Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն յօ­րի­նող­նե­րէն մէկն է Տիգ­րան Ման­սու­րեան, ո­րու գոր­ծե­րէն մին նա­խըն­թաց օր ա­ռա­ջին ան­գամ ունկնդ­րի դա­տին յանձ­նուե­ցաւ Պոլ­սոյ ե­րաժշտա­կան փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով։ Մեծ ե­ղեռ­նի բիւ­րա­ւոր զո­հե­րը ո­գե­կո­չե­լու նպա­տա­կով փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ İKSV ող­ջու­նե­լի քայլ մը ա­ռած էր՝ ե­րաժշ­տու­թիւն պա­տուի­րե­լով Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նին։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Իգ­դի­րի Թուզ­լու­ճա գա­ւա­ռա­կին մէջ յայտ­նա­բե­րուե­ցաւ հայ­կա­կան պատ­մա­կան խաչ­քար մը։ Պատ­մա­կան Կողբ շրջա­նին հա­մա­պա­տաս­խա­նող այս վայ­րին մէջ յայտ­նա­բե­րուած խաչ­քա­րը կը պատ­կա­նի 13-14-րդ դա­րե­րուն։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գո­հու­թիւն» իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ մա­տու­ցուած շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ ո­րե­ւէ բա­րի­քի մը կամ ըն­ծա­յի մը փո­խա­րէն։ Կեր­պով մը, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն է ան, եւ նաեւ գո­հու­թիւն մա­տու­ցա­նո­ղին այդ ըն­ծա­յէն օգ­տա­կա­րու­թիւն մը քա­ղած ըլ­լա­լը ցոյց կու տայ։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Ե­րեք օր շա­րու­նակ Մար­սէյ­լի մէջ պի­տի ցու­ցադ­րուին հայ դա­սա­կան եւ ար­դի նկա­րիչ­նե­րու քա­նի մը տաս­նեակ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ֆրան­սա­ցի այ­ցե­լուին պի­տի պատ­մեն Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մա­սին:

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, թէ «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի» եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) նա­խա­գի­ծե­րու կա­պակց­ման աշ­խա­տան­քը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու շա­հե­րուն։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Ե­թով­պիոյ հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար Վարդ­գէս Նալ­պան­տեան եւ իր դուստ­րը՝ ի­րա­ւա­բան Գա­յիա­նէ Է­լիզ Նալ­պան­տեան այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցան փոխ-նա­խա­րար Վա­հագն Մե­լի­քեա­նի հետ։ Վեր­ջինս կա­րե­ւո­րեց Ե­թով­պիոյ հայ հա­մայն­քին հետ սերտ կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման, հա­մայն­քի պատ­մու­թեան ու ներ­կայ խնդիր­նե­րուն ի­րա­զեկ ըլ­լա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Ա­մե­րի­կաբ­նակ ար­ձա­կա­գիր Ա­լին Յով­հան­նէ­սեա­նի «Օր­հա­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը» վէ­պը կ՚ար­ժա­նա­նայ բարձր գնա­հա­տան­քի։ Այս­պէս, «Ա­մա­զոն» առ­ցանց գրա­խա­նու­թը վէ­պը ճանչ­ցաւ Ապ­րիլ ամ­սուան լա­ւա­գոյն գիր­քը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Նոր­վե­կիոյ Հել­սին­քեան կո­մի­տէի հա­ւատ­քի ա­զա­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ կա­տա­րուած յան­ձա­կու­մը եւ կոչ ուղ­ղեց պատ­կան մար­մին­նե­րուն, որ­պէս­զի մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կեն պաշ­տա­մուն­քի վայ­րերն ու հա­ւատ­քի վե­րա­բե­րեալ այլ վայ­րե­րը պահ­պա­նե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այս շրջա­նին դես­պան­ներ չու­նի Վա­տի­կա­նի, Լիւք­սեմ­պուր­կի, Աւստ­րիոյ եւ Պրա­զի­լիոյ մէջ. այս եր­կիր­նե­րու օ­րէնս­դիր մար­մին­ներ­րը վեր­ջին շրջա­նին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը եւ հե­տե­ւա­բար ար­ժա­նա­ցած՝ կա­ռա­վա­րու­թեան բո­ղո­քին։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքին խորհրդարան մուտք գործած Տողանէն ու Փայլանէն յայտարարութիւններ:
ՃՀՓ-ի եւ ՀՏՓ-ի հայ պատգամաւորները իրենց գործունէութեան առանցքին կը նկատեն Թուրքիա-Հայաստան կապերն ու թրքահայ համայնքի խնդիրները:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Եւրոպական խորհրդարանը 432 կողմ եւ 94 դէմ քուէով ընդունեց Թուրքիոյ վերաբերեալ ամենամեայ զեկոյցը:
Եւրոպական միութեան նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնեց, թէ ետ պիտի վերադարձնեն փաստաթուղթը՝ 1915-ին կատարուած յղումին պատճառով:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, Նալ­պան­տեան-Ո­ւոր­լիք հան­դի­պու­մը տե­ւեց ըն­դա­մէ­նը հինգ վայր­կեան, սա­կայն ա­նոնք դուրս ե­լան միա­սին՝ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի ու­ղեկ­ցու­թեամբ եւ հե­ռա­ցան ինք­նա­շար­ժով։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ Ենիգիւղի յունաց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շահեկան նախագիծը:
«Քոնտա»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզը ի յայտ կը բերէ ընկերային ցանցերու հետ փոքրամասնութեանց կապը:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի հնգօրեայ ժողովը կը շարունակուի:
Ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Օլաւ Թուէյթ ու իր ընկերակիցները փափկավարական այց մը տուին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն ման­կանց երգ­չա­խում­բի ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մը ե­րէկ հա­մերգ մը սար­քեց  Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան շար­քե­րուն տեղ գրա­ւած էին թա­ղին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր ու իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, վաս­տա­կա­շատ կրթա­կան մշակ Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ խան­դա­վառ օր մը։ Ու­սում­նա­կան տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս յա­նուն վար­ժա­րա­նի մրցանք­նե­րու մաս­նակ­ցած եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նուա­ճած պա­տա­նի­նե­րը ներ­կա­յա­ցան Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ ան­գամ մը եւս խլե­ցին ա­նոնց ծա­փե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը։ Ներ­կայ էին վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հայկ Աս­լա­նեան, տեղ­ւոյն Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րէն Մա­րի Նալ­ճը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­ներ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ող­ջու­նե­լու շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի գեղարուեստական աշխարհի պոլսահայութեան համար ամենայայտնի ու համակրելի անուններէն մին՝ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեան:
Վրձինի յայտնի վարպետը Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բանալով ներաշխարհին դռները:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս բա­րու­թեան ըմբռ­նու­մը պայ­մա­նա­ւոր է, իսկ բա­րիի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը՝ յա­րա­բե­րա­կա՛ն։ Մարդ՝ ըստ պա­րա­գա­նե­րու պա­հաջ­քին՝ եր­բեմն «բա­րի» է եւ եր­բեմն ալ՝ «չար»։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

ՀՏՓ­-ի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց գծով փոխ-նա­խա­գահ եւ Վա­նի ե­րես­փո­խան Նազ­մի Կիւր հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ռու­սա­կան «Ռիա Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Կիւր յայ­տա­րա­րեց, որ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը կողմ է Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման եւ սահ­մա­նի բաց­ման։ Ան նաեւ նշեց, որ ՀՏՓ կը փա&sh

Էջեր