Արխիւ
Մասնակցութեամբ 35 երկիրներէ 280 հեծելանւորդներու, երէկ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մերձակայքը գտնուող Սենթ Քանթէն Ան Իվելին քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի հեծելարշաւի ախոյենութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովին ջանքերով՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»ին անդամակցած են Հայաստանի չորս քաղաքներ՝ Սիսիան, Սեւան, Դիլիջան եւ Կիւմրի:
Դէպի Հոլանտա աշխատանքային այցելութեան շրջագծով՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մաասթրիխթի մէջ մասնակցեցակ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին։ ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզըֆ Տոլի կողմէ գլխաւորուած հաւաքին ներկայ էին նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի անդամ Տոնալտ Թուսք, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներէն ԵԺԿ-ի անդամ կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարեց, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի շրջագծով շատ ամուր է գործընկերութիւնը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միչեւ։ Փենթակոնի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քարթըր յայտնեց, որ սահմանային շրջաններու անվտանգութեան երաշխաւորման համար յաջող աշխատանք կը տանին թրքական կողմին հետ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Հայստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրագէտ ու գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» խորագրեալ գրքին ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ ռմբակոծումներ կատարեցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, թրքական ռազմաօդանաւերը Աւաշին-Պասեան շրջանէն ներս ազդու հարուածներ տուին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Տ. Սամուէլ Աբեղայ Մխիթարեան եւ Տ. Սիփան Աբեղայ Գէորգեան նախընթաց օր, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ ստացան մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ Տուչութիւնը կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Հարկ է նշել, որ նոր վարդապետները բոլորովին վերջերս պաշտպանած էին իրենց թեզերը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսանկար մը կայ, որ վերջին շրջանին հրապարակուելով, սիրելի դարձած է շատերուն: Շամիրամ Սեւակն է լուսանկարին մէջ՝ խնամուած, ազնուական դիմագիծով, սպիտակահեր հայուհին, որ լուսանկարին մէջ ինքն ալ ձեռքը արծաթագոյն շրջանակով լուսանկար մը բռնած է: Այդ մէկը լուսանկարուած է մէկ-երկու տարի առաջ՝ Ֆրանսա, Նիս: Սեւ-ճերմակ այդ լուսանկարը մեծ դեր ունեցած է Շամիրամ Սեւակի կեանքին մէջ: Լուսանկարը կը պատկերէ երկու անձինք՝ Ռուբէն Սեւակն ու գերմանուհի կինը՝ Ճենի Ափփելը: Շամիրամ Սեւակի ծնողքն է, նահատակ գրող՝ Ռուբէն Սեւակն ու անոր հաւատարիմ կողակիցը՝ Ճենի Ափփելը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ ընդունուած սովորութիւն էր, որ աղջիկներ 17-18 տարեկանին ամուսնանային եւ ընտանիք կազմէին։ Անշուշտ իրենց ամուսինները տարիքով աւելի մեծ կ՚ըլլային, քանի անոնք պէտք էր նախ գործ մը ունենային՝ որ բաւարար եկամուտ հայթայթէին ընտանիքի մը ապրուստը կարենալ հոգալու համար։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Հարսի հագուստին տեղը ազատ ձգեցէք, շատ մի՛ խճողէք: Աջին՝ շուքի գործը, իսկ ձախին նշանտուքի հագուստը թող ըլլայ, որուն կողքին նախ տղու տունին նուիրած գիշերային հագուստները կը շարէք, ապա ձեր գնածները, այսպէս է կարգը,- Կը յորդորէր Գայիանէ մօրաքոյրը, որ երեք աղջիկ կարգած էր եւ հմուտ դարձած՝ օժիտ փռելու արարողութեանց:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս ինքնակեդրոն մարդոց մէջ տեսնուած անբնական երեւոյթ մը՝ զարտողութիւն մըն է՝ «ինքզինք համարել չփոխանակուող արժէք», կարծելով, թէ՝ ո՛չ ոք կրնայ կատարել իրենց կատարած գործը։ Աւելի ժողովրդական խօսքով՝ «ո՛չ ոք կրնայ լեցնել իրենց տեղը», կը կարծեն այդ անձերը։ Եւ այդպիսիներ, նախ իրենց ընտանիքին, յետոյ ընկերութեան եթէ ո՛չ վնաս, բայց որեւէ օգուտ չե՛ն պատճառեր։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ Արթուր Պետրոսեան, որ մօտաւոր անցեալի յայտնի խաղացողներէն մին է։
«Արեւելք» կայքէջ.-
Գերմանիայէն երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներ այցելեյին Երուսաղէմ, Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը։
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է Դեկտեմբերին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Հոլանտա։
Այս առաւօտ Երեւանի մէջ սկսաւ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։
Ֆութպոլի հայազգի անցեալի նախկին աստղ, մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Նիքիթա Սիմոնեան իր ծննդեան 90-ամեակին օրը դարձաւ Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2018 թուականի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքի դեսպան: Ան իր յուշա-վըկայագիրը ստացաւ Ռուսաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
Ցաւով տեղեկացանք, որ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ երէց սերունդի գրողներէն Մովսէս Պըչաքճեան։ Վերջին շաբաթներուն ան ունեցած է առողջական վերիվայրումներ, որոնց հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն դժբախտաբար իրեն մատուցուած խնամքը մնացած է անբաւարար։