Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Ա­շա­կերտ­ներն ու դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը այս առ­թիւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ նշե­ցին սոյն խորհրդան­շա­կան օ­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

​ՆՇԱՆ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ(*)

Նո­յեմ­բեր 30-էն մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր 11, Փա­րի­զի մօ­տա­կայ Լը Պուր­ժէի (93 Le Bourget) մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու յատ­կա­ցուած 21-րդ ժո­ղո­վը՝ COP-21, որ կը վա­յե­լէ ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան «Սիւ­րէ­յեա» օ­փե­րա­յին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լուի ԺԴ. Իս­թան­պու­լի մէջ» խո­րագ­րեալ պա­րոք հա­մերգ մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը այն­պի­սի ըն­թաց­քով մը կը խո­րա­նայ, որ հա­մայն աշ­խար­հի տե­սան­կիւնէն կը վե­րա­ծուի լուրջ սպառ­նա­լի­քի մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ը­սինք որ դրա­մը մո­գա­կան զօ­րու­թիւն մը ու­նի, ո՛ւժ մըն է ան՝ ո­րուն առ­ջեւ յա­ճախ կը լու­ծուին, կը տկա­րա­նան օ­րէնք՝ սկզբունք՝ հա­մո­զում՝ հա­ւատք՝ պար­կեշ­տու­թիւն՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն, եւ ազ­նուու­թիւն՝ բո­լո­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան այս ա­ռա­ւօտ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը դի­մա­ւո­րեց Սեր­պիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Պրա­­թիս­լաւ Կա­շի­չը, որ պաշ­­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

Տա­րե­մու­տին Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը դա­ժա­նօ­րէն սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի գոր­ծին թղթած­րա­րը ու­ղար­կուե­ցաւ դա­տա­րան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

​Սուրիոյ տագնապը օրէ օր կը ճիւղաւորուի՝ տարածքաշրջանէն ներս յառաջացնելով նոր լարուածութիւններ, որոնք չեն նպաստեր ահաբեկչութեան յաղթահարման:
Թուրքիա-Ռուսաստան փոխյարաբերութիւններուն մէջ երէկ ապրուած ահազանգային իրադարձութիւններով յանկարծ փոխուեցաւ միջազգային կլիման:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ռուսական ռազմաօդանաւի ռմբահարումէն վերջ ստեղծուեցաւ աննախընթաց կացութիւն մը. Սէրկէյ Լաւրովի այցը ջնջուած:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015

​Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ վաւերացուց 64-րդ նախարարաց խորհուրդին կազմը:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ գլխաւորուած դահլիճը կը բաղկանայ քսանեօթը հոգիէ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Ան­նա Գէոր­գեա­նի մաս­նա­ւոր թղթակ­­ցու­թիւ­նը Ֆրանք­ֆուր­թէն.-

Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ա­ռաս­պե­լա­կան վար­պետ­նե­րէն, աշ­խար­հահռ­չակ եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ռար­կայ դար­ձաւ գեր­մա­նա­ցի ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ջերմ հա­մակ­րան­քին։ Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի, Ֆրանք­ֆուր­թի շրջա­նէն ներս իր գոր­ծե­րը նուա­գուե­ցան հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին, Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Գար­թա­լի Ս. Նշան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Կիրա­կի Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին ուրա­րա­կիր Ա­րա Էօզ­կիւն­տիւզ եւ այլ դպիր­ներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ ըն­դու­նեց Ալ­թը­մէր­մէ­րի Գլխա­դիր Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը, ո­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն հետ էր նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

«Է­րաս­մուս+» նա­խա­գի­ծը, որ եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ի գործ կը դրուի Եւ­րո­միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, հեր­թա­կան ձեռ­նար­կը ի­րա­կա­նա­ցուց Ֆրան­սա­յի Պոր­տօ քա­ղա­քին մէջ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ կռփա­մարտ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան դա­սա­ւոր­ման մէջ WBO վար­կա­ծով աշխար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ շա­բա­թա­վեր­ջին յա­ջո­ղե­ցաւ պահպա­նել իր տիտ­ղո­սը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Ազգ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Սո­ֆիա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ման­կա­կան Եւ­րո­տե­սիլ-2015» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցուց Մի­քա­յէլ Վա­րո­սեան, որ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած «Love» ա­նուն եր­գով նուա­ճեց երկ­րորդ տե­ղը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

​Տատեան վրժ.ի նոր համալիրին բացումը լաւատեսութեան առիթ հանդիսացաւ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միասնականութեան կոչը բիւրեղացաւ կարեւոր նուաճումի պատկերին վրայ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

​Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի վերատեսուչն ու տեղակալը պիտի այցելեն քաղաքս:
Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երկօրեայ խտացեալ ծրագրով մը շփումներ պիտի ունենան թրքահայ համայնքային շրջանակներուն հետ: Տեսակցութիւն մըն ալ նախատեսուած է Թուրքիոյ կարգ մը յառաջատար համալսարաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, գործակցութեան հեռանկարով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015

Արցախի պատմական Գանձասարի վանքի համալիրէն ներս նորահաստատ մատենադարան:
Գիտամշակութային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սերժ Սարգսեան:

Էջեր