Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ե­րեք­շաբ­թի, 22 Մարտ 2016-ին, «Եւ­րո­պա­յի սիր­տը»ը հա­մա­րուող Պրիւք­սէ­լը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը սպա­սե­լի էր: Տասն օր ա­ռաջ Սա­լահ Ապ­տըլ Սա­լա­մը ձեր­բա­կա­լած Պել­ժի­ո­յ ա­պա­հո­վա­կան ու­ժեր ձա­խո­ղե­ցան եր­կի­րը անվ­տանգ պա­հե­լու ի­րենց վստա­հուած գոր­ծին մէջ:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան այ­սօր կը մեկ­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր պի­տի մնայ շուրջ շա­բաթ մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան յանձ­նա­խում­բի նիս­տին ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ս. Զատ­կի ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի։ Հարկ է նշել, որ տա­ղա­ւա­րի նա­խոր­դող օ­րե­րուն լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած էին լսում­ներ եւ պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու թի­րախ պի­տի դառ­նա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց սրբա­վայ­րե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

​Թրքահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ եղբայրական սիրոյ վերանորոգման:
Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Յի­սուս սոսկ պատ­մա­կան դէմք մը չէ, այլ ան­ժա­մա­նակ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ յա­րա­կեն­դան եւ գոր­ծօն անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը։ Ան «կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ Որ­դին»՝ Ինք կեն­դա­նի Աս­տուած է։ Յի­սուս հաս­տա­տեց այս ճշմար­տու­թիւ­նը.

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

​«Այլ շնորհք Աս­տու­ծոյ, որ ետ մեզ զյաղ­թու­թիւն ի ձեռն
Տեառն մե­րոյ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։

 

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Ս. Յա-րութեան տօնին առթիւ։ 

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։ 
«Յա­րեար ի մե­ռե­լոց Քրիս­տոս,
Այ­սօր զդոժխս ա­ւե­րեալ,
Եւ կեն­դա­նու­թիւն պար­գե­ւե­ցեր
Ա­րա­րա­ծոց քո­յով յա­րու­թեամբդ»
(Շա­րա­կան)։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

«Առ մեզ ագիր. զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս» (Ղուկաս, 24.29)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վերջ­նա­կան նպա­տա­կը եւ գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան եր­կա­րա­տեւ լու­ծու­մը։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Այ­սօր կէս գի­շե­րին պի­տի սկսի ամ­րան ժա­մու դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Ժա­մը՝ 03.00-ին ժա­մա­ցոյց­նե­րը պի­տի առնուին ժամ մը ա­ռաջ։ Ու­ժա­նիւ­թի խնա­յո­ղու­թեան հա­մար կը կա­տա­րուի այս կար­գադ­րու­թիւ­նը, Նախարարաց խորհուրդի որոշման հիման վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Տա­ղա­ւա­րի օր մը դար­ձեալ... Սուրբ Զա­տի­կը կը թա­կէ մեր դռնե­րը։ Հա­յաս­տե­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կուած է՝ հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­մայն քրիո­տո­նեայ աշ­խար­հը տօ­նա­կան ցնծու­թեան մէջ է, իսկ այդ ու­րա­խու­թեան մէջ ան­պա­կաս՝ խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թան­քը հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զատ­կի տօ­նի առ­թիւ սո­վո­րու­թիւն է եւ ժո­ղովր­դա­կան-մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն՝ հաւ­կիթ ներ­կե­լը, ձուա­խա­ղը կամ հաւ­կիթ­ներ ի­րար զար­նե­լով մրցե­լու սո­վո­րոյ­թը։ Ար­դա­րեւ Զատ­կի տօ­նը եւ հաւ­կի­թը կար­ծես նոյ­նա­ցած է թէ՛ ըն­կե­րա­յին եւ թէ ըն­տա­նե­կան կեան­քէն ներս եւ այս սո­վո­րու­թիւ­նը, սե­րուն­դէ սե­րունդ շա­րու­նա­կուե­լով «ա­ւան­դու­թեան» ար­ժէք է ստա­ցած։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

- Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րը ոչն­չա­ցու­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան 11 թի­րախ­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

29 Մար­տին, Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի ա­նուան հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տան-Դա­նիա մրցու­մը, որ կը գտնուի Եւ­րո­պա­յի քսան­մէկ տա­րե­կա­նէն վար 2017-ի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցա­շար­քի ծի­րին մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ԱՅ­ՏԱ ՄԱՀ­ՍԵ­ՐԷ­ՃԵԱՆ-ՍՐԱ­ՊՈ­ՆԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեալ ու­նի մօ­տե­ցու­մի ձեւ մը առ Աս­տուած: Ո­մանք ա­ռանձ­նա­նա­լով կը ջա­նան կեդ­րո­նա­նալ ու խո­կալ, ո­մանք ալ ար­տա­սա­նու­թեան ձե­ւով կը կրկնեն այն, ինչ որ սոր­ված են ի­րենց մե­ծե­րէն, յա­ճախ չհասկ­նա­լով ի­մաս­տը ի­րենց ը­սա­ծին:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ար­ցախ այ­ցե­լող օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը տա­րե­կան 30-40 տո­կո­սով աճ ար­ձա­նագ­րած է։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայն, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յայտ­նած է Ար­ցա­խի Տնտե­սու­թեան փոխ-­նա­խա­րար Սէր­կէյ Շահ­վեր­տեան։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­հը՝ կեան­քին ան­խու­սա­փե­լի վախ­ճանն է։ Մա­հուան քրիս­տո­նեայ ի­մաս­տը կը յայտ­նուի Քրիս­տո­սի մա­հուան եւ յա­րու­թեան «Զատ­կա­կան խոր­հուրդ»ին լոյ­սին մէջ, այն Քրիս­տո­սին՝ ո­րուն վրայ դրուած է մար­դուս միա՛կ յոյ­սը։ Քրիս­տո­նեան որ կը վախ­ճա­նի ի Քրիս­տոս Յի­սուս, «կը թո­ղու այս մար­մի­նը եւ կ՚եր­թայ բնա­կե­լու Տի­րոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Շա­հէն Ա­ւա­գեան, Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Զուի­ցե­րիոյ դես­պան Լու­քաս Կաս­սէր ե­րէկ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լու­քաս Կաս­սէր Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րու նա­խա­գահն է։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ յայտնի իրաւաբանը մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պետական լրջագոյն վերաբերմունք:
Անթիլիասի կողմէ սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար բացուած դատին շրջագծով՝ սահմանադրական ատեանը հարցը յանձնած Է Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման:
Ըստ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի, մինչեւ աշուն կրնայ արձակուիլ վճիռը: Չի բացառուիր, որ բարձրագոյն դատարանը յարմար նկատէ առաջին օղակներէն սկսեալ այս թղթածրարին քննարկումը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս զգայացունց իրերայաջորդ իրադարձութիւններ, որոնք հանրային կարծիքին մօտ ծնունդ կու տան հարցականներու։
Տ. Արիս Արքեպիսկոպոս Շիրվանեան հրաժարեցաւ։
Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան Տնօրէն ժողովին կողմէ նշանակուեցաւ՝ դիւանապետ ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ։

Էջեր