Արխիւ
Շաբաթավերջին Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը հանդէս եկաւ իսկապէս փայլուն ելոյթով մը։
Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ աւանդական արարողութիւններ:
Հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն նախագահեց ու քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն կը տեղեկանան մեզի.-
Գիտահետազօտական իր աշխատանքներու ընթացքին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Գրիգոր Եպկս. Չիֆթճեան յաջողեցաւ, Ս. Թադէի վանքի մօտակայքին, պատահաբար յայտնաբերել քարեղէն ոտք մը, որ բացայայտօրէն դարերու կնիքը կը կրէր իր վրայ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունիսի 8-ին լրացաւ 125-րդ տարելիցը հայու երգիծական հանճարը արժանաւորապէս մարմնաւորող անմահն Յակոբ Պարոնեանի վախճանումին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական եւ առհասարակ ազգային-կրօնական գրականութեան հիմքը դրուեցաւ այն օրուընէ, երբ 404 թուականին մեծահանճար Մաշտոցը հայկական տառերը գտաւ եւ առաջին հայ գիրքը գրուեցաւ։ Պատմական այս նշանաւոր անցքը մեծ ոգեւորութեամբ կը նկարագրեն հայ պատմիչները՝ ցոյց տալով այն մեծ ու բազմօգուտ բարիքները՝ որ հայ ժոողվուրդը այդ փոքր նշանախէցներէն ստացաւ։
ՆԱՍԱ-ի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելեան ափի Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Կիպրոսն ու Պաղեստինը ներառող շրջանին մէջ, 1998 թուականէն ի վեր սկիզբ առած անձրեւներու քանակի նուազումը ինն տասնամեակներէ ի վեր ամենէն վատն է:
Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը վերջերս սկսաւ մէկ ամսուան ուսումնամարզական հաւաքի մը՝ պատրաստուելու համար Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյենութեան:
Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքին մէջ, Յունիս 11-12-ի գիշերը, միասեռականներու յաճախած գիշերաբոյնի մը մէջ գործուած է ահաւոր ջարդ մը:
Եւրոպական երիտասարդական ֆորումի խորհուրդի անդամները վերջին օրերուն Երեւանի մէջ իրականացուցին իրենց հերթական հաւաքը։ Այս շրջագծով անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս կառոյցը Եւրոպայէ ներս երիտասարդական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան մեծ հարթակ մըն է։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ՝ Յուլիսի 3-30 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2016» ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ։
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել իր շարքերէն ներս պառակտումը:
Երեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած իրերայաջորդ համագումարները կ՚ապացուցանեն հարցերու խոր բնոյթը:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն ժողովը:
Նիքոլայ Պորտեուժայի խօսքերով, կառոյցը կը ձգտի վառ փուլի մէջ չէզոքացնել հակամարտութիւնները:
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող Չորեքշաբթի երեկոյեան մինչ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու իր գլխաւորած կառավարութեան Մոսկուա տուած այցին «պտուղները» պիտի ներկայացնէր, անդին երկու պաղեստինցիներ Թել Աւիւի Շըրոնա շրջանին մէջ ահաբեկչական արարք մը կը գործէին: Անոնք իսրայէլացի քաղաքացիներու հագուկապով կը մտնէին առեւտրական կեդրոնի մէջ եղող ճաշարան մը եւ ուտելիք պատուիրելէ ետք կրակ կը բանային այնտեղ եղողներուն ուղղութեամբ:
Գալֆաեան Տան աւարտական դասարանի աշակերտներուն տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան, մինչ աւարտական դասարանի աշակերտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ կ՚առնեն իրենց վարժարանէն։
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան Հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:
Սրբոց Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց ու մանկապատանեկան կազմերուն փայլուն համերգը:
Նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն յաջող ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին երաժշտասէրներուն մօտ: Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յանձնեց գնահատագրեր:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Վերջերս հրապարակ իջած է հեռատեսիլի զանգուածային գովազդ մը, ըստ որուն յայտնի դերասաններ կը հրաւիրեն թոշակառուները օգտուելու այդ բացառիկ առիթէն։
Նորութիւններու ակնառու լուսաբանման՝ «Կարճ վաւերագրական նիւթ/ֆիլմ» անուանակարգին մէջ Ամերիկեան ազգային հեռուստատեսային ակադեմիոյ՝ «Նոր Անգլիա Էմմի» մրցանակը (New England Emmy Awards - Outstanding News Report - Serious Feature) վերջերս շնորհուած է 25-ամեայ Անոյշ Էլպաքեանին: Ան նախապէս ստացած է երկու այլ հեղինակաւոր մրցանակ եւս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն առիթով կը կրկնենք, թէ՝ կեանքը, մշտատեւ պայքա՛ր մըն է եւ կեանքը ապրիլ՝ քաջութիւն կը պահանջէ։ Եւ դարձեալ այս մասին յաճախ կը յիշենք Յիսուսի խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
