Արխիւ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։
Հանրաետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կագաւորման գործընթացէն ներս կայ յառաջխաղացում»:
Ըստ Վլատիմիր Փութինի, Ռուսաստան կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ Հայաստանին ռազմամթերք մատակարարելու ուղղութեամբ, մշակուած ծրագրերու շրջագծով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխին իրադարձութիւնները Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ վերստին օրակարգի վրայ են։ Օրինաւոր Ծխական խորհուրդը արդէն բոլոր պատրաստութիւնները տեսած է տաղաւարին առթիւ։ Տօնակատարութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայ Առաքելական հաւատացեալներուն տրամադրուած ֆրանսական եկեղեցւոյ մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամենաբարին Աստուած մեր երանութեան պատճառ եղող Աստուածսիրութեան պատուիրանէն անմիջապէս ետքը «ընկերսիրութիւն» կը պատուիրէ.
«Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 31)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հալէպահայ ծերունին՝ Յակոբը, ամէն օր իր բնակած տան մօտակայ այգին կը յաճախէ ու երկար ժամեր կը մնայ հոն, երբեմն նոյնիսկ ինքզինք մոռցած, պարապ ստամոքսին կանչն իսկ չի լսեր, միայն կը դիտէ չորս դին. համակերպած է ան Երեւանի մէջ ապրելու, թէեւ ամիսներ շարունակ կը տրտնջար ու կ՚ընդվզէր ամէն բանէ։ է՜հ, ի՞նչ խօսք, դժուար է հարկաւ...:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն Չորեքշաբթի, այս անգամ եւս Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին լեցուած էր հոծ թիւով հաւատացեալներով, որոնք երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն։
Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ Մնջախաղի միջազգային փառատօն մը, որ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աղբի թեման կը շարունակէ մնալ արդիական: Պայման չէ, որ աղբը անպայման գարշահոտ ըլլայ: Այսօր, աշխարհը աւելի «քաղաքակիրթ» աղբի մէջ խորտակուելու վտանգին դէմ յանդիման կանգնած է: Այդ մէկը ելեկտրոնային աղբն է, որուն ծաւալը նոյնքան խելայեղօրէն կ՚աճի, որքան՝ կենցաղային ու խոհանոցային աղբին ծաւալը:
Ֆրեզնոյի, Միացեալ Նահանգներ, Հայկական թանգարանին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 2-Դեկտեմբեր 16 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ «Արցախի Ոգին» խորագրեալ։
Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը աւարտած է իր աշխատանքները՝ որդեգրելով բանաձեւ մը, որ ուղղորդիչ պիտի ըլլայ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համար՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով ձերբակալուեցան ոստիկան զօրաց հինգ անդամներ։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ Շրնաքի, Մարտինի եւ Տիարպաքըրի մէջ իրականացուց յարձակումներ։
Հալէպի մէջ սաստկացած բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուեցաւ հայ համայնքի անդամներէն Սագօ Գույումճեան։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, քաղաքի հայաբնակ թաղամասերէն Նոր Գիւղէն անցնելու ժամանակ իրեն զուգադիպած է փամփուշտ մը։
Հայ-ազէրի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը յառաջ կը տարուին՝ Անգարա-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի դրութիւն մը ստեղծելու որոնումներու մթնոլորտին մէջ:
Վլատիմիր Փութին. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան իսկապէս կը փափաքին գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին լուծումը»: Ռուսաստան կ՚ենթադրէ հաշտութեան եզր մը՝ առանց պարտուողներու կամ յաղթողներու:
Սերժ Սարգսեան. «Հարցը անկարելի է լուծել՝ յղում կատարելով հետեւանքներուն, այլ ոչ թէ պատճառներու վերացման։ Շատ կարեւոր է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացումը»:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները քննարկումներ կը կատարեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հարցերուն շուրջ։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին տեսակցութեան արդիւնքը կը համարուի գերազանց:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ նոր էջ մը բացուեցաւ: Աքքույուի մէջ կառուցուելիք հիւլէակայանին համար սահմանուեցաւ ռազմավարական ներդրումի կարգավիճակ:
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ տարածքաշրջանային բազմաթիւ խնդիրներու լուծման:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ռիոյի Ողիմպիականներուն յաջող մասնակցութիւն կը բերէ ամերիկահայ Նարեկ Կիւրեղեան։ Ան որդին է նախկին պոլսահայ Միրիճան Կիւրեղեանի։
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Քայաէր արդէն իր պաշտօնը փոխանցած է Թամար Ներկիզին։ Ան Գալֆաեանի ընտանիքէն հրաժեշտ կ՚առնէ յուզումնախառն զգացումներով։
Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի իր հերթական ժողովը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ նիստին ընթացքին կարեւոր որոշում մը առնուած է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Այսպէս, խորհուրդը որոշած է փոփոխութեան ենթարկել Պէյքոզի հայոց գերեզմանատան տարածքին կարգավիճակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնութիւնը, եւ ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքին հի՛մն է։ Ուստի ամուսնութիւնը, մարդկային ամենահին եւ էական միութիւնն է, քանի որ մարդկութիւնը կը գոյատեւէ որդեծնութեան շնորհիւ եւ կը շարունակէ սերունդէ՜ սերունդ՝ ընտանիքներու բազմացման հետեւանքով։