Արխիւ
Պիլեֆելտի մէջ բացուած ցուցահանդէսով մը կը ներկայացուի հայկական ճարտարապետութիւնը:
Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան մասնակցեցաւ ձեռնարկներու բացման:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ կրկնեց իր դիրքորոշումը այն մասին, թէ դէմ է Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Վարչապետը այս մասին յայտնեց գերմանական ARD հեռատեսիլի կայանին մէջ սփռուած հաղորդման մը միջոցին, պատասխանելով Աննէ Վիլի հարցումին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Վարդանանց ասպետներ» բարեգործական կազմակերպութեան անդամները։ Հանդիպման ժամանակ հիւրերը Նորին Սրբութեան ներկայացուցին Սփիւռքի մէջ ծաւալած իրենց գործունէութիւնը՝ ուղղուած Սփիւռքի հայկական դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու աջակցութեան։
Յառաջիկայ Կիրակի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կայանան թաղի աւանդական մատաղօրհնութեան հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները, որոնց պիտի նախագահէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Իզապելլա Եայլեան նուաճեց Եւրոպայի ծանրամարտի կանանց մինչեւ քսան տարեկաններու առաջնութեան երկամարտի ոսկէ մետայլը։
Սպայակոյտի ընդհանուր նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին։
Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ճարտարապետներու համահայկական երրորդ համաժողովը, որ կազմակերպուած է Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Քաղաքաշինութեան նախարարութեան, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան եւ Ճարտարապետներու միութեան աջակցութեամբ՝ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու շրջագծով։
«Ակօս»ի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ ընթացող հարցաքննութիւնը թեւակոխեց նոր փուլ մը։ Նորայայտ փաստերու հիման վրայ կատարուած գործողութեան արդիւնքին ձերբակալման որոշում տրուեցաւ ինն հոգիի մասին, որոնց շարքին են նաեւ Իսթանպուլի եւ Թրապզոնի հետախուզութեան նախկին տնօրէնները։
Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը կ՚այցելէ Երեւան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Էնն Վիթքովսքիի հետ:
Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան առկայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ժապաւէն մը:
«Վերսուս սթուտիա»ի կողմէ Պատմութեան հիմնարկին համագործակցութեամբ պատրաստուած փաստավաւերագրական գործը արժանացաւ հետաքրքիրներու ուշադրութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց վերջնական նպատկն է՝ ընկերութեան մէջ արժանաւոր ըլլալ, արժանաւոր կերպով ապրիլ եւ այդպէս յիշուիլ։ Ո՜վ չ՚ուզեր արժանաւոր ըլլալ, յիշուիլ, յարգ ու պատիւ վայելել, նոյնիսկ ամենէն համեստ մարդն իսկ ունի այդ փափաքը, քանի որ մարդկային բնական զգացում մըն է ան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբերի վերջին օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան 20-րդ դարու լուսաւոր դէմքերէն՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինի (1919-1998)։ Մարդ էակին նկատմամբ անկեղծ ու անհուն սէրը, իր ժամանակաշրջանն ու Դարու Ոգին հայօրէն երգելու ներքին հուրը եւ կեանքն ու աշխարհը իր ողջ բջիջներով շնչաւորելու անսանձ կիրքը եղան վարար աղբիւրը Գէորգ Էմինի բանաստեղծութեան:
Քրիսթաֆըր Չէյմպըրզ, որուն բեմադրած «Արամ, Արամ» ֆիլմը ցուցադուեցաւ այս տարուան Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին, կը յայտնէ, թէ ֆիլմը պատմութիւնն է տասներկու տարեկան Արամին, որ Պէյրութէն գաղթելով՝ կը հաստատուի Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանը ապրող իր մեծհօր մօտ, դիմագրաւելով նոր միջավայրին ընտելանալու դժուարութիւնները:
Արեւմտահայ գրականութեան յառաջատար անուններէն Զապէլ Եսայեանի «Մելիհա Նուրի հանըմ» նորավէպը հրատարակուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ։ Գիրքը հայերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու։ Եսայեան իր այս նորավէպին մէջ կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ Չանաքքալէի պատերազմի օրերուն կը տարուբերի երկու տղամարդու հանդէպ ապրած իր զգացումներու միջեւ։
«Տը Թելեկրաֆ» թերթը հրապարակեց աշխարհի ամենէն գեղեցիկ եկեղեցիներուն ցանկը։ Քսաներեք եկեղեցիներու շարքին մէջ է նաեւ Իրանի մէջ գտնուող Սպահանի Ս. Բեթղեհէմ հայկական եկեղեցին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
«Չարտասանուած Նոպէլեան ճառեր». այսպէս կը կոչուի հաղորդավար, բեմադրիչ, բեմագիր Արթուր Բախտամեանի ֆիլմաշարը, որ կը ներկայացնէ արեւմտահայ նահատակ չորս մտաւորականներու՝ Գրիգոր Զօհրապի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Ռուբէն Սեւակի ենթադրեալ Նոպէլեան ճառերը՝ հեղինակներու կենսագրական եւ ստեղծագործական փաստերու, անոնց ապրած ժամանակի, իղձերու ու հիասթափութիւններու ճշգրիտ վաւերական հիմքերով։
Հայաստանի Ազգային ժողովը տուաւ իր համաձայնութիւնը, որպէսզի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը դրուի հանրաքուէի։ Նախագծին կողմ քուէարկեցին 104, դէմ՝ 10 եւ ձեռնպահ՝ 3 պատգամաւորներ։
Պալեան գերդաստանին պատկանող արխիւային նիւթերը Երեւանի մէջ:
Ճարտարապետներու միջազգային օրը նշանաւորուեցաւ այս կարեւոր իրադարձութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Շատ մը դէտեր կը խօսին Սուրիոյ մասնատման մասին: Յատկապէս նոր համակարգ մը ստեղծելու մասին, որուն մէջ Դամասկոսը, Թարթուսը, Լաթաքիան կը գրաւեն հիմնական տեղ: