Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան։ Ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս ան­սահ­ման հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած դէմք մըն էր Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս ու­նէր մեծ վարկ։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատրիարքարանի համալիրին մթնոլորտը առաւել խորհրդաւոր դարձաւ մեծ վարդապետի ներկայութեամբ:
Քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի ստեղծագործութիւնը կը ցոլացնէ պատկառելի կերպար մը, որու ձգողականութիւնը անգնահատելի արժէք կը ներակայացնէ՝ սերունդները մեր ժառանգութեան հաղորդ պահելու տեսանկիւնէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցշարքի կազմակերպչական թերութիւնները ամօթալի մակարդակի վրայ:
Երկու ասորի մարզիկներու մասնակցութեան բերումով յառաջացած խնդիրները անկառավարելի հունի մը մէջ մտան՝ կարգադիր յանձնախումբի անհեռատես ու սիրողական քայլերուն պատճառով: Թերթերն ու հեռուստակայաններն ալ արձագանգ կը հանդիսանան ցաւալի իրադարձութիւններուն, որոնք պատիւ չեն բերեր մեր համայնքին

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­մակ մը ու­ղար­կեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ անդ­րա­դար­ձաւ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման, ինչ որ հա­կազ­դե­ցու­թեան մեծ ա­լիք մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին հաս­ցէագ­րուած նա­մա­կին թրքե­րէն բնա­գի­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րին հի­ման վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­մէն Գէոր­գեան։ Ե­րէկ, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի վեր­նա­խա­ւին ներ­կա­յա­ցուց Ար­մէն Գէոր­գեա­նը։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը մեկ­նի՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կռփա­մար­տի եր­բեմ­նի աշ­խար­հահռ­չակ ա­խո­յեան Մու­համ­մէտ Ա­լիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հարկ է նշել, որ 74 տա­րե­կան հա­սա­կին մահ­կա­նա­ցուն կնքած հռչա­կա­ւոր մար­զի­կին կո­րուս­տը վեր­ջին օ­րե­րուն լայն ար­ձա­գանգ գտած է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ՝ խոր ցաւ պատ­ճա­ռե­լով հա­մայն մարդ­կու­թեան։ Մու­համ­մէտ Ա­լի ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր կը տա­ռա­պէր փար­քին­սո­նէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով կը դի­մագ­րա­ւէ հեր­թա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րը։ Այս խնդի­րը պատ­ճառ դար­ձած է, որ դար­ձեալ լա­րուա­ծու­թիւն մը յա­ռա­ջա­նայ երկ­րի մը հետ։ Այս ան­գամ բո­ղոք­նե­րու թի­րախն է Գեր­մա­նիան, ո­րու դէմ ծա­գած հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը կը տա­րա­ծո­ւի ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի վրայ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Չի­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին փոխ-վար­չա­պետ Ճան Կաո­լիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հիւր փոխ-վար­չա­պե­տը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ երկ­րի հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել ան­բա­ցատ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­լէ­պի մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը հրթի­ռա­կո­ծե­ցին հա­յաբ­նակ Նոր Գիւղ թա­ղա­մա­սի բան­ջա­րե­ղէ­նի շու­կան։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Հայաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հա­մա­ձայ­նած են այս ա­միս նոր հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Միջ­նորդ­նե­րը այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ ան­ցեալ շա­բաթ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րէն վերջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան դէ­պի Թեհ­րան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ՝ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճեւատ Զա­րի­ֆի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ձեռ­նար­կեց Թեհ­րա­նի իր ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան, իսկ այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ իր շփում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի. Հանրապեութեան նախագահը շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ հասցէին։
Ըստ Էրտողանի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց կատարած ցեղասպանութեան վկաները ի կեանս են։
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլուի մասնակցութեամբ Անգարայի մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ շրջանի քաղաքականութեան առընչութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ճատ­րա­կի խում­բը շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցաւ «Թե­րաք­քի» հիմ­նար­կի դպրոց­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քին։ Այս տա­րի 25-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը, ո­րու ար­դիւն­քին Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի խում­բը հանդի­սա­ցաւ ա­խո­յեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իր լայն ա­ռու­մով «բա­րե­կա­մու­թիւն» կը ստեղ­ծուի այն ա­տեն՝ երբ մէ­կը իր ինք­նա­մո­լու­թե­նէն եւ անձ­նա­սի­րու­թե­նէն կը պար­պուի եւ կը լե­ցուի դի­մա­ցի­նին ան­ձո­վը, կամ կը նոյ­նա­նայ ա­նոր հետ։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րու «ոս­կի կա­նոն»ն է՝ վա­րուիլ մէ­կու մը հետ այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ մարդ կ՚ու­զէ որ ու­րի­շը վա­րուի ի­րեն հետ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Կետիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի խանդավառ հանդէսը:
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան կարեւորեց կրթական կեանքի այս առաջին փուլը՝ ճիշդ դաստիարակութեան համար հիմքեր ստեղծելու տեսանկիւնէն:

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին ձօնուած ներ­կայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րը։ Այս տա­րի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած տա­րե­կան հա­ւա­քը ու­նե­ցաւ ար­տա­սո­վոր փայլ մը։ Տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէ­րի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը, ո­րուն տե­ւո­ղու­թեան Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­ներն ալ ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ յատ­կան­շա­կան օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը ան­ցաւ խրախ­ճան­քի մը մթնո­լոր­տով։ Զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս, ինչ որ ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում­ներ առ­թեց ի­րենց։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ ե­րե­կոյթ մը, որ 2015-2016 շրջա­նին կազ­մա­կեր­պուած գե­ղա­րուես­տի դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւնն էր։ Ա­նոնք ի­րենց յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներուն տարեկան հաւաքը հերթական անգամ առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ սաներու ոգեւոր համախմբման:
Բաժակի օրուան եռօրեայ բազմակողմանի ծրագիրը կը գործադրուի բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ՝ դպրոցի խոր աւանդութիւններու վերակենդանացումով:

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը կը ջանայ արդիւնաւէտօրէն արժեւորել Տատեանի նախկին շէնքը:
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողանի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափով հաւաքոյթ մը: Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր ընդգծեց ծախսերու անհամեմատ յաւելումը: Ժողովականները կոչ ուղղեցին՝ որպէսզի Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը հրաժարի քմահաճ նախընտրութիւններէ ու միջոցները բաժնէ արդարօրէն:

Էջեր