցինք, սակայն կարողացանք մեզի հետ բերել մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր լեզուն, մշակոյթը, մեր կենցաղը, մէկ խօսքով, ամէն ինչ որ կարելի էր փոխադրել միտքով եւ հոգիով:
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Արեւմտահայերէնը ո՞ր հորիզոնականին վրայ կարելի է զետեղել, այսօրուան իր տատանուող վիճակով ու վաղուան անորոշութեամբ։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց Գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, քահանայից դասու անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Փոխ-վարչապետ Նուրետտին Ճանիքլի յայտարարեց, որ կառավարութիւնը պատրաստութիւններ յառաջ կը տանի Գերմանիոյ դէմ պատժամիջոցներու գործադրութեան համար։
Պունտեսթակի որոշման յաջորդած մթնոլորտին մէջ համայնքային շրջանակները կը ջանան կողմնորոշուիլ՝ զանազան վարկածներու քննարկումով:
Նոյնաժամանակ կարեւոր խորհրդակցութիւններ:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստը, մինչ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս VADİP չորս ժամ տեւողութեան արժեւորեց իրադարձութիւնները: Գիշերուան ժամերուն հոգեւորական դասուն եւ աշխարհական վարիչներուն ներկայացուցիչները միասնաբար փոխանակեցին կարծիքներ: Թէեւ ընդհանուր լիարժէք համաձայնութիւն մը չգոյացաւ, սակայն բոլորը համակարծիք էին՝ համայնքէն ներս պառակտման մը տպաւորութիւնը կանխելու ուղղութեամբ:
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ VADİP-ի ժողովները ընդհանրապէս եւ սկզբունքօրէն բաց են մամուլին։ Բայց երէկուան ժողովը դռնփակ էր։