Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան Ան­գա­րա­յի կեդ­րո­նա­կա­յա­նին մէջ Րա­մա­զա­նի շրջա­նի երկ­րորդ օ­րը սար­քուե­ցաւ իֆ­թա­րի սե­ղան մը։ Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նաք, որ այս տնօ­րէ­նու­թեան գծով պա­տաս­խա­նա­տու է, մէկ­տե­ղուե­ցաւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան ամ­բողջ ղե­կա­վա­րու­թեան, պաշ­տօ­նէու­թեան եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեծ ե­ռու­զեռ կը տի­րէ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ներ­կայ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին։ Տղա­քը ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը կը ներ­կա­յաց­նեն տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի Ռա­մա­զա­նի սկիզ­բին առ­թիւ իֆ­թա­րի սե­ղան մը սար­քեց Օր­թա­գիւ­ղի մէջ, նա­ւա­մա­տոյ­ցի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Այս առ­թիւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տար հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սը։ Դպրո­ցէն ներս չոր­րորդ դա­սա­րա­նը կ՚ա­նուա­նուի «Մե­ղու­ներ» եւ ա­նոնք ար­դէն ա­ւար­տած են պար­տա­դիր կրթու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը։ «Մե­ղու­ներ»ու դէ­պի միջ­նա­կարգ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ նշուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

«The Wall Street Journal» հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­մե­րի­կեան թեր­թը վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցուց, թէ ՆԱ­ԹՕ կը ծրագ­րէ ստեղ­ծել լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մունք մը։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է դի­մադ­րել ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լի­քին, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ դիւ­րաց­նել լրա­քա­ղու­թեան տուեալ­նե­րու փո­խա­նա­կում­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րու Քրեմ­լի­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ կը խրա­խու­սէ Իս­րա­յէլ-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նա­խա­ձեռ­նած՝ Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու ար­շա­ւէն (#Help Artsakh) ցարդ գո­յա­ցած է 325.000 տո­լար գու­մար մը, մինչ դրա­մա­հա­ւա­քը եւ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը տեղ հասց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Սպա­նիոյ մէջ տե­ղա­կան խորհր­դա­րան­նե­րէն մէ­կուն մօտ ե­րէկ մեր­ժուե­ցաւ հայ­կա­կան բա­նա­ձեւ մը, ինչ որ այ­սօր լայն ար­ձա­գանգ գտած է Թուր­քիոյ մօտ։ Երկ­րի հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քի Կալ­ի­սիա­յի շրջա­նի խորհր­դա­րա­նը Ապ­րի­լի 25-ին օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած բա­նա­ձե­ւին շուրջ ե­րէկ քուէար­կու­թիւն կա­տա­րեց ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Կալ­ի­սիան Սպա­նիոյ 17 ինք­նա­վար շրջան­նե­րէն մին է։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

ՓՔՔ-ական ահաբեկիչ մը յարձակում գործեց Անվտանգութեան տնօրէնութեան շէնքին վրայ:
Երկու ոստիկան նահատակուեցաւ, երեք հայրենակից զոհուեցաւ, վիրաւորեալներուն թիւը՝ աւելի քան յիսուն:

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016

Սերժ Սարգսեան եւ Միլոշ Զեման երէկ Երեւանի մէջ ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Հայաստան-Չեխիա գործարար համաժողովին ընթացքին շօշափուեցան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Այս շրջագ­ծով, տաս­նե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լե­րէն սքրապ­լի մրցոյ­թը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

​Տուն վե­րա­դար­ձայ եր­կար օ­րուայ մը աշ­խա­տան­քէ ետք: Յոգ­նած էի: Զո­վա­ցու­ցիչ մը առ­նե­լով պատշ­գա­մը սո­վո­րա­կան բազ­կա­թո­ռիս վրայ նստայ, ձայ­նաս­փիւ­ռը միա­ցու­ցի եւ եր­կին­քի աստ­ղե­րը դի­տե­լով փոր­ձե­ցի հանգս­տա­նալ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած է Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած խմբա­վա­րա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 12-րդ ան­գամ։ Ձեռ­նար­կը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վստա­հու­թիւն»ը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ար­դա­րեւ մարդ պէ՛տք է վստա­հի, որ­պէս­զի գոր­ծէ, ա­պա­հով զգայ ինք­զինք եւ հե­ռա­նայ ա­մէն տե­սակ վա­խե­րէն՝ ո­րոնք կը դժուա­րաց­նեն կեան­քի ըն­թաց­քը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ABBA խումբին անդամները երեսունչորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք առաջին անգամ ելոյթ ունեցած են միասնաբար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեամբ «Արմ­ֆոն» հե­ռա­խօս­նե­րը ար­դէն հա­սա­նե­լի են հա­յաս­տան­ցի գնոր­դին: Հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեամբ ա­ռա­ջին smartphoneնե­րը, ըստ զայն ստեղ­ծող ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դի­րին, ո­րա­կեալ են եւ ո­չին­չով կը զի­ջին շու­կա­յին մէջ առ­կայ տար­բե­րակ­նե­րուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան ըն­թաց­քին ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Հայաստան-Չեխիա փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն:
Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ զինուորական հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորեց Միլոշ Զեմանը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի նախ­կին ան­դա­մու­հի­նե­րէն Փրլան­թի Սա­րա­ֆեան։ Իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս մեծ հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած տի­պար ըն­տա­նե­կան մայր մըն էր հան­գու­ցեա­լը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նկատի առնուեցան Վեզնեճիլէրի պայթումին բոլոր ծալքերը:

Էջեր